«Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբու երկարատեւ փակումը կրնայ յանգեցնել սարսափելի մարդասիրական հետեւանքներու», յայտարարած է «Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Հիու Ուիլեըմսըն:
«Անկախ անկէ, թէ ո՛վ կը փակէ ճամբան, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները եւ այնտեղ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերը պէտք է ապահովեն, որ մուտքը բաց մնայ` ապահովելու համար ազատ տեղաշարժը եւ հիմնական ապրանքներու ու ծառայութիւններու հասանելիութիւնը:
«Որքան երկար տեւէ հիմնական ապրանքներու մատակարարումներու եւ ծառայութիւններու խափանումը, այնքան մեծ պիտի ըլլայ քաղաքային անձերու համար վտանգը», ընդգծած է հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէնը:


