Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի փակումը թուրք-ազրպէյճանական համադրուած քայլերու հետեւանք է:
Թուրք-ազրպէյճանական ռազմաքաղաքական ճնշումը կը շարունակուի մէկ կողմէ Արցախի վրայ` արցախահայութիւնը շրջափակելու, անոր գոյութեան սպառնալու ու Արցախը ստիպողաբար Ազրպէյճանի կազմին մէջ պահելու, միւս կողմէ` Հայաստանի վրայ` Հայաստանի հետ Թուրքիոյ օդային թէ ցամաքային սահմանը բանալով Արցախի նկատմամբ Հայաստանի քայլերը զսպելու:
Այլ առումով, Թուրքիա կը փորձէ ճանապարհներու ապաշրջափակման տեսակէտը առաջ մղելով` ռուսական կողմին եւս առաւելութիւններ հրամցնել, Արեւմուտքի` Ռուսիոյ տնտեսական շրջափակման հետեւանքները Պաքու-Հայաստան-Թուրքիա ապաշրջափակուած ճանապարհներու այլընտրանքով մեղմացնելու` ռուսական ապրանքներուն դիմաց այս ճանապարհները բաց համարելու:
Հեռու չէ, որ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի վերաբացման դիմաց Ազրպէյճան պահանջէ Զանգեզուրի միջանցքին տրամադրումը:
Հայաստանի յարաբերութիւններու պահպանումը ոչ միայն Արեւմուտքի, այլեւ տարածաշրջանի ուժային կեդրոններու հետ կարեւոր է` զարգացնելու իր պաշտպանողական համակարգը եւ զսպելու թուրք-ազրպէյճանական յարձակողական նկրտումները, որոնք որեւէ պատրուակով կրնան պատերազմի հրահրման դուռ բանալ ու Հայաստանի տարածքային ամբողջկանութեան սպառնալ:
Թուրքիոյ լարախաղաց քաղաքականութիւնը նորութիւն չէ: Միջին Արեւելքի մէջ ան բարիդրացիական ու առեւտրական մերձեցումներ օգտագործելով` պատերազմ հրահրեց ու բռնագրաւեց սուրիական հողեր` իր այս քայլերով ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական շահերու զուգահեռներ գծելով ե՛ւ Ռուսիոյ, ե՛ւ Արեւմուտքի հետ:
Նոյնը կը փորձէ ընել այսօր Հարաւային Կովկասի մէջ:
Ուստի հարկ է, որ Հայաստան արեւելումներու կտրուկ փոփոխութիւններէ զգուշանայ, որովհետեւ արեւմտեան երկիրներու հեռահար ծրագիրներուն մէջ գործուն դերակատարութիւն ունին ե՛ւ Թուրքիան` որպէս Ռուսիան եւ Իրանը փոխարինող ուժ աստիճանաբար դրսեւորուիլ փորձելով տարածաշրջանին մէջ, թէ՛ Ազրպէյճանը` իր քարիւղի հանքերուն շահով կաշառելով Արեւմուտքը:


