ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Ինչ որ գնաց ուրիշին` վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած` հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան.
Ինչ որ տարաւ Սէրն ինձմէ` չկորսնցուց զայն Աստուած,
Տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան…»
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Աստուծոյ կողմէ սահմանուած մարդ էակին կեանքի օրերը համրուած են: Սակայն այդ համրուած օրերը կը դառնան սոսկ տարիներու թուաքանակ մը, երբ անոնք չեն արժեւորուիր մարդկային առաքինութիւններով, ծառայութեամբ: Իր ծնունդով յատուկ նպատակի համար աստուածային նախասահմանուած կեանքով աշխարհ եկած մարդ անհատը իր ստացած ծնողական դաստիարակութեամբ, առողջ միջավայրով եւ դպրոցական ու միութենական հարուստ մթնոլորտով կը դառնայ աստուածավախ, հայրենասէր, ծառայասէր ու մարդասէր, տոկուն հայ:
Եւ ահա յաւերժ մեկնած ծառայողներու փաղանգին միացաւ նաեւ քառասուն օրեր առաջ այս աշխարհին հրաժեշտ տուած Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի երկար տարիներու նուիրեալ անդամ Սարգիս Պերղուտեանը:
Ներսէս եւ Ալիս Պերղուտեան ընտանեկան յարկին տակ ծնունդ առած Սարգիս Պերղուտեան ընտանիքի կրտսերն էր երկու քոյրերէն ետք: Ծնած էր 1946-ին, Հալէպ: Ան նախակրթութիւնը ստանալէ ետք սորված է ինքնաշարժի ձայնասփիւռի նորոգութիւն, նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ Պուրճ Համուտի մէջ հաստատած «Clarion» վաճառատունը:
1982-ին կազմած է հայկական գողտրիկ ընտանեկան բոյն մը` Ռիթա Թոգաճեանի հետ, եւ անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով` Ալինա, Ներսէս, Քրիսթին:
Պերղուտեան ամոլը այնուհետեւ կը ներգրաւուի եկեղեցւոյ ծառայութեան` Թաղական խորհուրդի եւ Տիկնանց յանձնախումբի կազմերուն մէջ` սիրով, պարտաճանաչութեամբ եւ նուիրուածութեամբ: Դժբախտաբար Սարգիս եւ Ռիթա Պերղուտեաններու հոգին փոթորկեցաւ, երբ 2005 թուականին կորսնցուցին իրենց 19-ամեայ մանչ զաւակը` Ներսէսը: Սակայն Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած անհուն սիրոյն շնորհիւ շարունակեցին իրենց կեանքը, ծառայութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ: Սարգիս Պերղուտեան առաւել քան տասնութ տարի իր անմնացորդ լուման բերաւ, գործակցեցաւ օրուան հոգեւոր հովիւ Գուրգէն քհնյ. Յովհաննէսեանի եւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն հետ եւ միասնաբար ձեռք-ձեռքի իրականութիւն դարձուցին Սրբոց Վարդանանց նորակառոյց եկեղեցւոյ երկարատեւ շինարարութեան աւարտը: Այսօր, շնորհիւ այդ ձեռներէց նուիրեալներուն եւ ժողովուրդի ու բարերարներու նուիրատուութեան, եկեղեցին աշխուժօրէն կը գործէ Պուրճ Համուտի Նորաշէն թաղամասին մէջ:
Այս նուիրեալ առաքելութեան ի տես, Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը 15 փետրուար 2007-ին շնորհած է «Գիր օրհնութեան եւ գնահատանքի», որուն մէջ սրբազան հայրը մատնանշած է հաւաքական աշխատանքի գիտակցութեամբ գեղակերտ եկեղեցւոյ կառուցման փութով աւարտը: Առաջնորդ սրբազանը, յանուն Ազգային իշխանութեան, գնահատած է Սարգիս Պերղուտեանի եկեղեցանուէր ծառայութիւնը եւ մաղթած է, որ նորակերտ եկեղեցւոյ մէջ առ Աստուած առաքուած աղօթքները բարեխօսութիւն ըլլան իրեն համար:
Սարգիս Պերղուտեանին օրէ օր հիւծող մարմինը, զաւակին կորուստին առթած ցաւը արգելք չեղան եկեղեցի յաճախելու եւ իբրեւ Թաղական խորհուրդի անդամ` իր ծառայութիւնը մատուցելու նախ Աստուծոյ, ապա ժողովուրդին: Ան մինչեւ իր մահը մնաց հաւատարիմ իր պաշտօնին: Դարձաւ տիպար ամուսին եւ նուիրեալ ու հոգատար հայր` իր սիրասուն զաւակներուն: Ան ՀՅԴ «Ռուբէն» ակումբը ազգին տունը սեպեց եւ իբրեւ համակիր` յաճախեց մշտապէս: Ատեն մըն ալ դարձաւ Դատական յանձնախումբի անդամ: Այսպիսով, ամէնուրեք ծառայութիւն մատուցեց եւ սէր ու յարգանք վայելեց իր շրջանակին կողմէ:
Վստահաբար իր բարի հոգին պիտի սաւառնի երկնակամարին վրայ` երկրաւորներուս կոչ ուղղելով` չմոռնալ զԱստուած եւ Անոր տան հանդէպ նախանձախնդրութիւնն ու ծառայութիւնը:
Յիշատակդ անթառամ մնայ, պարոն Սարգիս:


