Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 13, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի զարմանք յայտնեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան կողմէ մսխուած 11 միլիառ տոլարի թղթածրարին շուրջ այսպէս կոչուած «համաձայնութեան» մը մերժումին գծով` նկատել տալով, որ տակաւին այդ գծով ոչ մէկ «համաձայնութիւն» առաջարկուած է: Պըրրի խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը հրաւիրեց յառաջիկայ 15 մարտին:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ մսխուած 11 միլիառ տոլարի թղթածրարը յառաջիկայ չորեքշաբթի օր գումարուելիք կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի չքննարկուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ մսխուած 11 միլիառ տոլարի թղթածրարին ծրագիրը արդէն իսկ պատրաստ է, «սակայն այդ մասին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ տակաւին ոչ մէկ կեցուածք յայտնած է», աւելցուց ան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք Հըզպալլայի հետ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը ստորագրելու համաձայն են, պայմանաւ որ այդ համաձայնագիրին մէջ նշուի, թէ հաստատութիւններն են միայն, որոնք կը պաշտպանեն բոլորը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջանի Քֆարքիլա գիւղաքաղաքին մօտակայքը յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան ընթացքին  իսրայէլեան ուժերը պիտի սկսին հիւսել սահմանային պատ մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ համախմբումը կառավարութիւնը բաղկացնող հիմնական տարր է եւ իրաւունք ունի պետական նշանակումներուն հարցին մէջ ունենալու իր կեցուածքները:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան գործադիր մարմինի անդամ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ պիտի այցելէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ պիտի քննարկէ Լիբանանի պատմութեան գիրքին վերաբերող հարցեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը չեն փափաքիր խախտել պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս հաստատեց, որ անհրաժեշտ է խիստ միջոցառումներու դիմել` երկրին ապահովութեան եւ քաղաքացիներուն առողջապահութեան վնասող արարքներ գործողներուն դէմ:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, պետական նշանակումներուն գծով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ վերջնական համաձայնութիւն չէ գոյացած:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի կոչ ուղղեց, որ կառավարութիւնը թափ տայ իր աշխատանքներուն եւ յաւելեալ նուաճումներ արձանագրէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ սուրիացի ժողովուրդին դէմ ոճիրներ գործողը ան է, որ կը զինէ եւ կը կաշառէ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը` Սուրիան մասնատելու համար:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը Իսրայէլէն Բնական Կազի` Թուրքիոյ Ճամբով Եւրոպա Տարանցումը Կը Կապէ Իսրայէլի Կողմէ Ներում Հայցելու Հարցին

Յաջորդը

«Պիտի Չվարանինք Շրջանին Մէջ Ամերիկեան-Իսրայէլեան Շահերը Հարուածելէ, Եթէ Մեր Դէմ Յարձակում Գործուի» Յայտնեց Ղատանֆար Ապատի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.