Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումի ընթացքին ափսոսանք յայտնած է, որ հայկական կողմը հրաժարած է եռակողմ հանդիպումէն: Այս մասին հաղորդեցին ռուսական «Նիուզ» կայքն ու «Արմէնփրես»-ը:
Ան նշած է, որ Երեւանը վերջին պահուն որոշած է չմասնակցիլ հանդիպումին:
«Հաւանութեան արժանացած են չորս եռակողմ յայտարարութիւններ, որոնց վրայ աշխատանք կը տարուի, սակայն, ի հարկէ, լաւ պիտի ըլլար արագացնել այդ աշխատանքը: Եւ գետնի վրայ ի՛նչ հարցեր ալ ծագին, ես համոզուած եմ, որ առաւել եւս անհրաժեշտ է պարբերաբար հանդիպիլ, համաձայնիլ, ամրապնդել վստահութիւնը եւ հող նախապատրաստել բոլոր հարցերուն լուծման համար», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
«Այսօրուան համար համաձայնած էինք մեր տարածքին մէջ կատարել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը` շարունակելու խաղաղութեան համաձայնագիրի քննարկումը: Մենք կը պատրաստուէինք այս հանդիպումին, սակայն, ցաւօք, վերջին պահուն մեր հայ գործընկերները հրաժարեցան գալ Մոսկուա` ատիկա բացատրելով գետնի վրայ տիրող կացութեամբ: Ցաւալի է, որ նման առիթը փախցուեցաւ», ըսած է Լաւրով:
Ան ընդգծած է, որ բայց եւ այնպէս, Պայրամովի հետ հանդիպումին ընթացքին իրենք պիտի քննարկեն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն ստորագրած չորս եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը:
«Վստահ եմ, որ ցամաքի վրայ ի՛նչ հարցեր ալ յառաջանան, բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ է կանոնաւոր կերպով հանդիպիլ, համաձայնիլ, ամրապնդել վստահութիւնը եւ բոլոր հարցերը լուծելու համար հիմք ստեղծել», աւելցուցած է Լաւրով:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լաւրով Պայրամովի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է. «Ռուսիան բոլորէն աւելի շահագրգռուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն, արդար խաղաղութեամբ եւ իրավիճակի կրկնութեան կանխարգիլումով», ըսած է Լաւրով:
Անոր համաձայն, ռուս խաղաղապահները ամէն ժամ կ՛աշխատին Լաչինի միջանցքին մէջ կացութիւնը կարգաւորելուն համար եւ կապի մէջ են կողմերուն հետ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պայրամով իր կարգին յայտարարած է. «Ռուբէն Վարդանեանի գործունէութիւնը յանցաւոր արկածախնդրական ուղղութիւն, բնոյթ կը կրէ, որուն պէտք է անյապաղ վերջ դրուի»:
«Որքան շուտ այդ մարդը շրջանը լքէ, այնքան լաւ բոլորին համար. նախ եւ առաջ կը տուժէ տեղւոյն բնակչութիւնը, ան չ՛արտօներ վերահամարկուիլ», յայտարարած է Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան պետը` պնդելով, որ մինչեւ Վարդանեանի գալը եղած են «դրական տեղաշարժեր», «դրական հաղորդակցութիւններ»:
Լաւրով իր կարգին յայտարարած է, որ Մոսկուան կապ չունի վերջերս Ռուսիոյ քաղաքացիութենէն հրաժարած միլիառատէր Ռուբէն Վարդանեանի` Արցախ երթալու եւ այնտեղ քաղաքական գործունէութեամբ զբաղելու որոշումին հետ:
Ան յայտնած է, որ մեթոտը, որով Երեւանը որոշած է մասնակիցներուն տեղեկացնել հանդիպման չեղեալ նկատուելուն մասին, հարցեր կը յառաջացնէ: «Մենք, ինչպէս դուք, այս մերժումին մասին տեղեկացած ենք մամլոյ հաղորդագրութենէն: Որեւէ դիւանագիտական խողովակ, որ սովորաբար ներգրաւուած կ՛ըլլայ նման դէպքերու մէջ, չէ օգտագործուած: Ասիկա հայկական կողմի որոշումն է», ըսած է Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ նախարարներու մակարդակով «3+3» ձեւաչափով հանդիպում կը նախապատրաստուի:
«Եւս մէկ նիւթ կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի խնդիրներուն. ժամանակին, գրեթէ երկու տարի առաջ, Ազրպէյճանի նախագահը նախաձեռնեց ձեւաւորել հոլովոյթ մը, որուն պիտի մասնակցին Հարաւային Կովկասի երեք երկիրները եւ անոնց դրացիները` Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը: Այսպէս կոչուած «3+3» խումբ: Այս ձեւաչափով տեղի ունեցած է հանդիպում, որուն թէեւ վրացի գործընկերները չեն մասնակցած, սակայն անոնց համար դուռը միշտ բաց է: Ասիկա այս ձեւաչափի միւս բոլոր մասնակիցներուն հասարակաց կարծիքն է: Եւ այսօր մենք կը հանդիպինք, կը նախապատրաստենք արդէն նախարարներու մակարդակով: Նման հաղորդակցութեան նպատակայարմարութեան ըմբռնում կայ: Մենք կը համաձայնինք ժամկէտներու եւ որոշակի վայրերու մասին, ուր կրնայ հանդիպումը կայանալ: Յոյսով եմ, որ կազմակերպչական այս հարցերուն շուրջ համաձայնութեան հասնիլը շատ երկար չի տեւեր», ըսած է Լաւրով:
Ան Պայրամովի հետ հանդիպումը շատ օգտակար որակած է. «Մենք հասարակաց ըմբռնում ունինք եւ օրակարգէն չենք վերցներ մեր հայ գործընկերոջ մասնակցութեամբ եռակողմ հաղորդակցութիւնը: Մենք հաստատեցինք Մոսկուայի մէջ մեր գործընկերները ընդունելու մեր պատրաստակամութիւնը: Խաղաղութեան համաձայնագիրի նիւթը մնայուն ուշադրութիւն կը պահանջէ, եւ որքան յաճախ մենք օգնենք յառաջ տանիլ բանակցային հոլովոյթը, այնքան շուտ պիտի լուծուին այն հարցերը, որոնք այժմ անհանգստութիւն կը յառաջացնեն», ըսած է Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի կամ Մինսքի խմբակի առաքելութեամբ փոխարինելու գաղափարը հարցեր կը յառաջացնէ:
«Եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, որ ՄԱԿ-ը, ԵԱՀԿ-ը, Մինսքի փաստահաւաք խումբը պէտք է փոխարինէ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին, ապա այստեղ առնուազն քանի մը հարց կը յառաջանայ: Առաջին հարցը. ատիկա ընելու համար անհրաժեշտ է կողմերու համաձայնութիւնը, նախ եւ առաջ` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի: Եթէ այդպիսի հետաքրքրութիւն կայ, եւ եթէ ատիկա լուրջ հետաքրքրութիւն է, ապա, հաւանաբար, նախ պէտք է ատիկա առաջարկել անոնց, որոնք որոշում տուած են ռուսական խաղաղապահ զօրախումբ ուղարկելու մասին եւ թեր արտայայտուած են, որ նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ մտածեն այլ տարբերակի մասին», ըսած է ան:
Եթէ ատիկա կատարուի խօսափողի միջոցով «հրապարակային, ապա այդպէս ալ պէտք է վերաբերիլ ատոր, որ ատիկա հրապարակային գնահատականի, հրապարակային դիրքորոշման շարադրանքի մէկ մասն է», աւելցուց ան:
Լաւրով նաեւ առաջարկած է նայիլ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւններու Ուքրանիոյ, Հայիթիի մէջ արդիւնքներուն, նախքան «անպատրաստից յայտարարութիւններ կատարելը, այն ալ` խորհրդարաններուն մէջ ամբողջ աշխարհին»:


