Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուրմի Պատրաստութեան Գաղտնիքները

Դեկտեմբեր 24, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արդէն Կաղանդի տօնակատարութիւնները սկսած են` իրենց հետ բերելով տուրմի եղանակը: Այս տօնական երկար շրջանին մենք բազմաթիւ առիթներ պիտի ունենանք տարբեր տեսակի տուրմեր համտեսելու: Սակայն ի՞նչ ճամբայ կը կտրէ այդտ տուրմը, մինչեւ հասնի մեր սեղաններուն վրայ:

* * *

Քաքաոյի ծառը

Այս ծառին շնորհիւ է, որ տուրմը գոյութիւն ունի: Տուրմը կը պատրաստուի քաքաոյի ծառին պտուղներով: Քաքաոյի ծառը մօտաւորապէս հինգէն ութ մեթր բարձրութիւն կ՛ունենայ: Անիկա կ՛աճի միայն արեւադարձային տաք եւ խոնաւ կլիմայի մէջ, 400 մեթր բարձրութեան վրայ: Ջերմաստիճանը պէտք է 20-30 աստիճանի միջեւ ըլլայ նաեւ անիկա շատ ջուրի կը կարօտի: Հետեւաբար այս ծառը կը մշակուի հասարակածի մօտ շրջաններուն մէջ:

Այս ծառին ծաղիկները քաքաօ կ՛արտադրեն

Իւրաքանչիւր քաքաոյի ծառ կ՛արտադրէ անուշիկ դեղին կամ վարդագոյն ծաղիկներու փունջեր: Անոնք կը բուսնին կոճղին եւ գլխաւոր ճիւղերուն վրայ եւ բնաւ` փոքրիկ ճիւղաւորումներուն վրայ: Քաքաոյի ծառը գրեթէ ամբողջ տարին կը ծաղկի, սակայն բոլոր ծաղիկները պտուղ չեն տար: Մօտաւորապէս 100 ծաղիկէն միայն մէկ հատը պտուղի պիտի վերածուի: Այս պտուղը չորսէն վեց ամսուան կը կարօտի հասուննալու համար: Երբ պտուղները հասուննան, կարելի կ՛ըլլայ զանոնք քաղելը:

Այս հունձքը տեղի կ՛ունենայ տարին երկու անգամ` մայիսի եւ յուլիսի միջեւ, եւ` նոյեմբերի եւ դեկտեմբերի միջեւ: Այս պտուղներուն մէջ է, որ կը գտնուին քաքաոյի հատիկները (մօտաւորապէս 50 հատիկ` իւրաքանչիւր պտուղի մէջ), որոնք պիտի ծառայեն տուրմ պատրաստելու:

Խոհագիր

 Ուտուելիք Զարդարանքներ

– Այս խոհագիրին համար պէտք ունիս.

  • 100 կրամ շաքարի
  • 1 հաւկիթի
  • 225 կրամ ալիւրի` + քիչ մը սրսկելու համար
    25 կրամ առանց շաքարի քաքաոյի
    100 կրամ կակուղցուած կարագի

Զարդարանքը կազմելու համար բարակ ժապաւէնի եւ խորովածի ցպիկ մը:

Պատրաստութիւն

1.- Իրարու խառնէ շաքարը եւ պզտիկ կտորներու բաժնուած կարագը, միասին մաղէ ալիւրը եւ քաքաոն եւ մէկ անգամով կարագի եւ շաքարի խառնուրդին վրայ պարպէ:

2.- Մատներուդ ծայրով շաղէ խմորը, մինչեւ որ աւազի կերպարանք ստանայ: Խմորին աւելցուր հաւկիթը, շաղէ եւ խմորը գունդի մը վերածէ: Զայն սառնարանը կամ պաղ տեղ մը դիր, որպէսզի հանգչի 1 ժամ:

3.- Փուռը վառէ 180 աստիճանի վրայ (թէրմօսթա 6): Մաքուր սեղանին վրայ ալիւր սրսկէ եւ խմորը բաց, մինչեւ որ 5 սմ հաստութիւն ունենայ: Այս սապլէները կտրէ գաւաթի ծայրով մը կամ յատուկ կաղապարներով:

4.- Փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ քիչ մը կարագ քսէ եւ քիչ մը ալիւր սրսկէ, կամ փուռի յատուկ թուղթով մը ծածկէ: Խորովածի ցպիկով մը պզտիկ ծակեր բաց սապլէներուն մէկ կողմը:

Զանոնք եփէ մօտաւորապէս 10 վայրկեան:

Ձեռային Աշխատանք

 Խաւաքարտէ Տունիկներ

 1.- Այս աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս տուփերու խաւաքարտի:

2.- Տունին օրինակը գծէ խաւաքարտին վրայ եւ չափահասէ մը խնդրէ, որ զայն կտրէ` պարպելով նաեւ պատուհաններուն եւ դուռներուն բաժինը:

3.- Մի՛ մոռնար թեթեւ մը գծաւոր գիծերուն վրայէն քաթըրով անցնիլ, որպէսզի դիւրին ըլլայ այդ բաժինները ծալելը:

4.- Ճերմակ  ներկ մատիտով մը, կամ թիփեքսով մը զարդարէ տունը:

5.- Դուռերուն եւ պատուհաններուն ետեւը փակցուր անոնց չափէն քիչ մը աւելի մեծ կտրելով, թափանցիկ թուղթի կտորներ:

6.- Տունին պատերը ծալէ եւ ծայրի լեզուակին վրայ խէժ դնելով` զայն փակցուր:

7.- Վերջապէս, վրան տանիքը փակցուր:

Ժամանց

Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ պապային` գտնելու դրան ճամբան:

Քանի՞ տարբերութիւններ կրնաս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

Նախորդը

Յունահայութեան Բողոքի Հաւաքը Ատրպէյճանի Կողմէ Արցախի Շրջափակման Դէմ

Յաջորդը

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աւանդական Տօնավաճառ

RelatedPosts

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023
Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին
Մանկապատանեկան

Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին

Փետրուար 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In