Մեծապետական Հակամարտութեան Վերադարձը
Եւ Եւրասիոյ Կովկասեան Ծայրամասը
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այդ կացութեան մէջ յայտնուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կամ առնուազն այդ կը թելադրեն 2022-ի գործընթացներն ու անոնց վերլուծումը մասնագէտներու կողմէ: Եւ այս` երկու հիմնական գործօնի պատճառով.
Ա.- Ռուս-ուքրանական պատերազմի անդրադարձը` եւրասիոյ նախկին խորհրդային տարածաշրջանի եւ յատկապէս անոր կովկասեան ծայրամասին վրայ, եւ
Բ.- Քառասունչորսօրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած քաղաքական ուղեգիծն ու անոր հետեւանքները` ներքաղաքական, համահայկական եւ արտաքին-դիւանագիտական ոլորտներուն մէջ:
Առաջին գործօնը արտաքին է եւ գերակշռող պատճառ է, բայց նաեւ ախտանշան` պետութեան «անհետացման»: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ անկարելի էր/է պետութեան «անհետացման» գործընթացի մեղմացումը, եւ, ինչո՞ւ չէ, կասեցումը: Բայց այդ մէկը կարելի էր/է միայն եթէ երկրորդ` ներազգային գործօնը փոփոխութեան ենթարկուէր/ենթարկուի: Այլապէս, անհրաժեշտ է ի մտի ունենալ համահայկական զօրաշարժի վերակազմակերպումին մասին մտածելու անհրաժեշտութիւնը` պետութեան «անհետացման» պայմաններուն մէջ:
Սկսինք արտաքին գործօնէն:
Թէ ճիշդ ի՛նչ ռազմավարական տրամաբանութեամբ, ի՛նչ հաշուարկներով եւ ի՛նչ ինքնավստահութեամբ Փութին 24 փետրուար 2022-ին նախաձեռնեց Ուքրանիոյ վրայ ընդհանուր յարձակումի անցնելու, դեռ երկար ժամանակ պիտի մնայ բանավէճի առարկայ: Դժուար է նաեւ ընդհանուր յարձակման տրամաբանութիւնը ընկալել որպէս պետական, կամ ամբողջատիրական համակարգի մը իշխանութիւնը կեդրոնացուցած ղեկավարի մը որոշում: Այսինքն` Ռուսիո՞յ, թէ՞ Փութինի պատերազմ: Մասնագէտ մը հրապարակային դասախօսութեան մը ընթացքին դիտել կու տար, որ նախկին Խորհրդային Միութեան թէ անոր ժառանգ Ռուսական Դաշնութեան մէջ իշխանութիւնը միշտ ալ կեդրոնացած եղած է, բայց ո՛չ 1979-ին Աֆղանիստան միջամտութիւնը, ո՛չ ալ Չեչենիոյ պատերազմը կոչուած են Պրեժնեւի, կամ Ելցինի անուններով:
Ամէն պարագայի, թէկուզ եւ ընդունինք Մոսկուայի թէ այլ վերլուծողներու առաջ քաշած ռազմավարական բացատրութիւնը, որուն համաձայն, առկայ էր դեռեւս Կորպաչովի ժամանակ գերմանիաներու վերամիացման հարցով տեղի ունեցող Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան երկկողմանի խօսակցութեանց ժամանակ ՕԹԱՆ-ի ընդլայնումը բացառելու ուաշինկթընեան խոստում մը, որ յետոյ դրժուեցաւ: Ընդունինք նաեւ, որ Ուքրանիա այն «կարմիր գիծ»-ն էր, որ Ռուսիոյ մեծապետականութեան վերականգնումով մտահոգ, այդ ուղղութեամբ սկզբնական յաջողութիւններ արձանագրած եւ Արեւմուտքէն (Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպայի իր դաշնակիցներ) խիստ բարկացած Փութին մը պիտի չթոյլատրէր: Ատով հանդերձ, Ուքրանիոյ վրայ ռուսական ընդհանուր յարձակումը արդարացնող ոչ մէկ հիմնաւորում, որ Մոսկուա եւ անձամբ Փութին, առաջ քաշեցին, կրնայ որեւէ ձեւով համոզիչ ըլլալ որպէս ենթադրաբար անմիջական սպառնալիքի մը չէզոքացման համար կանխազգուշական պատերազմի ռազմավարական տրամաբանութիւն: Ճիշդ է` կայ 2003-ի Իրաքի մէջ ԱՄՆ-ի զինուորական միջամտութեան նախընթացը, բայց թերեւս այդ մէկը շատ պատճառներով զգուշութեան հրաւէր ըլլար Փութինի համար: Ի մասնաւորի` պատերազմի աւարտի այլընտրանքներ, կամ` Ելքի Ռազմավարութիւն մը (Exit Strategy) ունենալ, բան մը, որ Ուաշինկթընի ռազմագէտները շատ ուսումնասիրած էին Վիեթնամէն իրենց հեռացումէն ետք: Մոսկուայի համար նաեւ կարեւոր էր ի մտի ունենալ, որ թէկուզ եւ ԱՄՆ-ը Իրաքի պարագային չունէր Ելքի Ռազմավարութիւն, այդուհանդերձ, միաբեւեռ աշխարհի մէջ տիրապետող գերհզօր ուժին կողմէ ռազմական նման արկածախնդրութեան տնտեսական թէ քաղաքական գինը յարաբերաբար տանելի կրնայ ըլլալ, ինչպէս Աֆղանիստանի թէ Իրաքի մէջ ԱՄՆ-ի զինուորական երկարամեայ ներկայութիւնը ցոյց տուաւ: Ճիշդ չէ նոյնը ենթադրել Ռուսիոյ եւ իր տնտեսութեան պարագային:
Աւելի կարեւոր. Փութին ձախողեցաւ իր հաշուարկներուն մէջ: Այն, ինչ որ հաւանաբար ծրագրած էր որպէս կարճ եւ Քիեւի անկումով շատ արագ իր աւարտին հասնող պատերազմական գործողութիւն, ընդհանուր յարձակումէն երկու ամիս անց արդէն երկար պատերազմի մը վերածուած ըլլալու բոլոր նախանշանները ցոյց կու տար: Վեց ամիս ետք ռազմական գործողութիւններու ուղղութիւնը փոխուեցաւ. ռուսական ուժերու հետեւողական պարտութիւնները, նահանջը գրաւուած քաղաքներէն եւ պատերազմի դաշտին վրայ մարդուժի թէ ռազմական սարքերու հետզհետէ սրող բացթողումները, Ուքրանիոյ մատակարարուած արեւմտեան ռազմասպառազինութեան գերակայութիւնը, ազդանշանը կու տան ուքրանական յառաջխաղացքի մը, որ տրամաբանականօրէն պիտի չուզէ դադար առնել ընդհուպ մինչեւ Ղրիմի վերադարձը Ուքրանիոյ կազմին մէջ: Ի մասնաւորի, եթէ Արեւմուտքը շարունակէ զէնքերու մատակարարումը, որով եւ թէկուզ Ուքրանիոյ յաղթանակը անմիջական չըլլայ, Ռուսիոյ «արիւնահոսութիւնը» պիտի շարունակուի, ինչպէս եղած էր Ռոնալտ Ռիկընի ռազմավարութիւնը Աֆղանիստանի մէջ:
Զուտ ռազմավարական հաշուարկումի ձախողութեան վրայ պէտք է աւելցնել ռազմաքաղաքական իր նախորդ յաջողութիւններուն ներշնչած ինքնավստահութեան գերգնահատումը: Հակառակ իր ծանր գինին` Չեչենիան սկիզբ տուաւ Փութինի ղեկավարութեամբ Ռուսիոյ վերադարձին միջազգային քաղաքականութեան բեմահարթակ` որպէս մեծապետական ձգտումներու դերակատար: Վրաստանի հնգօրեայ պատերազմէն (2008) մինչեւ Ղրիմ (2014) եւ Սուրիա (2015), Մոսկուա ռազմաքաղաքական յաջողութիւններու շարք մը արձանագրած էր թէ՛ ռազմադաշտին վրայ եւ թէ՛ ալ դիւանագիտական ոլորտին մէջ յաճախ առնչելով երկուքը: Անցեալի յաջողութիւնները, սակայն, երաշխիք չեն, որ նոր ծաւալումներու պարագային միջոցներու ու նպատակի անհամատեղելիութիւնը բացառէ գերծաւալման մեծ ռիսքն ու անոր հետեւանքները: Ինչ որ, փաստօրէն, պարագան էր Աֆղանիստանի, եւ հիմա կը կրկնուի Ուքրանիոյ մէջ: Առանց տակաւին նշելու շատ աւելի ծաւալապաշտական ձգտումներ, ինչպէս, օրինակի համար, կը թելադրէ Սեւ ծովէն մինչեւ հիւսիսային բեւեռ ծովային հաղորդակցութեան միջոցները վերահսկողութեան տակ պահելու նպատակով պատրաստուած ծովուժի ռուսական նոր ռազմավարութիւնը:
Ի՛նչ ալ ըլլայ պատերազմին աւարտը, Ռուսիա աւելի տկարացած դուրս պիտի գայ անկէ: Ոչ միայն եւ ոչ մասնաւորաբար` զինուորական իմաստով: Միջազգային վստահելի գործընկերութեան վարկը պիտի իյնայ, ինչ որ ե՛ւ տնտեսաֆինանսական ե՛ւ քաղաքադիւանագիտական իմաստով իր ժխտական անդրադարձները պիտի ունենայ միջազգային բեմին վրայ: Ոչ իսկ յետփութինեան Ռուսիան պիտի ունենայ այն վստահութիւնն ու համագործակցութեան առաջնահերթութիւնը, որ յետխորհրդային ելցինեան Ռուսիան վայելեց 1990-ականներուն: Ամէնէն կարեւորը` աշխարհաքաղաքական շրջադարձը դէպի Հնդկա-Խաղաղական, եւրասիոյ նախկին խորհրդային տարածաշրջանի ծայրամասերը պիտի վերածէ մեծապետական ազդեցութեանց գօտիներու հաստատման եւ ընդլայնման` ի խնդիր մրցակցութեան ու պայքարի դաշտերու: Այսինքն Ռուսիա դժուարութիւն պիտի ունենայ կայունացնելու այն, ինչ որ իր արտաքին ապահովական տեսադաշտին մէջ ընկալուած եւ բանաձեւուած է որպէս «Մօտիկ հարեւանութիւն»: Խօսքը կը վերաբերի առանց Պալթեան երկիրներուն եւ արդէն առանց Ուքրանիոյ եւրոպական ցամաքամասի նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասին, ուր եւ դեռեւս 2015-2016 թուականներուն ընթացք առած եւ արդէն հաստատագրուած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ռազմավարական նոր հայեցակարգ մը: Այս վերջինն է Հայաստանի պետութեան յոռեգոյն պարագային կործանման, կանխատեսելիօրէն «անհետացման» եւ լաւատեսօրէն կանխարգիլման գլխաւոր գործօնը: Անոր ծնունդը, տրամաբանութիւնը եւ ծաւալը ներկայիս վերլուծումի ամէնէն հրատապ հարցն է: Անոր զարգացումը մեծապէս կը պայմանաւորէ հայկական պետութեան անմիջական ճակատագիրը: Այդ գործօնի նկատառումով է, որ Երեւանի մէջ պիտի առնուին ամէնէն բախտորոշ որոշումները:
Ռուս-թրքական մերձեցումը ունի իր պատմական նախընթացը: 19-21 հոկտեմբեր 2021-ին Երեւանի մէջ կայացած «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» գիտաժողովը լուսարձակը տակ առած էր մէկ դար առաջ Կովկասի մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան հետամուտ Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներով պոլշեւիկաքեմալական ռազմավարական մերձեցումը, որուն ծանր գինը վճարեց Հայաստան: Պատմութեան դասերը անկարելի է անտեսել, սակայն սխալ է անոր կրկնութիւնը ընկալել որպէս ճակատագրապաշտութիւն: Պոլշեւիկաքեմալական դաշինքը երկու նորաստեղծ պետութիւններու կայացման եւ միջազգային ճանաչման հետամուտ նախաձեռնութիւն մըն էր` ընդդէմ Համաշխարհային Ա. պատերազմի Դաշնակիցներուն, այսինքն` Եւրոպայի գաղութատէր մեծ պետութիւններու, Փոքր Ասիոյ եւ Կովկասի մէջ ազդեցութեան հաստատման: Ռուս-թրքական ներկայ մերձեցումը միջազգային բեմին վրայ մեծապետական դիրքաւորման հետամուտ երկու տարածաշրջանային ուժերու ռազմավարական նախաձեռնութիւն մըն է, ուր Կովկասի մէջ ազդեցութեան գօտիներու յստակ սահմանագծումը արդէն խախտուած է` ի