«Ճամբան կը շարունակէ փակ մնալ, եւ արդէն 9-րդ օրն է, որ Արցախը կը գտնուի ազրպէյճանական շրջափակման մէջ», ըսած է Արցախի պետական նախարար, գործնական շտապի պետ Ռուբէն Վարդանեան` շտապի երէկուան նիստին` ընդգծելով նաեւ հաւանական բոլոր բեմագրութիւններուն պատրաստ ըլլալու կարեւորութիւնը:
Նիստին զեկուցուած է պարենային ապրանքներու, դեղորայքի, պենզինի եւ վառելանիւթի շուկաներուն մէջ տիրող վիճակին մասին, մասնաւորապէս նշուած է, որ ալիւրի պաշարները բաւարար են, եւ հացի արտադրութեան հետ կապուած խնդիրներ չկան:
Ըստ շտապի հաղորդագրութեան, գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամին մէջ առկայ պաշարներէն նաեւ որոշ տեսակի ապրանքատեսակներ տրամադրուած են խանութներուն:
Վարդանեան յանձնարարած է պետական մարմիններուն նուազագոյնի հասցնել պենզինով բանող ինքնաշարժներու թիւը` նախապատուութիւն տալով կազով բանող ինքնաշարժներուն:
Նիստի ընթացքին ներկայացուած են նաեւ ելեկտրականութեան մատակարարման, ջրամատակարարման եւ այլ ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ ընթացիկ իրավիճակն ու խնայողութիւններուն ուղղուած միջոցառումներու իրականացումը:
Երէկ նաեւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ գումարուած է, օրակարգի վրայ ունենալով Արցախի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը: