Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պարսկական Արշաւանք Ղարաբաղի Վրայ

Դեկտեմբեր 21, 2022
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ջաֆար Ղուլի Խանի Սանձարձակութիւնները
Եւ Վանի Իւզպաշիի Ու Զօրավար
Կոտլեարեւսկիի Քաջագործութիւնները

Զօրավար Նիկոլայ Ռտիշչեւ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խանի եղբօրորդի Ջաֆար Ղուլի խան բանակցութեան մէջ էր Աբաս Միրզայի հետ եւ Ջաւանշիր ու Ջաբրաիլլու ցեղերու ուժերով պիտի միանար պարսկական բանակին ու թիկունքէն հարուածէր ռուսական բանակը: Իբրեւ վարձատրութիւն պարսիկներ անոր պիտի յանձնէին Ղարաբաղի խանութիւնը եւ տասնհինգ հազար թուման:

Աբաս Միրզայի կողմէ Ջաֆար Ղուլիի ուղարկուած նամակը բռնուեցաւ ռուսերուն կողմէ:

Այդ ժամանակ Ջաֆար Ղուլի խան լեռ բարձրացած էր: Կառավարչապետ մարքիզ Փաուլուչչի հրամայեց ձերբակալել զայն:

Սուլթան Բաղ կոչուող վայրին մէջ ռուսական Տրոիցկի գունդի ջոկատ մը տեղակայուած էր, որուն հրամանատարն էր մայոր Ջինի, եւ որուն յանձնարարուեցաւ գործադրել Ջաֆար Ղուլին ձերբակալելու հրամանը:

Ջաֆար Ղուլի խան ձերբակալուեցաւ եւ 1812 յունուարին, գնդապետ Օլովեաննիկովի հրամանատարութեան տակ գործող 178 հոգինոց ջոկատով մը ճամբայ հանուեցաւ դէպի Թիֆլիս:

Ջաֆար Ղուլի խան ձիու մը վրայ նստած էր. անոր ետեւը, նոյն ձիուն վրայ զինուոր մը նստած էր, որ բռնած էր զայն: Ճամբան, Թարթառ գետը անցնելու ժամանակ Ջաֆար Ղուլի հրեց իր ետեւը նստած զինուորը, ջուրը նետեց զայն, իսկ ինք սրարշաւ քշելով ձին անյայտացաւ: Ռուս զինուորները չկրցան բռնել զայն:

Քանի մը օր ետք Ջաֆար Ղուլի խան նամակ գրեց ռուսական հրամանատարութեան, յայտնելով որ ինք Ղարաբաղ կը գտնուի եւ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ռուսական կառավարութեան: Եթէ ինք փախած է, պատճառը այն է որ իրեն համար անպատուութիւն է կալանաւորումը: Իսկ Աբաս Միրզայի գրած նամակէն ինք լուր չունի եւ երբեք նամակագրական կապ չէ ունեցած պարսից գահաժառանգին հետ: Իսկ այն գրութիւնը, որ ռուսերուն ձեռքը անցած է, առաջին նամակն է որ գրած է Աբաս Միրզա եւ անոր բովանդակութեան ինք տեղեակ չէ:

Մարքիզ Փաուլուչչի հաւատք չընծայեց Ջաֆար Ղուլի խանի չքմեղանքներուն եւ կալանաւորել տուաւ Ջաֆարի մայրը` Խէյրանիսա Պեկումը:

Խէյրանիսա Պեկում Թիֆլիս տարուեցաւ, ուր Փաուլուչչի անոր երկու պայման դրաւ. կամ Ռուսաստան երթալ եւ ընդմիշտ հոն բնակիլ, կամ ալ արքունի գանձարանին վճարել 150 հազար ռուբլի, այսինքն այնքան գումար որ Ջաֆար Ղուլի ստացած էր Աբաս Միրզայէն:

Խէյրանիսա Պեկում երկրորդ պայմանը ընդունեց եւ առաջարկեց իր վրայ գտնուող թանկարժէք իրերը վերցնել եւ դրամի վերածել: Յանձնախումբ կազմուեցաւ եւ ամբողջ արդուզարդը 20 հազար ռուբլի գնահատուեցաւ: Խէյրանիսա Պեկում չկրցաւ վճարել մնացեալ գումարը, հետեւաբար Վորոնէժի շրջանը բնակեցուեցաւ:

***

Կոճողոտ Մարտակերտի  շրջանին մէջ, Թարթառ գետի աջ ափին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով, յորդահոս աղբիւրներով եւ ջրաղացներով:

Աբաս Միրզայի տասը հազար ձիաւոր եւ ութ հազար հետեւակ հաշուող պարսկական բանակը 1 փետրուար 1812-ին Մուղանի դաշտէն յարձակման անցաւ Ղարաբաղի վրայ: Ջաֆար Ղուլի խան փութով միացաւ պարսիկներուն:

Պարսկական բանակը արագօրէն յառաջանալով հասաւ Սուլթան Բաղի ձմեռանոցները, Թարթառ գետի մօտակայքը, ուր տեղեկայուած էր ռուսական Տրոիցկի գունդէն 527 հոգինոց ջոկատ մը` մայոր Ջինիի հրամանատարութեան տակ:

Գօտեմարտերը հազիւ սկսած մայոր Ջինի սպաննուեցաւ եւ զայն փոխարինեց գնդապետ Օլովեաննիկով:

Պարսկական զօրքերը շրջապատեցին ռուսական ջոկատը եւ պահանջեցին անձնատուր ըլլալ:

Նոյն ժամանակ Սուլթան Բաղ հասաւ Մեհտի Ղուլի խան եւ Օլովեաննիկովի իր օգնութիւնը առաջարկեց:

Մեհտի Ղուլի խան երկիւղ ունէր որ պարսիկներ Ջաֆար Ղուլին Ղարաբաղի խան կը հռչակեն, եւ հետեւաբար ուզեց ռուսերուն նեցուկը ապահովել:

Մեհտի Ղուլի խան Օլովեաննիկովի առաջարկեց ռուս զինուորները գիշերով Սուլթան Բաղէն հանել եւ կամ Շահբուլաղի բերդը տանիլ, կամ ալ անտառները, ուր անոնք կրնան ապահով ըլլալ:

Շահբուլաղի բերդը Խաչեն գետի աջ ափին, Տիգրանակերտի աւերակներուն վրայ

Սակայն Օլովեաննիկով, պատասխանատուութենէ վախնալով, չընդունեց առաջարկը եւ որոշեց անձնատուր ըլլալ պարսիկներուն: Ան Մեհտի Ղուլի խանին թելադրեց հեռանալ Սուլթան Բաղէն, եւ միւս օրը իր զինուորներուն հրամայեց զէնքերը վար դնել եւ անձնատուր եղաւ Աբաս Միրզային:

Օլովեաննիկովի անձնատուութիւնը մեծ հարուած էր ռուսական վարկին համար: Պարսկական բանակը, ոգեւորուած յաղթանակէն սկսաւ յառաջանալ դէպի Շահբուլաղ:

Այս ժամանակ Շուշի բերդէն Սուլթան Բաղ ուղարկեցին Վանի իւզպաշի Աթաբէկեանը` իր սեփական հայ ձիաւորներով եւ գնդապետ Իլիաշենկոն` ռուս երկու հարիւր զինուորներով եւ երկու թնդանօթներով:

Բայց մինչեւ օգնական զօրքին Սուլթան Բաղ հասնիլը պարսիկներ ջարդած էին ռուս զինուորները:

Վանի իւզպաշի եւ գնդապետ Իլիաշենկօ ռուս զինուորներու ջարդի լուրը ստացան ճանապարհին, Սուլթան Բաղ չհասած:

Կոտորածէն յաղթական վերադարձող պարսիկները շրջապատեցին Վանի իւզպաշիի եւ գնդապետ Իլիաշենկոյի զօրքը: Սուինամարտէ մը ետք Վանի իւզպաշի ճեղքեց պաշարման շղթան եւ զօրքը հասցուց Շահբուլաղի բերդը, ուր անոնք ապաստան գտան:

Շահբուլաղի բերդը իսկոյն պաշարուեցաւ Աբաս Միրզայի եւ Ջաֆար Ղուլի խանի զօրքերուն կողմէ:

Վանի իւզպաշի քանի մը օր շարունակ հերոսաբար դիմադրեց պաշարող զօրքին ամէն կողմէ տեղացող կրակներուն:

Պարսիկներ թնդանօթային ուժգին հարուածներով խորտակեցին բերդին դուռերը եւ ներս խուժեցին:

Մինչ այդ, գիշերուան մութէն օգտուելով Վանի իւզապաշի զօրքը դուրս հանեց բերդէն եւ լեռներէն, դժուարամատչելի վայրերէ յառաջանալով հասցուց Ֆարուղ գիւղը:

Բերդին մէջ մնացած էին քանի մը կռուողներ, որոնք թշնամին խաբելու համար ընդհատ կերպով կը կրակէին: Յետոյ անոնք ալ սատանայի նման աներեւութացան:

***

Կովկասի կառավարչապետ եւ ընդհանուր հրամանատար զօրավար մարքիզ Ֆիլիփփօ Փաուլուչչի, Ղարաբաղի դրութիւնը ծանր եւ օրհասական նկատելով, Թիֆլիսէն անձամբ գնաց Արցախ, ուր 1500 հոգինոց զօրագունդ մը կազմեց եւ անոր հրամանատարութիւնը զօրավար Փիոթր Կոտլեարեւսկիի յանձնեց: Կոտլեարեւսկի իրեն կեդրոնատեղի ընտրեց Ամարասի վանքը:

Նոյն օրերուն արեւելեան Վրաստանի Կախեթ երկրամասին մէջ, ռուսական զօրքին համար գիւղացիներէն ցորեն հաւաքելու պայմաններուն տակ ժողովրդային ապստամբութիւն բարձրացաւ, որ հետզհետէ ծաւալեցաւ: Միեւնոյն ժամանակ վրաց արքայական տան ներկայացուցիչներէն Գրիգոր ինքզինք Վրաստանի թագաւոր հռչակեց:

Մարքիզ Փաուլուչչի Ղարաբաղի մէջ լուր առնելով Վրաստանի մէջ բարձրացած ապստամբութեան մասին, վերադարձաւ Թիֆլիս եւ ճնշեց ապստամբութիւնը:

Փաուլուչչի 1812 ապրիլին Պետերբուրգ կանչուեցաւ եւ զայն փոխարինեց զօրավար Նիկոլայ Ռտիշչեւ:

***

Զօրավար Կոտլեարեւսկի, Ղարաբաղի մէջ կարգ ու հանգստութիւն հաստատելու համար 1812-ի գարնան արշաւանք կազմակերպեց դէպի Արաքսի աջ ափը եւ պարսկական կողմը քշուած Տող գիւղէն չորս հարիւր հայ ընտանիքներ ազատելով վերադարձուց իրենց տուները:

Երկիրը ներքին թշնամիներէն ազատելու համար ան կալանաւորեց շարք մը բէկեր ու ազնուականներ, որոնց մէկ մասը Շուշի բերդին մէջ բանտարկեց, մնացեալներն ալ Գանձակ ուղարկեց:

Արցախցիները իրենց պատուհասը դարձած աւազակութիւններէն պաշտպանելու համար Կոտլեարեւսկի կտրուկ միջոցներու դիմեց: Աւազակութեամբ ապրող թուրք եւ քիւրտ ցեղերէն ան պատանդներ վերցուց անոնց ազդեցիկ ընտանիքներէն եւ այսպիսով զսպեց այդ յելուզակները:

***

Նափոլէոնի ֆրանսական մեծ բանակը 12 (24) յունիս 1812-ին անցաւ Նեման գետը եւ ներխուժեց Ռուսաստան:

Ռուսական բանակը, անկարող դիմադրելու ֆրանսական գերազանց բանակին, սկսաւ արագօրէն նահանջել երկրին խորերը: Նափոլէոն փորձեց ռուսական բանակին ճակատամարտ պարտադրել եւ զայն ջախջախել: Ռուսերուն մարտավարութիւնն էր բանակի հիմնական ուժերը պահպանել, որովհետեւ հակայարձակման միջոցով պիտի վճռուէր պատերազմին ելքը: Սմոլենսկի մօտ ռուսական բանակը փորձեց պաշտպանել քաղաքը, սակայն անյաջող: Ռուսական բանակը վերսկսաւ նահանջը: Պորոտինոյի ճակատամարտէն (26 օգոստոս / 7 սեպտեմբեր) ետք ֆրանսական բանակը 2 (14) սեպտեմբերին մտաւ Մոսկուա: Նոյն օրը սկսած հրդեհները աւերեցին քաղաքը:

Ֆրանսական գրաւող բանակին դէմ ժողովրդային հրոսակային պայքար ծաւալեցաւ:

Նափոլէոն Մոսկուայի մէջ ի զուր սպասեց Ալեքսանդր Ա. կայսրին կողմէ հաշտութեան առաջարկի: Բանակցութիւններու մէջ մտնելու Նափոլէոնի փորձերը մերժուեցան:

***

Մինչ Ռուսաստան ֆրանսական բանակին դէմ պատերազմ կը մղէր, Աբաս Միրզա այս ու այն կողմէն փոքր զօրաբաժիններ կը մտցնէր Կովկաս եւ լայնածաւալ ներխուժում կը պատրաստէր:

Պարսիկներուն նպատակն էր Ռուսաստանի դէմ հանել Կովկասի լեռնական ցեղերը եւ թաթարները:

Զօրավար Կոտլեարեւսկի, պարսկական բանակին պատրաստութիւնները եւ բոլոր երեւոյթները նկատի ունենալով աւելի եւս սկսաւ համոզուիլ որ պարսիկները կարգի կարելի է բերել միայն յարձակողական պատերազմի միջոցով:

Սակայն կառավարչապետ զօրավար Ռտիշչեւ կը կարծէր որ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով կարելի է վերջնական հաշտութեան հասնիլ:

Ռտիշչեւ նամակագրական կապ հաստատեց Աբաս Միրզայի եւ Անգլիոյ դեսպան սըր Ուզլէի հետ:

Իր կարգին սըր Ուզլէ իբրեւ բանագնաց Թիֆլիս ուղարկեց իր ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Կորտընը:

Կոտլեարեւսկի դէմ էր այդ բանակցութիւններուն, որոնք կը ձգձգուէին, ի վերջոյ յանգելով այն եզրակացութեան, որ պարսկական կառավարութիւնը պատրաստ չէ պայմաններու մասին խօսելու:

Զօրավար Ռտիշչեւ Ղարաբաղ մեկնեցաւ բանակցութիւններուն համար տեղ որոշելու: Ան համաձայն էր, որ այդ վայրը ըլլայ ռուս-պարսկական սահմանին վրայ, եւ այդ առաջարկով ալ Աբաս Միրզայի մօտ ուղարկեց զօրավար Հախվերտովը:

Պարսիկներ քաղաքավարօրէն ընդունեցին Հախվերտովը: Աբաս Միրզա մերժեց սահմանին վրայ տեղ նշանակել եւ պահանջեց որ զօրավար Ռտիշչեւ անձամբ իր մօտ գայ խօսելու:

Զօրավար Հախվերտով պարսկական բանակատեղին եղած ժամանակ իմացաւ որ Նափոլէոնի բանակը մտած է Մոսկուա եւ հրդեհած քաղաքը:

Զօրավար Ռտիշչեւ, իբրեւ բնիկ մոսկուացի, դառն արտասունքներով իմացաւ Մոսկուայի անկման լուրը: Ան մերժեց երթալ Աբաս Միրզայի մօտ եւ առաջարկեց բանակցութիւններ սկսիլ երկու կողմերէն ընտրուած լիազօրներու միջոցով:

Պարսիկներ ընդունեցին առաջարկը եւ լիազօրներու տեսակցութեան վայր նշանակուեցաւ Ասլանդուզ բերդը Արաքսի աջ ափին, պարսկական հողի վրայ: Ռուսերուն կողմէ լիազօրն էր զօրավար Հախվերտով: Ան պիտի առաջարկէր, որ պահպանուի գոյավիճակը եւ իւրաքանչիւր կողմ մնայ իր նուաճած երկիրներու սահմաններուն վրայ:

Ռուսական կողմը պարսիկներուն խոստացաւ օգնութիւն ցոյց տալ Ֆաթհ Ալի շահին անձնական գործերուն մէջ: Իրանի տիրակալը մինչեւ այդ ժամանակ ռուսերուն կողմէ չէր ճանչցուած իբրեւ օրինական թագաւոր: Ռուսեր խոստացան ճանչնալ Ֆաթհ Ալի շահին իշխանութիւնը եւ անոր որդիներէն Աբաս Միրզան` իբրեւ գահաժառանգ:

Ֆաթհ Ալի շահ աւելի քան հազար կիներէ բաղկացած հարէմ, յիսունեօթը տղայ եւ քառասունվեց աղջիկ ունէր: Աւագ որդին Մոհամէտ Ալի Միրզան էր, իսկ Աբաս Միրզա երկրորդ որդին էր: Իրաւականօրէն գահին ժառանգորդը աւագ որդին պէտք է ըլլար, բայց շահը Աբաս Միրզան շատ սիրելով, զայն գահաժառանգ հռչակած էր:

Պարսկական կողմը պայման դրաւ, որ ռուսեր Պարսկաստանի վերադարձնեն Անդրկովկասի իրենց նուաճած բոլոր երկիրները: Բանակցութիւնները խզուեցան:

***

Զօրավար Կոտլեարեւսկի, որ այսպիսի ելք կը սպասէր բանակցութիւններէն, Ռտիշչեւի առաջարկեց թոյլ տալ իրեն յարձակելու պարսիկներուն վրայ: Ռտիշչեւ մերժեց, եւ Կոտլեարեւսկի ըսաւ որ իր հրաժարականը բարձրագոյն հրամանատարութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ: Ռտիշչեւ տեղի տուաւ, եւ Կոտլեարեւսկի ազատութիւն ստացաւ ինքնուրոյն գործելու:

Ռտիշչեւ կը պատրաստուէր Թիֆլիս վերադառնալու, երբ լուր հասաւ որ Կախեթի մէջ նոր ապստամբութիւն բարձրացած է եւ Անդրկովկասը Ռուսաստանի կապող Վլատիկաւկասի ճանապարհը փակուած է: Լեզգի յելուզակներ սանձարձակ կը գործեն լեռներուն վրայ եւ մինչեւ Թիֆլիսի Հաւլաբար թաղը հասած են:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ռտիշչեւ ամէն լիազօրութիւն տուաւ Կոտլեարեւսկիի` գործելու պարսիկներւն դէմ, բայց միայն Արաքսի ձախ ափին, Ղարաբաղի խանութեան սահմաններէն ներս եւ արգիլեց անցնիլ պարսկական ափը:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Առաջնորդ Սրբազանը Բացումը Կատարեց Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Ռ. Եւ Գ. Գաբրիէլ Մանկապարտէզ-Մանկամսուրի Խաղավայրը Զարդարող Մեծ Որմնանկարին

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?