խնդիր համագործակցութեան եւ մրցակցութեան: Տարածաշրջանին մէջ արեւմտեան ներկայութեան տկարացումը, ընդհուպ, մինչեւ վերացումը, կը մնայ հիմնական դրդապատճառ եւ այդ իմաստով կը յիշեցնէ 1921-ը: Սակայն, ի տարբերութիւն դար մը առաջ աշխարհաքաղաքական կացութեան, Թուրքիա վերահաստատած է իր նէօ-օսմանեան թէ փանթուրքական ծաւալապաշտական ախորժակները, իսկ Ռուսիա կը ձգտի վերստեղծել եւրասիոյ նախկին խորհրդային տարածաշրջանին վրայ իր ամբողջական վերահսկողութիւնը, եւ այդ մեկնակէտէն ինքնահաստատուիլ որպէս գերհզօր ուժ` դեռեւս 1990-ականներէն նպատակի վերածած բազմաբեւեռ աշխարհակարգի մը մէջ:
Ճեֆրի Մանքոֆ չի վարանիր հաստատելու, որ եւրասիոյ տարածքին կայսրութիւններու ժառանգ ձգած աշխարհընկալումներն են, որ քսանմէկերորդ դարուն միջազգային ապահովութեան ոլորտը կը սահմանեն (Jeffrey Mankoff, Empires of Eurasia. How Imperial Legacies Shape International Security. Hew Haven, CT: Yale University Press, 2022): Փանթուրքականութիւնն ու եւրասիոյ վրայ ռուսական վերահսկողութիւնը իրենց էութեամբ իսկ իրարու հակասական կը թուին: Կամ աւանդաբար այդպէս կ՛ընկալուի: Կամ ալ կարելի է ենթադրել, որ թէկուզ եւ ռուս-թրքական մերձեցում տեղի ունենայ, սակայն ի մտի ունենալով երկու ծրագիրներու պատմական անհամատեղելիութիւնը, այդ մէկը չի կրնար երկար տեւել: Ամբողջ խնդիրը, սակայն, կը կայանայ այդ «երկար»-ի սահմանման մէջ: Ի մասնաւորի, երբ երկու կողմերու համագործակցելու եւ մրցակցելու եւ ոչ թէ հակամարտութեան մէջ մտնելու փոխադարձ շահերու «ժամանակաւորութիւնը» կը թուի ոչ այնքան սահմանափակ:
Յովհաննէս Կէօքճեանի ուսումնասիրութիւնը` Սուրիոյ պատերազմին ռուսական զինուորական միջամտութեան մասին (Ohannes Guekjian, The Russian Military Intervention in Syria. Montreal, Canada: McGill-Queen՛s University Press, 2022), սեպտեմբեր 2015-էն սկսեալ, ի փրկութիւն Պաշշար Ասատի վարչակարգին, յստակ գաղափար մը կու տայ, թէ ինչպէ՛ս այդ տագնապին մէջ է, որ յաջողութեամբ փորձարկուած է ռուս-թրքական համագործակցութիւն/մրցակցութիւն ռազմավարական մերձեցման ձեւաչափը: Երկու երկիրներու զինուորական միջամտութիւնը հակամարտութեան տարբեր կողմերու զօրակցութեան ի խնդիր էր: Նորութիւն չէ ասիկա միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, սակայն Սուրիոյ պատերազմին ռուս-թրքական միջամտութիւնը հեռու է երրորդ կողմերու միջոցով հակամարտ կողմերու բախումի այն ձեւաչափէն, որ ծանօթ է որպէս «փրոքսի» պատերազմ (proxy war): Ե՛ւ Թուրքիան, ե՛ւ Ռուսիան գիտէին, որ ռիսքը մեծ է թէկուզ եւ արկածով իրարու հետ ուղղակի բախումի, ինչ որ եւ պատահեցաւ: Այդ մէկը, սակայն, արգելք չհանդիսացաւ, որ երկու երկիրները, Իրանի հետ համագործակցաբար, Արեւմուտքի մասնակցութեան բացառումով, Սուրիոյ տագնապի լուծումի նախաձեռնութեամբ առաջ գային: Նախաձեռնութիւնը շօշափելի արդիւնքի չհասաւ, սակայն սուրիական փորձադաշտը ռուս-թրքական համագործակցութիւն/մրցակցութիւն ռազմավարական յարաբերութիւններու ձեւաչափը ամրագրեց:
(Շար. 2)


