Պաքուն պատրաստ է Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու յետաձգուած եռակողմ հանդիպումի շուտափոյթ կայացման: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ նման յայտարարութիւն կատարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
«Վերջին օրերուն մենք Հայաստանի կողմէ կը տեսնենք նենգափոխուած քաղաքականութիւն, կը յորդորենք խուսափիլ սխալ դիրքորոշումէն: Խաղաղութեան օրակարգի խթանումը միշտ եղած է Ազրպէյճանի նախաձեռնութիւնը, եւ մեր բոլոր հիմնարար սկզբունքները ներկայացուած են Հայաստանին», ըսած է ազրպէյճանցի պաշտօնատարը:
Անոր համաձայն, Մոսկուայի մէջ 23 դեկտեմբերին նախատեսուած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն Հայաստանի հրաժարիլը բանակցային հոլովոյթը փակուղի մտցուցած է:
«Հայաստան Մոսկուայի հանդիպման նախօրեակին մերժեց մասնակցիլ, ատիկա նոյնպէս յանգեցուց բանակցային հոլովոյթի փակուղիի», ըսած է Պայրամով:
«Մենք Հայաստանի դէմ դատական հայց ներկայացւցած ենք` Ազրպէյճանի հասցուած հսկայական բնապահպանական վնասին համար», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:
«Ազրպէյճանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանի դէմ իրաւարարական հոլովոյթ նախաձեռնուեցաւ` համաձայն Պեռնի հռչակագիրին», ըսած է Ճէյհուն Պայրամով:
«Ղարաբաղի մէջ օգտակար հանածոներու հանքավայրերու թալանին միայն Հայաստանը չէ մասնակցած», յայտարարած է ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը` շարունակելով. «Չենք կրնար յստակ ըսել, թէ անոնք ո՛ր երկիրներն են, սակայն յայտնի է, որ ատոր մասնակցած են նաեւ այլ երկիրներ: Ասիկա պիտի գնահատուի միջազգային օրէնքի հարթութեան վրայ»:


