Էքուատորի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ընդունեց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին գլխաւոր մարզիչ Կուսթաւօ Ալֆարոյի ներկայացուցած հրաժարականը:
60 տարեկան արժանթինցին, որ օգոստոս 2020-էն ի վեր կը գլխաւորէ ազգային խումբը, 35 մրցումի ընթացքին արձանագրեց 12 յաղթանակ, 14 հաւասարութիւն եւ կրեց 9 պարտութիւն:
Քաթարի մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալին, Էքուատոր Ա. հանգրուանի մրցումներուն գրաւեց երրորդ դիրքը:


