Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Մանարայի մէջ հիւրը եղաւ Ռիատի Պէյրութին, անկէ կրեց` 93-64 արդիւնքով պարտութիւն մը (19-14, 26-18, 21-10 եւ 27-22):
Մինչ Ռիատի արձանագրեց տարեշրջանի իր 11-րդ յաղթանակը` երկու պարտութեան կողքին, անդին ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է երեք յաղթանակ, կրեց տարեշրջանի իր 10-րդ պարտութիւնը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռիատիէն Ամիր Սէուտ (20):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճեսի Ճոնզ (18), ապա` Ճոշուա Քարլտուել (16) եւ Սէրուժ Աւետիսեան (9):
Օրուան իրաւարարներն էին Զիատ Թաննուս, Ռիշար Հաժ եւ Քլոտ Ապի Ժըպրայել:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Լիտըրզ, իսկ Ռիատիի մրցակիցը` Հուփս:


