Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը որոշած է պարտաւորեցնել Ազրպէյճանին ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները` ապահովելու Լաչինի միջանցքով Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդ անձերու տեղաշարժը: Դատարանի որոշումը կը պարտաւորեցնէ նաեւ ճամբան անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերու անվտանգ տեղաշարժը, կը յայտնէ միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը:
Հայաստան միջանկեալ միջոց կիրարկելու պահանջ եւ լրացուցիչ տեղեկատուութիւն ներկայացուցած էր Եւրոպական դատարան` խնդրելով միջանկեալ միջոց կիրարկել Ազրպէյճանի նկատմամբ Լաչինի միջանցքով անցնող ճամբու փակման հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան իրաւունքներու խախտումները վերացնելու համար: Ճամբան արդէն տասն օր է, որ փակ է:
Ըստ հաղորդագրութեան, որոշումին մէջ կը նշուի, որ դատարանը հաշուի առած է, որ այս պահուն վիճելի են Լաչինի միջանցքին նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ վերահսկողութեան առկայութեան հարցը, ինչպէս նաեւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով Ազրպէյճանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս, «երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով երկկողմ ուղղութեամբ տեղաշարժուող անձերու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու անվտանգութիւնը», եւ յիշեցուցած է Եւրոպական հռչակագիրով ստանձնած պարտաւորութիւնները:


