Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
– Արխիւային. Առաջին Հայ Բժշկական Ամսաթերթը
– Մարդիկ Կը Շարունակեն Բնաշրջուիլ Նոր Ծիներու Յառաջացման Հետ Միասին
Արխիւային. Առաջին Հայ Բժշկական
Ամսաթերթը
Այս սիւնակով պիտի հրատարակուին հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով պարբերականներու անցեալի թիւերէն յօդուածներ, որոնք չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը, յօդուածներ, որոնք լոյս կրնան արձակել անցեալի վրայ, գաղափար առնելու համար, թէ այդ ժամանակ կեանքը ինչպէս կ՛ընթանար եւ յօդուածներ, որոնք շահեկան տեղեկութիւններ կրնան ի սպաս ընթերցողին:
Այսօրուան յօդուածը կը խօսի հայկական առաջին հայ պարբերականին մասին, որ ունէր բժշկական զուտ բնոյթ: Այստեղ կը խօսուի, թէ ինչո՛ւ այդ օրերուն կը հրատարակուէր այդ թերթը եւ ի՛նչ կը նպատակադրէր:
Այս յօդուածը արտագրած ենք «Բժիշկ» պարբերաթերթէն (Թ. տարի, յունուար 1959, թիւ 7):
‘Հայաստանի «Հայպետհրատ»-ը այս տարեշրջանի ընթացքին հրատարակած է Ռաֆայէլ Փարսադանեանի` «Հայ բժշկական պատմութիւնից» խորագրով 210 էջնոց հատորը` նուիրուած 19-20 դարու հայ յայտնի բժիշկներու կեանքին եւ անոնց աշխատութիւններուն:
Այս խիստ հետաքրքրական գործը երեւան կը հանէ շարք մը հայ բժիշկներու հանրային դիմագիծը, որ անծանօթ մնացած էր մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն:
Գիրքը նաեւ ունի ուսումնասիրութիւն մը` առաջին հայ բժշկական թերթին մասին, հրատարակուած մեզմէ ճիշդ 78 տարի առաջ: Այս գլուխէն կարճ հատուած մը արեւմտահայերէնի վերածելով` կը ներկայացնենք «Բժիշկ»-ի ընթերցողներուն:
1881-1884 թուականներուն Երեւանի մէջ հրատարակուած է «Առողջապահական Թերթ» վերնագրով միամսեայ հանդէս մը: Թերթին հրատարակիչն ու խմբագիրը եղած է բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանը: Եթէ նկատի չունենաք մինչ այդ Պոլիս հրատարակուած «Աստղիկ Արեւելեան» (1861 թ.) «Փունջ» (1860թ.) եւ «Կիլիկիա» (1861թ.) հանդէսները, որոնք չունէին զուտ բժշկական ուղղութիւն, ապա «Առողջապահական Թերթ»-ը կարելի է նկատել առաջին բժշկական հանդէսը հայ իրականութեան մէջ:
Բժ. Լ. Տիգրանեանի կողմէ բժշկական հանդէսի հրատարակումը խոշոր եւ մինչ այդ չտեսնուած երեւոյթ էր մեր մէջ: Ահա այդ է պատճառը, որ հանդէսը ջերմ ընդունելութիւն գտաւ հայ ընթերցողներուն կողմէ:
«Առողջապահական Թերթ»-ը ո՛չ միայն տարածուած էր Երեւանի մէջ, այլեւ` Մոսկուայի, Թիֆլիսի, Քիեւի, Էրզրումի, Ալեքսանդրապոլի, Էլիզավետապոլի, Հին Նախիջեւանի, Քութայիսի եւ հայաբնակ այլ վայրերու մէջ:
Հանդէսը առաջին տարին տպագրուած է 480 օրինակ եւ ոչ միայն գոցած է իր ծախսերը, այլեւ դրամական որոշ օգուտ տուած է խմբագիր-հրատարակիչին: Այդ ժամանակներուն, ինչպէս յայտնի է, առանց նիւթական վնասի որեւէ պարբերականի հրատարակումը հայ իրականութեան մէջ այնքան ալ դիւրին գործ մը չէր: Այդ երկիւղը զգացած է նաեւ «Առողջապահական Թերթ»-ի հրատարակիչը: Ահա թէ ինչո՛ւ ան գոհունակութեամբ կը շեշտէ, որ հանդէսը առաջին տարեշրջանին իսկ ամբողջովին կ՛արդարացնէ իր ծախսերը («Առողջապահական Թերթ», թիւ 7):
Բժ. Լեւոն Տիգրանեան իր մէկ յօդուածին մէջ («Առողջապահական Թերթ», 1884 թ., թիւ 1, էջ 35) խօսելով հանդէսի մասին` գրած է, որ հակառակ երկու տարուան ընթացքին ունեցած միայն 65 ռուբլի օգուտին, զինք ոգեւորողը դրամը չէ եղած. «Իմ ցանկութիւնս շահասիրական չէ, որովհետեւ 65 մանեթը իմ երկու տարուան չարչարանքի վարձը չի կարող լինել, այլ իմ միակ ցանկութիւնս է հայ ժողովրդի մէջ իմ կարողութեանս չափով տարածել առողջապահական գաղափարներ», կը կարդանք այդ յօդուածին մէջ:
Ինչպէս կ՛երեւի «Առողջապահական Թերթ»-ի առաջին թիւով տպագրուած յայտարարութեան մէջ, բժ. Լ. Տիգրանեան շատոնց ցանկութիւն ունեցած է հրատարակել նման հանդէս մը, սակայն արտօնութիւն ստանալու դժուարութեանց առջեւ է գտնուած:
Հետաքրքրական է հանդէսի 6-րդ թիւին մէջ երեւցած հետեւեալ տեղեկութիւնը: 1881 թուականին նշանաւոր փրոֆեսէօր Վերխովը Թիֆլիս գտնուած շրջանին, տեսնելով «Առողջապահական Թերթ»-ի առաջին թիւը, զարմացած է, որ հայերէնով առողջապահական հանդէս կը հրատարակուի: Ան կը յայտնէ, որ նման հանդէսի մը հրատարակումը ապացոյց է, որ հայերը կը գտնուին զարգացման բարձր աստիճանի վրայ:
Հանդէսի հիմնական ուղղութիւնը եղած է հիւանդութիւններու պրոֆելակտիկան, կենցաղի առողջացումը, պայքարը սնոտիապաշտութեան, հեքիմութեան եւ տգիտութեան դէմ, ինչպէս նաեւ` ինքնաբուժութեան եւ հիւանդին օգնելու վերաբերեալ գիտական սկզբունքներէ բխող տեղեկութիւններու տարածումը:
Ահա թէ ի՛նչ խնդիրներ դրած է իր առջեւ հանդէսը: «Հայն ինչպէ՛ս իմանայ առողջապահութեան օրէնքներն ու կանոնները, երբ ցանկացողը առողջապահութեան վերաբերեալ գիրք չունի կարդալու: Ինչի՞ ենք մեղադրում այն հային, որին մենք` հայ բժիշկներս, ոչ մի հայերէն առողջապահական գիրք չունենք առաջարկելու: Այո՛, մենք` հայ բժիշկներս, մենք մեղաւոր ենք ազգի առաջ, որ հայերը չգիտեն պաշտպանել ո՛չ իրենց առողջութիւնը, ո՛չ իրենց հիւանդին: Մեր այս պակասը լրացնելու համար, մի քանի հայ բժիշկների օգնութեամբ, ես ձեռք զարկեցի հրատարակել առողջապահական այս ամսաթերթը, որ սովորեցնենք հայերէն, թէ մարդը ինչպէ՛ս պէտք է ապրի, ի՛նչ կանոնների պէտք է իրեն ենթարկէ առողջ կամ հիւանդ ժամանակ նրա առողջութիւնը սակաւ խանգարուի, միշտ զուարթ լինի, իսկ հիւանդ ժամանակ կարողանայ պահպանել իրեն, որ պակաս տանջուի եւ շուտ առողջանայ:
«Այդ նպատակին կը հասնենք տպագրելով թերթիս մէջ աշխարհիկ, հասկանալի ոճով առողջապահական գիտութեանը վերաբերեալ յօդուածներ եւ խորհուրդներ, որպէսզի տարածենք ժողովրդի մէջ առողջապահական գիտութեան գաղտնիքը, որ բժշկականութեան ամենապտղատու ճիւղերից մէկն է: Կարդացէք, սովորեցէք առողջապահութիւնը եւ դուք կը լինէք աւելի հարուստ, որովհետեւ աշխատանքից յետոյ չէք ընկնել, կը լինէք աւելի առողջ ու զուարթ, որովհետեւ առողջութիւնն է երջանկութեան աղբիւրը: Առանց հարստութեան ու կայքի` մարդս կարող է երջանիկ ապրել, բայց առանց առողջութեան` ոչ երբեք» («Առողջապահական Թերթ», 1881 թ., թիւ Է.):
Առաջնորդողի բնոյթ ունեցող այս յօդուածը, որ կը պատկանի հանդէսի հրատարակիչ բժ. Լ. Տիգրանեանի գրչին, պարզ պատկերացումը կու տայ հանդէսի նպատակներու: Ուշագրաւ է, որ բնակչութեան մէջ առողջապահական գիտելիքներու տարածումը Տիգրանեան կը համարէ շատ կարեւոր գործ, ինչպէս ինք կ՛ըսէ` «Բժշկութեան ամենապտղատու ճիւղերից մէկը»:
Հանդէսի առաջին թիւով դրուած է անոր ծրագիրը. 1) «Պետական կարգադրութիւնը ժողովուրդի առողջութեան վերաբերութեամբ», 2) «Առողջապահական յօդուածներ աշխարհիկ ոճով, ժողովրդի առողջապահական պայմանները, բժշկական արհեստը ժողովրդի մէջ, բժշկականութիւնը ժողովրդականացրած», 3) «Բժշկական մատենախօսութիւն», 4) «Խառն լուրեր», 5) «Յայտարարութիւններ»:
«Առողջապահական Թերթ»-ը մեծ դեր է կատարած Հայաստանի մէջ բժշկական գիտելիքներու տարածման ասպարէզին մէջ: Հանդէսը չէ բաւարարուած բժշկութեան վերաբերեալ ընդհանուր բնոյթ կրող յօդուածներ տպագրելով: Դրականն այն է, որ այնտեղ տպագրուած բոլոր յօդուածները բխած են կեանքէն առնուած ճշգրիտ խնդիրներէ:
Հանդէսը երեւան բերած է սնոտիապաշտութեան, վատառողջ կենցաղի, ինքնաբուժութեան այն բոլոր երեւոյթները, որոնք տեղ գտած էին Հայաստանի բնակչութեան շրջաններուն մէջ, ցոյց տուած է ասոնց բացասական ազդեցութիւնը մարդոց առողջութեան վրայ:
Հանդէսին միւս արժանիքն ալ այն է, որ այնտեղ տպագրուած յօդուածները գրուած են ժողովուրդին հասկնալի աշխարհաբար լեզուով: Այս պարագան հնարաւորութիւն տուած է հանդէսին` տարածուելու ժողովրդական լայն զանգուածներուն մէջ:
Հանդէսը առաջ է բերած ժողովրդի առողջապահութեան վերաբերող բազմապիսի խնդիրներ: Այնտեղ տպագրուած են յօդուածներ` անձնական առողջապահութեան, հիւանդին առաջին բուժական օգնութիւն ցոյց տալու, հիւանդութիւններու տարածումը կանխելու, դպրոցական առողջապահութեան, մարմնակրթանքի եւ այլ խնդիրներու մասին:
Մարդիկ Կը Շարունակեն Բնաշրջուիլ
Նոր Ծիներու Յառաջացման Հետ Միասին
- Հետազօտողները ուսումնասիրած են մարդու ծիներու բնաշրջումը (evolution):
- Անոնք կ՛ըսեն, թէ յայտնաբերած են, որ մարդկային ծիները կը շարունակեն փոխել իրենց նախնական ձեւը:
- Անոնք կ՛ընդունին, որ ծինական հետազօտութիւնը բարդ է, եւ աւելի շատ ուսումնասիրութիւններ անհրաժեշտ են:
Նոր հետազօտութիւնները նոր լոյս կը սփռեն ժամանակակից մարդոց բնաշրջումին վրայ. գործընթաց մը, որ կը շարունակուի մեր նախնիներէն` անոնցմէ բաժանումէն միլիոնաւոր տարիներ ետք:
Հետազօտողները այժմ աւելցուցած են գոյութիւն ունեցող գիտելիքները` ստեղծելու համար ծինական քարտէս, որ կը համեմատէ մարդը այլ ողնաշարաւորներու հետ` պարզելով, որ նոր յայտնաբերուած ծիներուն մէկ մասը բացարձակապէս իւրայատուկ է մարդոց:
Բացի անկէ` գիտնականները կ՛ըսեն, որ այս բացայայտումները կրնան օգնել իրենց աւելի լաւ հասկնալու ծիներուն դերը որոշ հիւանդութիւններու պարագային:
Անոնց ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է Cell Reports կենսաբանական ամսագիրին մէջ:
Թէեւ ծիներու ճշգրիտ ձեւով ուսումնասիրութիւնը կրնայ դժուար ըլլալ, գիտնականները կ՛ըսեն, որ այս նոր տուեալներու հաւաքածոն կ՛օգնէ ճանապարհ հարթելու դէպի մարդու ծիներու աւելի մեծ նրբութիւններու ընկալում:
Ծիները. Կեանքի ուղեցոյցերուն գիրքերը
Ըստ Սան Տիեկոյի Juno Diagnostics-ի ծինական խորհրդատուութեան տնօրէն Քէյթի Սակասերի, կարելի է ծիներու մասին մտածել որպէս իւրաքանչիւր բջիջի միջուկին մէջ տեղակայուած հրահանգներու շարք մը:

«Ես ծիները յաճախ կը նմանցնեմ դասագիրքի գլուխներու, – ըսած է Սակասեր Medical News Today-ին: – Եթէ մենք իւրաքանչիւր բջիջի միջուկը նկատենք գրադարան մը, որ կը պարունակէ բարդ ծրագիրի մը հիմնական հրահանգները, ապա մենք կ՛ակնկալենք, որ գրադարանին մէջ կան 23 զոյգ դասագիրքեր, ընդհանուր` 46: Այս դասագիրքերը կը ներկայացնեն իւրաքանչիւր ծինական ծնողէ ժառանգուած մարդկային քրոմոսոմները»:
Թէեւ իւրաքանչիւր ծնող կը տրամադրէ 23 «դասագիրքերու» մէկ հաւաքածոյ, սակայն հրահանգները կրնան զգալիօրէն տարբերիլ:
Երբ հետազօտողները խորանան քրոմոսոմներու մէջ գոյացած DNA քոտի փաթեթներուն մէջ, անոնք այնտեղ կրնան բացայայտել այդ տարբերութիւնները եւ սկսիլ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս այդ բոլորը տեղի կ՛ունենան մարդու մարմնին մէջ:
Ծիները լիովին կանխատեսելի չեն
Իրավիճակը կը բարդացնէ այն փաստը, որ ծինափոխութիւնները` ըստ էութեան, տատանումները կամ խափանումները DNA-ի յաջորդականութեան մէջ լիովին կարելի են:
«Սա այն պարագան է, երբ երեխան կը ծնի de novo գերիշխող ծինափոխումով, այսինքն DNA քոտի մէկ տառը պատահականօրէն կը փոխուի այնպէս, որ կը յանգի անհատին եզակի ախտորոշման մը, որ չէր ժառանգած իր ծինական ծնողներէն ոեւէ մէկէն», բացատրեց Սակասեր:
Մէկ այլ փոփոխութիւն, որ կրնայ դժուարացնել ծիներու կանխատեսումը, այն փաստն է, որ մարդու DNA-ի քոտի տատանումները կրնան յառաջանալ անոր կեանքի ընթացքին, օրինակ` քաղցկեղի որոշ տեսակներու պատճառով:
«Մտաբերենք մեր գրադարանի օրինակը. եթէ ոեւէ մէկուն յանձնարարենք վերատպել եւ վերարտադրել դասագիրքերու այդ հաւաքածոյի իւրաքանչիւր նախադասութիւնն ու տառը, ապա բացարձակապէս հնարաւոր է, որ տառասխալ յառաջանայ, – ըսաւ Սակասեր:
– Երբեմն ուղղագրական սխալները շատ քիչ հետեւանքներ կ՛ունենան: Այլ պարագաներու, սակայն, ուղղագրական եւ այլ տառադարձման սխալները կրնան ընդհանրապէս փոխել նախատեսուած հաղորդագրութիւնն ու հրահանգները»:
Մարդու բնաշրջումը կը շարունակուի
Զոյգ գիտնականներ` Նիկոլաոս Վաքիրլիսը, նոր հետազօտութեան գլխաւոր հեղինակը եւ Յունաստանի Ալեքսանտր Ֆլեմինկ կենսաբժշկական գիտութիւններու հետազօտական կեդրոնի կրտսեր գիտաշխատողը, ինչպէս նաեւ Իրլանտայի Տուպլինի Թրինիթի քոլեճի աւագ հեղինակ Իֆա ՄաքԼայսա ուսումնասիրած են այս «որբ» de novo ծիները տարիներ շարունակ:

Վաքիրլիս MNT-ին ըսաւ, որ իրենք սկսած են` դիտելով մարդու ծիներուն մէջ DNA-ի կարճ յաջորդականութիւնները:
«Ասոնք կենոմի տարրեր են, որոնք պատշաճ ծիներ չեն նկատուիր եւ համեմատաբար մինչեւ վերջերս իրականութեան մէջ դուրս մնացած էին «հիմնական» կենոմի ուսումնասիրութիւններէն, – բացատրեց ան: Սակայն վերջին ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ անոնցմէ ոմանք, կարծես, ունին կարեւոր բջիջային դերեր»:
Այնտեղէն Վաքիրլիս եւ ՄաքԼայզա փորձեցին յստակացնել, թէ ե՛րբ այս յաջորդականութիւնները առաջին անգամ զարգացած են մարդկային «տոհմ»-ի երկայնքին, ինչպէս նաեւ պարզեցին մեքանիզմներ, որոնք թոյլ տուած են անոնց յառաջացման:
Անոնք կրցած են գտնել ընդհանուր առմամբ 155 ծագման միքրոփրոթէիններ:
Վաքիրլիս յայտնեց, որ այս 155 de novo ծագում ունեցող միքրոփրոթէիններու մօտ մէկ երրորդը արդէն գործուն է` շեշտելով, որ անոնցմէ երկուքը բոլորովին յատուկ էին մարդոց:
«Այն, ինչ մենք գտանք, նշանակալի է, որովհետեւ այն կ՛աւելցնէ մարդու կենոմի մեր ըմբռնումը, ներառեալ` մարդուն յատուկ ծիներու մանրամասնութիւնները, թէեւ` չնչին ձեւով,- ըսաւ Վաքիրլիս: Մեր բացայայտումները նաեւ դիտել կու տան, որ շատ աւելի երիտասարդ, բայց կարեւոր միքրոփրոթէիններ կրնան պահուած ըլլալ մարդու բջիջներուն մէջ, որոնք կրնան յայտնաբերուիլ միայն մանրակրկիտ փորձերով»:
Աղբիւր` Medical News Today