Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 22 դեկտեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ Լաչինի միջանցքի հարցերը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան» լրատու գործակալութեան հաղորդումով, «բարձր յանձնակատարը եւ նախարարը քննարկած են շրջանին մէջ ընթացիկ կացութիւնը, Ազրպէյճանի հասարակական կազմակերպութիւններու բողոքի ցոյցերու դրդապատճառները, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գործունէութիւնը եւ Պաքու-Պրիւքսել երկկողմանի կապերու հրատապ խնդիրները»:
Ըստ «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան»-ի, Պայրամով ըսած է, թէ «Լաչինի մէջ բողոքի խաղաղ ցոյցը ամբողջովին օրինական է եւ կը կատարուի Ազրպէյճանի տարածքին մէջ օգտակար հանածոներու ապօրինի շահագործման դէմ»:
Պայրամով նաեւ պնդած է, թէ Լաչինի միջանցքը «պէտք է ծառայէ բացառապէս մարդասիրական նպատակներուն, սակայն հայկական կողմը կը չարաշահէ ճամբան»:
Պայրամով Պորելին ըսած է. «Անհրաժեշտ է դադրեցնել Լաչինի միջանցքին մէջ Ազրպէյճանի օրէնսդրութեան հակասող ապօրինի գործունէութիւնը»:
«Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան»-ի համաձայն, «Պայրամով հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ ազրպէյճանական կողմը փակած է Լաչինի ճամբան»:
«Նախարարը ընդգծած է, որ շարք մը փոխադրական միջոցներ միշտ կ՛երթեւեկեն այդ ճամբէն, ատոր վերաբերեալ ոչ մէկ սահմանափակում կայ, տեղական բնակչութիւնը օգտուած է ճամբայէն պարէն ձեռք բերելու եւ բժշկական ծառայութիւններ ստանալու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Պորել մտահոգութիւն յայտնած է շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան նկատմամբ եւ կարեւոր նկատած Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի շարունակութիւնը:
«Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան»-ը Պորելի մեկնաբանութիւններուն վերաբերեալ աւելի ընդարձակ տեղեկատուութիւն չէ հրապարակած:


