ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Տիրան եւ Սիրան Ամպարճեան եւ զաւակները` Միհրան եւ Ասպետ
Տէր եւ տիկին Պատրիկ եւ Մարալ Չրաքեան եւ զաւակները` Խաչիկ եւ Միհրան
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Անի Ամպարճեան եւ դուստրը` Ժանի
Տէր եւ տիկին Արշակ եւ Լենա Ամպարճեան եւ զաւակները` Յարութ, Շանթ եւ Միհրան
Տիկին Սեւան Չրաքեան եւ զաւակները` Լոռի եւ Գառնի
Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Լարա Ամպարճեան
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Կլատ Ամպարճեան
Տէր եւ տիկին Զոհրապ Վարդապետեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յակոբ Վարդապետեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիկին Նուարդ Քաւուք եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Մարիժան Տէյիրմէնճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Գրիգոր, Տիրան, Սիլվա եւ Լեւոն Արսլանեաններ եւ զաւակունք (Քանատա եւ Արժանթին)
Տիկին Ֆլորա Ամպարճեան եւ զաւակները` Նորա, Տիրան, Ճորճ եւ Թամար եւ ընտանիքներ
Վարդապետեան եւ Աւընեան ընտանիքներ
Թրթռեան եւ Տէր Արթինեան ընտանիքներ
Չրաքեան եւ Մանսուրեան ընտանիքներ
Օհանեան եւ Տարաքճեան ընտանիքներ
Գազէզեան եւ Չամիչեան ընտանիքներ
Ասլանեան եւ Տապպաղեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`
ԺԱՆԵԹ ԱՄՊԱՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ, Հալէպ)
մահը:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Վիլլաներ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ
ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ` ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագին եւ նախավկային` Ս. Ստեփանոսի տօնին առիթով, կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2022-ին, կաթողիկոսանիստ մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ,
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ս. պատարագի աւարտին, սարկաւագաց տօնին առիթով, դպրեվանքի սարկաւագները գեղարուեստական յայտագիր պիտի ներկայացնեն վեհարանի դահլիճին մէջ, ապա վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը պիտի ուղղէ:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` աղօթակից դառնալու դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՏՕՆ
ՍՐԲՈՅՆ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԺԱՄԱՍԱՑՈՒԹԻՒՆ
Մասնակցութեամբ`
Լիբանանի Հայոց Թեմի սարկաւագներուն
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ
Սարկաւագաց տօնին առիթով
Ուրախութեամբ կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները` մասնակցելու հոգեպարար արարողութեան:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————
ՀՐԱԺԵՇՏԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
ԿԻՐԱԿԻ, 25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022-ԻՆ
Իր քառասունհինգամեայ ծառայութեան աւարտին հրաժեշտի Ս. պատարագ պիտի մատուցէ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ
ԱՐԺ. Տ. ԽԱՉԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՄԻՍԻՐԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:30-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | ժամը 10:30-ին |
Ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնեալեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ պարգեւատրումի եւ գնահատանքի հանդիսութիւն:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու իւրայատուկ արարողութեան եւ աղօթակից ըլլալու տէր հօր քաջառողջութեան համար:
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
(ԷՇՐԵՖԻԷ)
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու թաղական խորհուրդը, Եկեղեցասէր տիկնանց յանձնախումբը, Աղքատախնամ մարմինն ու դպրաց դասը կու գան յայտնելու իրենց խորախորհուրդ շնորհակալութիւններն ու գնահատանքը մեր բոլոր բարեպաշտ հայորդիներուն, որոնք Ս. Յակոբի տօնին առիթով մասնակից դարձան մեր հոգեւոր ու ազգային տօնախմբութեանց իրենց այլազան տեսակի ծառայութիւններով եւ նուիրաբերումներով, ընծայեցին մատաղցու ոչխար կամ փոխան մատաղցու ոչխարի մասնակցեցան նիւթական նուէրներով: Շնորհակալութիւն ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ՀՄԸՄ-ի Քաղաքի արի-արենուշներուն, որոնք իրենց այլազան տեսակի աշխատանքներով ու ծառայութիւններով առաւել փայլք տուին մեր տօնախմբութեանց: Շնորհակալութիւն բոլոր կամաւոր աշխատողներուն, որոնք կատարեցին ծանր աշխատանքներ: Բոլորի՛ն վարձքը կատար: Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆի հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2022-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
REQUIRE
Needed an Executive secretary, dynamic, with experience in preparing quotations and correspondence. The candidate should be fluent in English with Microsoft Office knowledge. E-mail CV to v-leb@hotmail.com.
—————————————
ՄՆԱՅՈՒՆ ՏՆՏԵՍ-ՊԱՀԱԿԻ ԿԱՐԻՔ
Քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճը (Հայկազեան համալսարանին կից) կարիքը ունի դպրոցին մէջ բնակող տնտեսի: Բնակութեան բոլոր պայմանները ապահովուած են:
Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 01-349816 թիւին` ամէն օր ժամը 8:00-էն 2:30, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:

