Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գրական Ցերեկոյթ` Նուիրուած Հայ Անուանի Գրող Վահագն Դաւթեանի 100-Ամեակին
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի մէջ դեկտեմբեր 16-ին կայացաւ գրական ցերեկոյթ` նուիրուած հայ անուանի գրող Վահագն Դաւթեանի 100-ամեակին:
Գրական ցերեկոյթին կայացաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի կողմէ գրողի 100-ամեակին առիթով լոյս տեսած խորհրդանշական 100 բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհահանդէսը: Հաղորդենք, որ գիրքը կազմած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սիլվա Իւզպաշեանը, իսկ խմբագիրն է բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանը:
Շնորհահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանի խօսքով, այնուհետեւ ներկաները ունկնդրեցին Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սիլվա Իւզպաշեանի հրաշալի ասմունքը:
Խօսքեր արտասանեցին` Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Պետրոս Տեմիրճեանը, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Անժելա Խորէնեանը, գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեանը, գիրքի խմբագիր, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանը, գրականագէտ, «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Արմէն Աւանեսեանը, իսկ հանդիսութիւնը փակուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի խօսքով:
Շնորհահանդէսի ընթացքին հնչեցին Վահագն Դաւթեանի այն բանաստեղծութիւնները, որոնք տարբեր ժամանակներու մէջ երգերու վերածուած են, ինչպէս նաեւ Անդրանիկ Մալխասեանի կատարողութեամբ առաջնելոյթը կայացաւ «Աշուն» երգին, որուն երաժշտութիւնը յօրինողն է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի փրոֆեսէօր Մարգարիտ Սարգսեանը:
Նշենք, որ այս մասին տեղեկացուցին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակէն:
Ստեփանակերտի Մէջ Կազմակերպուած Է «Կեանքի Ճանապարհ» Խորագրով Ֆլեշ–Մոպ
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արամ Յարութիւնեանի նախաձեռնութեամբ, դեկտեմբեր 17-ի երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ֆլեշ-մոպ` «Կեանքի ճանապարհ» խորագրով:
«Մենք ենք մեր սարերը» յուշակոթողի տարածքին հարիւրաւոր արցախցի երիտասարդներ լոյսերով պատկերեցին «Կեանքի ճանապարհ» (roadoflife) բառակապակցութիւնը: Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արամ Յարութիւնեան այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ արդէն 6-րդ օրն է, որ Արցախը մայր Հայաստանի կապող միակ ճանապարհը Ազրպէյճանի կողմէ փակուած է` նպատակ ունենալով վախցնել, զիջումներ կորզել եւ աւարտին հայրենազրկել արցախահայութիւնը: «Մեր նապատակն ու ընելիքները այդ ամէնը թոյլ չտալն է, եւ պէտք է մեզմէ կախեալը կեանքի կոչենք: Այդպիսի նախաձեռնութիւն է նաեւ «Կեանքի ճանապարհ» ֆլեշ-մոպը եւ այդ ծիրին մէջ նախատեսուող տեսահոլովակը` մեր հարցը հանրահռչակելու համար», ըսաւ պատգամաւորը:
Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Գրողները Ծանր Ընկերային–Տնտեսական Վիճակի Մէջ Են. Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը Կը Դիմէ Աշխարհին
Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութիւնն ու նախագահութիւնը կը դիմեն աշխարհի գրական-մշակութային կազմակերպութիւններուն, գործիչներուն` շեշտելով, որ ազրպէյճանցի «բնապահպաններու»` Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհը բնապահպանական յօրինովի հարցերով փակելու պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծանր ընկերային-տնտեսական եւ բարոյական-հոգեբանական վիճակի մէջ կը գտնուին նաեւ Գրողներու միութեան անդամները, որոնք կ՛ակնկալեն միջազգային կազմակերպութիւններու ձայնի ուժգին ալիքը, այլապէս այսպիսի «բնապահպաններ» օր մըն ալ պիտի յայտնուին իրենց երկիրներու ճանապարհներուն:
«Զարմանալի է` ո՞ւր էին այդ բնապահպանները, երբ ֆոսֆորային ռումբեր կը նետուէին Լեռնային Ղարաբաղի անտառներու վրայ, բեկորային ռումբեր կը նետուէին քաղաքացիական շէնքերու, մանկապարտէզներու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու վրայ: Կ՛երեւի այդ ժամանակ սելֆի կ՛ընէին Ռամիլ Սաֆարովին հետ: Բարեբախտաբար աշխարհի բարեսիրտ մարդիկ, օրինասէր միջազգային կազմակերպութիւններ եւ երկիրներ իրենց ձայնը կը բարձրացնէին այս հակամարդկային, ցեղասպան, դարերով մշակուած գործողութիւններուն դէմ: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Գրողներու միութեան անդամները ծանր ընկերային-տնտեսական եւ բարոյական-հոգեբանական վիճակի մէջ են: Անոնցմէ ոմանք ծեր են, հիւանդ եւ բուժօգնութեան ու աջակցութեան կարիքը ունին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Շրջափակման Առաջին Հինգ Օրերուն Արցախի Մէջ Արձանագրուեցաւ 13 Ծնունդ
Դեկտեմբեր 12-է 16 Արցախի Հանրապետութեան շրջաններու եւ Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոններուն մէջ արձանագրուեցաւ 13 ծնունդ: Այս մասին տեղեկացուց Արցախի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակը: «Նորածիններէն 4-ը տղաներ են, 9-ը` աղջիկներ: Ծնունդներէն 2-ը արձանագրուած են Մարտակերտի շրջանին, 1-ը Մարտունիի, միւսները` Ստեփանակերտի մէջ», մանրամասնեց խօսնակը:
Անոր տեղեկատուութեամբ, այս պահի դրութեամբ առաջին բուժօգնութեան անհրաժեշտ դեղորայքն ու բուժպարագաները կը բաւարարեն, սակայն, ըստ զրուցակիցի մը, անոնց մատակարարման տեսանկիւնէ մտահոգիչ է Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհին փակ մնալը:
Դժուար Է Արցախէն Հեռու Ապրիլը. Միջանցքին Փակ Ըլլալուն Պատճառով Գորիսի Մէջ Հանգրուանած Արցախցի Երեխաները Անհամբեր Կը Սպասեն Տունդարձին
Արցախցի խումբ մը երեխաներ, որոնք Երեւանի մէջ ներկայ գտնուեցան «Մանկական Եւրոտեսիլ-2022» մրցոյթին, չեն կրնար վերադառնալ իրենց տուները, որովհետեւ Ազրպէյճանը փակած է Բերձորի միջանցքը, որ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհն է:
Անոնք հանգրուանած են Գորիս եւ անհամբեր կը սպասեն, թէ երբ կարելիութիւն պիտի ունենան վերադառնալու Արցախ: Երեխաները նշած են, որ կարօտցած են իրենց տունն ու ծնողները, թէեւ ամէնօրեայ դրութեամբ կապի մէջ են անոնց հետ:
Լրագրողներ խօսած են երեխաներուն եւ անոնց խումբի ղեկավարին` Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական Այտա Գեանջումեանի հետ:
«Այս սադրանք է, Ազրպէյճանի ձեռագիրը չի փոխուիր, եւ անոնց նպատակը Արցախը հայաթափելն է, Արցախի մանուկին ապրելու, ազատ տեղաշարժելու, կրթութիւն ստանալու իրաւունքէն զրկելն է, որովհետեւ այս երեխաները պէտք էր երթային եւ իրենց դասընկերներուն հետ մասնակցէին կիսամեայի գրաւորներուն, որովհետեւ առաջին կիսամեայի աւարտն է, բայց այս ամէնը վտանգուած է», նշեց խումբին ղեկավարը` աւելցնելով, որ իրենց միակ փափաքն է ապրիլ Արցախի մէջ եւ շէնցնել իրենց պապերուն հողը:
Ան պատմեց, որ դեկտեմբեր 12-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին դուրս ելած են Երեւանէն եւ ճամբան լսած են, որ միջանցքը փակ է: «Մօտաւորապէս հինգ ժամ սպասելէ ետք, երբ տեսանք, որ տակաւին նորութիւն չկայ ու արդէն երեկոյ է, մտածեցինք հիւրանոցի մէջ տեղաւորուելու մասին: Երեխաներէն մէկուն ծնողը Գորիսի մէջ ընկերներ ունէր, կազմակերպեց, եւ մենք տեղաւորուեցանք Գորիսի «Միրհաւ» հիւրանոցին մէջ», ըսաւ Այտա Գեանջումեանը` յայտնելով, որ իր խումբին մէջ 16 երեխայ կայ:
Խումբին ղեկավարը կոչ ուղղեց բոլոր հայերուն` Արցախի, Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, համախմբուելու եւ կանգնելու Արցախի ժողովուրդի կողքին:
Ծանրամարտի ախոյեան 11 տարեկան Եուլիա Շիրինեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ դժուար է Արցախէն հեռու ապրիլը. «Արդէն երկու օր է` հեռու եմ իմ տունէս ու ծնողներէս, ճիշդ է անընդհատ կը խօսինք, բայց արդէն կարօտցած եմ»:
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Մէջ Ներկայացուեցան «Սեւանայ Լիճի Շրջակայ Միջավայրի Պահպանութիւն» Ծրագրին Արդիւնքները
Դեկտեմբեր 14-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային` Սեւանայ լիճի պահպանութեան փորձագիտական յանձնախումբին նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Եւրոպական միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող «Սեւանայ լիճի շրջակայ միջավայրի պահպանութիւն» (EU4Sevan) ծրագրին արդիւնքները:
Նիստին մասնակցեցան` Սեւանայ լիճի պահպանութեան փորձագիտական յանձնախումբի նախագահ Բարդուխ Գաբրիէլեանը, յանձնախումբի անդամները, EU4Sevan ծրագրի ղեկավար Քրիսթիան Հենշելը, ծրագրի խորհրդականներ Ալեքսանդր Առաքելեանը, Յովիկ Սայատեանը, Էդկար Փիրումեանը, Իրինա Բալասեանը, ծրագրի մարզային համակարգող Վարազդատ Սարգսեանը, ՄԱԶԾ կլիմայի, շրջակայ միջավայրի, կայունութեան թիմի ղեկավար Յովհաննէս Ղազարեանը, ՄԱԶԾ փորձագէտ Գայիանէ Ղարագեբակեանը, ծրագրի ՄԱԶԾ բաղադրիչի համակարգող Աստղիկ Դանիէլեանը:
Ըստ EU4Sevan ծրագրի հաշուետուութեան, ծրագիրը ընդգրկած է Սեւանայ լիճի աւազանի 5 համայնքներ, ուր իրականացուած են բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ հետազօտութիւններ: Ծրագրի բաղադրիչներն են` Սեւանայ լիճի ջրահաւաք աւազանի մէջ ջուրի մշտադիտարկման եւ կառավարման կարողութիւններու բարելաւում, կայուն հողօգտագործում, կոյուղիներու ջուրերու մաքրում ու կառավարում, իրազեկութեան բարձրացում եւ տեղեկատուութեան հասանելիութիւն, Սեւանայ լիճի էքոհամակարգի կառավարման բարելաւում:
EU4Sevan ծրագրի խումբի ղեկավար Քրիսթիան Հենշելը նշեց. «Գլխաւոր հարցը տեսլականն է` ինչպէ՞ս մենք կը տեսնենք Սեւանայ լիճի ապագան, ի՞նչ ակնկալիքներ ունինք: Կարեւոր է օրէնսդրական դաշտի կարգաւորումը եւ որոշում կայացնող կառոյցներու միջեւ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ` տուեալներու կառավարման հարցը: Անհրաժեշտ է տուեալներու միասնական հարթակի ստեղծումը, որ կրնայ աջակցիլ որոշում կայացնողներուն»:
Սեւանայ լիճի պահպանութեան փորձագիտական յանձնախումբի նախագահ Բարդուխ Գաբրիէլեան բարձրացուց լիճի աւազանին մէջ հանքավայրերու շահագործման հարցը: «Այդ հարցը պէտք է ներառուի ծրագրի ճանապարհային քարտէսին մէջ, պէտք է գնահատուի հանքավայրերու ներկայ եւ կարելի ազդեցութիւնը: Խօսքը փոքր հանքերու մասին է, որոնց հետ կապուած` ամէն շաբաթ յանձնախումբը դիմումնագիրներ կը ստանայ եւ կը քննարկէ զանոնք: Այս կարեւոր հարց է եւ կարեւոր ազդեցութիւն ունի լիճի ջուրի որակին եւ էքոհամակարգին վրայ». նշեց Բարդուխ Գաբրիէլեան: Ան նաեւ հաղորդեց, որ պէտք է թիրախային աշխատիլ ձկնորսներուն հետ: «Սեւանայ լիճի աւազանին մէջ բնակողներուն մեծ մասը կապուած է ձկնորսութեան հետ, եւ կարեւոր է, որ անոնք հասկնան, թէ այդ աղբիւրներուն կանոնաւոր եւ կայուն օգտագործումը իրենց համար աւելի օգտակար կ՛ըլլայ», ըսաւ Բարդուխ Գաբրիէլեան:
Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Գիտութեան հանրայնացման եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Մէջ Ցուցահանդէսով Նշուեցաւ Սայաթ Նովայի 300-Ամեակը
Ուշ միջնադարու հայ մեծագոյն բանաստեղծ, աշուղ Սայաթ Նովայի 300-ամեակին առիթով դեկտեմբեր 19-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Սայաթ Նովայի գրական ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէսին, որ կ՛ընդգրկէ մօտաւորապէս 110 միաւոր գիրք եւ նոթագրութիւններ:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին գրականագէտ Սուսաննա Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Սայաթ Նովա բանաստեղծ-աշուղ է, սակայն միայն աշուղ ըլլալու փաստը ընդգծելը կը նշանակէ զինք իջեցնել այն բարձունքէն, ուր կանգնած է: «Վիթխարի գագաթ է Սայաթ Նովան: Անոր արուեստին նշանակութիւնը դուրս է հայ ազգային մշակոյթի սահմաններէն, թէեւ այն, ինչ ազգային է, նաեւ համամարդկային է: Համամարդկային են Սայաթ Նովայի բանաստեղծութիւնները, խոհափիլիսոփայական ստեղծագործութիւնները: Ան յայտնի է իբրեւ մեծ սիրերգող, սակայն անոր գործերուն մէջ կայ հսկայական փիլիսոփայութիւն, որ բոլոր ժամանակներու մէջ արդիական է», նշեց Յովհաննիսեան եւ շեշտեց, որ Սայաթ Նովա նաեւ բարոյական արժէքներու պահպանման չափանիշ է:
Գրականագէտը յիշեցուց, որ բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ Սայաթ Նովա արժեհամակարգի երեք կարեւոր կէտերու կ՛անդրադառնայ: «Սայաթ Նովա կ՛ըսէ` Աստուած սիրէ. նկատի ունի` սիրէ կատարելութիւնը, այն, ինչը անթերի եւ աստուածային է. յետոյ կ՛ըսէ` հո՛գի սիրէ. այսինքն սիրէ այն, ինչը հոգեւոր է, եւ ապա միայն կ՛ըսէ` եա՛ր սիրէ: Սայաթ Նովայի մեծութիւն ըլլալը խոստովանած են ո՛չ միայն հայերը, այլ նաեւ` այլազգիները: Բրիւսով 1915 թուականին թարգմանած է Սայաթ Նովայի, Քուչակի գործերը եւ կ՛ըսէ, որ այդ երկու տաղերգուները կ՛ապացուցեն հայ ժողովուրդին ո՛չ միայն ոգեղէնութիւնն ու հանճարը, այլ նաեւ` այն, որ հայ ժողովուրդը ունի բոլոր իրաւունքները` մտնելու քաղաքակիրթ ազգերու մէջ եւ մասնակցելու համամարդկային արուեստի ստեղծման», ընդգծեց Յովհաննիսեան եւ տեղեկացուց, որ Սայաթ Նովայի ձգած հայերէն ժառանգութենէն մեզի հասած է 46 տաղ:
Արժէքաւոր շարք մը գիրքերու կողքին, ցուցադրութեան մէջ տեղ գտած է գրադարանավար-մատենագէտ Ռաֆիկ Ղազարեանի` Սայաթ Նովայի նուիրուած գիրքը, որ ան լոյս ընծայած է 25 տարի առաջ: «Գիրքը գրած եմ բանաստեղծի 275-ամեակին առիթով: Անիկա դրուած է գրադարանները, Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններով հետաքրքրուողները ուղղորդելու եւ անոր օգնելու համար: Գիրքին մէջ անոր մասին բազմապիսի մատենագիտական տեղեկութիւններ կան, բանաստեղծին կենսագրութիւնը, Սայաթ Նովայի բանաստեղծութիւններէն, տաղերէն տարբեր մէջբերումներ, որոնք սերտ կապ ունին այսօրուան կեանքին հետ: Այն միտքերը, որոնք գրած է դարեր առաջ, մինչեւ այսօր արդիական են: Զարգացած է արհեստագիտութիւնը, սակայն մարդկային հոգեբանութիւնը, մտածողութիւնն ու յարաբերութիւնները գրեթէ չեն փոխուած», շեշտեց Ղազարեան:
Անոր խօսքով, հարցը այն է, որ այսօր շատերը չեն ընկալեր Սայաթ Նովան: Պատճառը լեզուական խոչընդոտն է: Կան բառեր, որոնք այսօրուան երիտասարդութիւնը չի հասկնար, հետեւաբար չի կրնար ընկալել Սայաթ Նովայի գործերուն խորութիւնը եւ սիրելու ըստ արժանւոյն գնահատել անոր ստեղծագործութիւնները: Ղազարեանի համոզումով, այժմ Սայաթ Նովան կը սիրեն ու կը ճանչնան երգի միջոցով:
«Անուանի դերասան Բաբգէն Ներսիսեանի` Սայաթ Նովա ասմունքելէն ետք, չեմ լսած ոեւէ մէկը, որ այդպէս կը ներկայացնէ մեծ բանաստեղծը: Ներսիսեանի շնորհիւ ամէն ինչ հասկնալի կը դառնար: Շատ կարեւոր է, որ դպրոցներու, համալսարաններու մէջ կատարուի կարելին` Սայաթ Նովան ընկալելու համար», նշեց Ղազարեան եւ աւելցուց, թէ Սայաթ Նովա եզակի մեծութիւն է, որ ստեղծագործած է երեք լեզուներով` հայերէն, վրացերէն, թրքերէն:
Ղազարեանի խօսքով, բանաստեղծը նաեւ արաբերէն ու պարսկերէն իմացած է, որուն մասին տեղեկացած է անոր գործերէն: «Ան կրցած է սիրելի դառնալ երեք ժողովուրդի համար, ու գիրքիս մէջ ներառած եմ 50 հեղինակի բազմաթիւ ասոյթներ, որոնցմէ ոեւէ մէկը միւսը չի կրկներ: Ինչպէս կ՛ըսէր Յովհաննէս Թումանեան, ան, որ սիրեց Սայաթ Նովան, չի դադրիր սիրելէ: Թումանեան կ՛ըսէր, որ Սայաթ Նովա անմաշ ու անմահ է: Իսահակեանը կ՛ըսէ, որ Սայաթ Նովա մթնոլորտ ստեղծած է», յիշեցուց Ռաֆիկ Ղազարեան:
Մատենագէտը 2015-ին փափաքած է եւս մէկ հրատարակութիւն նուիրել Սայաթ Նովայի, սակայն հովանաւոր չէ գտած, եւ աշխատանքը կիսատ մնացած է: Եթէ աջակիցներ գտնէ, աշխատանքը կ՛աւարտի մէկուկէս ամիսէն:
Սայաթ Նովայի իրական անունը Յարութիւն է, իսկ մականունը` Սայադեան: Ան ծնած է 14 յունիս 1712-ին, Թիֆլիս:
Սայաթ Նովայի կեանքը աւելի քան 150 տարի եղած է գրականագէտներու, լեզուաբաններու, պատմաբաններու եւ փիլիսոփաներու բանավէճերու առարկան: Անոր կեանքի բազմաթիւ կարեւոր հանգամանքներ եւ մանրամասնութիւններ մինչեւ օրս ալ ամբողջութեամբ չեն ուսումնասիրուած: Աշուղին մասին տեղեկութիւններու հիմնական աղբիւրներէն են իր գրած բանաստեղծութիւնները:
Սայաթ Նովայի խաղերուն մէջ եղած ծածկագրութիւններու վերծանութիւններու հիման վրայ տարբեր ուսումնասիրողներ անոր ծննդեան տարին համարած են 1712, 1717, 1722 թուականները:
Սայաթ Նովա իր տաղերուն մէջ անգամ մը ինքզինք թիֆլիսեցի կոչած է, անգամ մը` հալէպցի կամ ատանացի: Սայաթ Նովա քանի մը տաղերու մէջ յիշատակած է, որ ինքը հալէպցի պանդուխտ Կարապետի եւ Թիֆլիսի արուարձան Հաւլաբարի բնակիչ Սառայի որդին է: Նախնեաց հայրենիքը հաւանաբար Կիլիկեան Հայաստանն է, հօր` մահտեսի Կարապետի ծննդավայրը` Ատանան կամ Հալէպը: Սայաթ Նովայի ընտանիքը Թիֆլիսի մոքալաքներէն` քաղաքային արհեստաւորներէն էր:
Սայաթ Նովայի ուսումնասիրութեան գործին մէջ որոշակի դեր խաղացած են Հարաւային Կովկասի հայ աշուղներու եւ ուշ միջնադարի հայ տաղերգուներու, յատկապէս Նաղաշ Յովնաթանի ստեղծագործութիւնները եւ աշուղ Դօստիի խաղերը: Ստեղծագործական առաջին քայլերը ան սկսած է թրքական խաղերով, յետոյ աստիճանաբար անցած է հայերէնի ու վրացերէնի: Ան գիտակցած է աշուղ-բանաստեղծի բուն դերին եւ կոչումին, հասկցած է գեղեցիկի, կատարելութեան իտէալներն ու դաշնութեան պատգամները, զանոնք վերարծարծած եւ քարոզած է ամէնուր եւ ամէնուն համար` առանց ազգակարգային ու դասակարգային խտրութեան: