Գերմանիոյ արտաքին քաղաքական գործիչները Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն` դադրեցնելու Լաչինի միջանցքի փակումը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջան, ուր 120 հազար մարդ օրեր շարունակ կտրուած է բոլոր մատակարարումներէն:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Պունտըսթակի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն-Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն խորհրդարանական խումբի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բանբեր Եուրկըն Հարտթ Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղած է դադրեցնելու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը:
«Հակառակ անոր որ Ազրպէյճան կը պնդէ, որ դիւանագիտական լուծում կը փնտռէ, տագնապը չի հանդարտիր», ըսած է Հարտթ «ՌետաքցիոնզՆեցվերք Տէօչլանտ»-ին ու աւելցուցած. «Ակնյայտօրէն, Պաքուն կ՛աջակցի շրջափակողներուն: Պաքուի կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ դադրեցնէ շրջափակումը»:
Պունտըսթակի Կանաչներ խմբակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բանբեր Եուրկն Թրիթին իր կարգին Ազրպէյճանէն պահանջած է անյապաղ դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը, հակառակ պարագային` մարդասիրական աղէտ կը սպառնայ:
«Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին նոյնպէս պէտք են ազդանշաններ Եւրոպայէն, որ ան պէտք է ազատ ձգէ Լաչինի միջանցքը: Ազրպէյճանի նոր դերը, իբրեւ Եւրոպայի համար ուժանիւթի կարեւոր մատակարար, պէտք չէ յանգեցնէ Պրիւքսելի մեղմ արձագանգին», ըսած է Թրիթին: