Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար կ՛ընդգծէ, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը լուրջ է, եւ անհրաժեշտ է հրատապ լուծումներ գտնել: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Քլաար այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Վերադարձ Երեւան` միօրեայ հանդիպումներու համար: Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը լուրջ է, եւ անհրաժեշտ է հրատապ լուծումներ գտնել: Անհամբեր կը սպասեմ յառաջ շարժելու ճամբաներ գտնելուն ուղղուած քննարկումներուն: Եւրոպական Միութեան նպատակը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ կարգաւորումը», գրած է Քլաար:
Ան Հայաստան հասնելէ ետք հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Անտրէա Վիքթորին:
Քլաար մտահոգութիւն յայտնած է Բերձորի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ, եւ կողմերը քննարկած են շրջանային վերջին զարգացումները:
Զրուցակիցները յոյս յայտնած են, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու յանձնախումբի նիստին որոշում պիտի տրուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքային դէտերու նոր առաքելութիւն իրականացնելու վերաբերեալ:


