Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի կը վերահաստատէ, որ Հայաստանի անվտանգութիւնը Իրանի անվտանգութիւնն է: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով ան այս մասին յայտարարած է Սիւնիքի մէջ լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` անդրադառնալով Իրանի արտաքին գործոց նախարարի նախապէս կատարած յայտարարութեան, թէ Իրանը Հայաստանի եւ շրջանի անվտանգութիւնը կը նկատէ իր անվտանգութիւնը:
Դեսպանը նախ ընդգծած է, որ Իրան իր բոլոր դրացի երկիրներուն հետ կը վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն, որուն նպատակն է զարգացնել բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը: «Իսկ Հայաստանը մեր դրացի, բարեկամ երկիրն է: Եւ Հայաստանի նկատմամբ ալ նոյնպէս այդ քաղաքականութիւնը կայ: Արտաքին գործոց նախարարն ալ նշած է, որ Հայաստանի անվտանգութիւնը Իրանի անվտանգութիւնն է: Եւ Իրանի դիրքորոշումը միշտ այնպէս եղած է, որ պէտք է յարգուի երկիրներու անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Հայաստանինն ու բոլորինը` միջազգային օրէնքներուն համապատասխան», ըսած է Զոհուրի:


