Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցիչ, գրագէտ, ազգային գործիչ Գէորգ Աբէլեանին նուիրուած յուշ- երեկոյ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Ճորճ Աբէլեանի աշխատանքի ընդարձակ ծիրը` Հայ աւետարական եկեղեցւոյ եւ վարժարանին մէջ ուսուցիչ, կրթական մշակ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն մէջ տարբեր պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած, յատկապէս ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին մէջ` ներկայացուցիչ եւ քարտուղար, աւելի քան 50 տարուան վաստակ ունեցող անդամ, Այնճարի մէջ տարբեր յանձնախումբերու անդամ եւ նախագահ, լրագրող, վաւերագիր, յօդուածագիր, գիրքերու հեղինակ, ուսումնասիրական աշխատանքներ կատարող, Պեքաայի մէջ արհեստից առաջին դպրոցներէն մէկուն տնօրէն, անձնական «Սաւա» ընկերութեան տէր, Ազգային բուժարանի հոգաբարձու, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադիր եւ երկար տարիներու ժրաջան անդամ: Ապա ան դիտել տուաւ, որ ընդհանրապէս ընկերութեան մէջ, յատկապէս` հայկական իրականութեան մէջ, մարդու, ի մասնաւորի ազգային մարդու յաջող օրինակ է Ճորճ Աբէլեան, որ Քեսապէն եկած է Այնճար, մեծ դժուարութեամբ յաճախած է Հայկազեան համալսարան, ուսուցչութիւն ըրած է, հայ ընտանիք կազմած է, Այնճարի մէջ ի՛ր ճիգերով հող գնած է, տուն կառուցած, անձնական հաստատութիւն հիմնած ու վարած: Ե. Հաւաթեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ այն իրականութիւնը, որ Աբէլեանին մտահորիզոնը, աշխատանքային դաշտը ընդարձակ էր, անոնք չէին սահմանափակուած Այնճարով կամ Քեսապով, այլ համահայկական հարցերով հետաքրքրուած էր մեծապէս, իր գործունէութիւնը նաեւ այդ մակարդակով ծաւալած էր, հայն ու Հայաստանը մնայուն կերպով դրոշմուած էին անոր էութեան մէջ: Ան հաստատեց, որ Ճորճ Աբէլեան նաեւ իբրեւ մարդ օրինակելի էր` բծախնդիր, գործունեայ, վստահելի, իրեն վստահուած աշխատանքի լիուլի կատարող, հակառակ իր պատասխանատու պաշտօններուն` ան զուարթ հոգիի տէր եւ անմիջական էր: Իր խօսքը եզրափակելով` Եսայի Հաւաթեան ըսաւ, որ այսօր անոր ձգած բացը մեծապէս զգալի է, որովետեւ Ճ. Աբէլեանի բազմաճիւղ աշխատանքը շարունակողներ չկան, սակայն մխիթարութիւն է այն, որ անոր զաւակները տէր են իրենց հօր աւանդին եւ գրական վաստակին:
Ապա ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը` Ճորճ Աբէլեանի կեանքի ուղին ներկայացնող: Ապա Յուշիկ Սնապեան-Ադամեան ասմունքեց:
Ճորճ Աբէլեանին մասին իր վկայութիւնը տուաւ Նորա Բարսեղեան, որ հաստատեց, թէ հակառակ տարիքին` միշտ երիտասարդական շունչով, կորովով օժտուած Ճորճ Աբէլեան տիրական ու ողջունելի ներկայութիւն էր ոչ միայն «Ազդակ» օրաթերթի էջերուն մէջ` իբրեւ հետեւողական յօդուածագիր, այլ նաեւ` «Ազդակ»-ի յարկին տակ, ուր տրուած անոր այցելութիւնները անպայման դրական լիցք կը հաղորդէին, քաջալերական էին ու հարստացնող. «Նոյնիսկ եթէ յատուկ ընելիք չունենար, ան կը հանդիպէր խմբագրատուն, որովհետեւ ընկեր Ճորճին մէջ տիրական եղող մարդկային վեհ գիծերը զայն կը մղէին` գիշերն ու ցերեկը իրարու կամրջող ազդակցիներուս թէկուզ անառիթ բարեւ մը տալու, մեր որպիսութիւնը հարցնելու, սիրալիր ու մտերիմ ոճով գնահատանքի ու յաջողութեան մաղթանք մը կատարելու, իր լաւատեսութենէն քիչ մըն ալ մեզի հրամցնելու` միշտ քաջալերելով, աւելի լաւին յոյսով վարակելով մեզ»:
Ն. Բարսեղեան յատկապէս անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ Ճ. Աբէլեան ոչ միայն առատ եւ հետեւողական գրող էր, այլ նաեւ` ժրաջան, աշխատանքի սրբութեան հաւատացող եւ զայն կեանքի նպատակակէտի վերածած, հայ գիրին, գիրքին, «Ազդակ»-ի նկատմամբ մեծ սէր ու յարգանք տածող անձնաւորութիւն մը, որուն համար այդքան ալ դժուար չէր նիւթ գտնել, որովհետեւ ան իր առօրեան միշտ կը լեցնէր հայութիւնն ու մարդկութիւնը յուզող հարցերով եւ խնդիրներով, մնայուն կերպով կը հետեւէր լուրերուն, մեր առօրեայի հարցերուն եւ այդ բոլորը իր մտքին մէջ խմորելէ ետք կը յանձնէր թուղթին` ծնունդ տալով Ձիւնականի գրութիւններուն, որոնց մէջ ան լոկ քննադատելու համար սլաքներ չէր ուղղեր, այլ կը տառապէր, կը տագնապէր եւ այդ բոլորը երգիծական ոճով կը ներկայացնէր:
Ան ապա խօսեցաւ Ճորճ Աբէլեանին հետ իբրեւ խմբագիր ունեցած կապին մասին` վկայելով, որ շատ հաճելի էր անոր հետ աշխատանքը, շինիչ էին քննարկումները: «Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներուն պատմութիւնները լսելու, արտագրելու, ընթեռնլի պատումներու վերածելու, անոնց հետ արհաւիրքը կրկին ապրելու խիզախութիւնը ունէր մեր սիրելի ընկերը, որ ոչ միայն կրցաւ տոկալ լսելով այդ բոլոր մղձաւանջները, այլ պատմողները ընդունեց իբրեւ իր հարազատները, որոնց նկատմամբ յատուկ կապուածութիւն ունեցաւ: Ասոր կողքին, ան նաեւ ընթերցողի սեղանին դրաւ տարբեր նիւթերով գիրքեր` գոհացնելով թէ՛ պատանին, թէ՛ ծերունին, թէ՛ չափահասը եւ թէ՛ երիտասարդը. այս մէկը թերեւս նաեւ դրսեւորումն է իբրեւ մարդ իր նկարագրային մէկ արժանիքին` մտածել բոլորին մասին, զգալ բոլորին հետ եւ փորձել թափանցել բոլորին սրտերուն մէջ», նշեց Բարսեղեան:
Իր խօսքի վերջին բաժինով ան դիտել տուաւ, թէ կ՛ըսեն, որ անփոխարինելիներ չկան, սակայն այսօր մեր գրական կեանքին մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն պատմութիւնները չեն գրուիր այլեւս, «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ գէթ շաբաթական հետեւողականութեամբ Ձիւնականին ստորագրած յօդուածներուն համով ու հոտով պատուած գրութիւնները կը բացակային, այլեւս «Ազդակ»-ի գրասենեակիս սեմէն չի յայտնուիր յաճախ` ուժ, կորով ներշնչելու եւ արժեւորելու մեր աշխատանքը:
Ապա Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեան կարդաց հատուածներ Ճորճ Աբէլեանի «Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքի իրական պատումներէն «Զարուհիին տուած նշանտուքի մատանին» պատմութենէն հատուածներ: Անկէ ետք տեսերիզի ճամբով յատուկ այս առիթին համար իր վկայութիւնը տուաւ ընթերցուած պատմութեան հերոս Զարուհիին թոռը` Ֆիտա Սարրաժ:
Ճորճ Աբէլեանի թոռը` Մարիա Աբէլեան, հանդէս եկաւ «Նազով աղջիկ» երգով:
Իր վկայութիւնը տուաւ նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, Ճորճ Աբէլեանի մօտիկ գործակիցներէն եւ անձնաւորութիւններէն Զաքար Քէշիշեանը, որ իր անձնական կեանքէն քաղուած կարգ մը դրուագներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ Աբէլեանի նկարագրային կարգ մը յատկութիւնները, գործունէութեան ընդարձակ ծիրը, յատկապէս` նոր սերունդին քաջալերող ըլլալու, երիտասարդներուն գործ վստահելու եւ զանոնք աշխատանքի լծելու սովորութիւնն ու մղումը: Ան դիտել տուաւ, որ երկու ընտանիքները արդէն բարեկամներ եղած են, աւելի ուշ «Ազդակ»-ի ճամբով ինք ծանօթացած է գրագէտ Աբէլեանին` Ձիւնական ստորագրութեամբ յօդուածներուն ճամբով, որոնց ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուած թերութիւնները սրբագրելու ճիգ եղած է անպայման: Զ. Քէշիշեան հաստատեց, որ իրեն Այնճարի երգչախումբին խմբավարութեան պարտականութիւնը վստահելով` Ճորճ Աբէլեան իր խմբավարական կեանքին հիմնաքարը դրաւ, զինք մղեց այս մարզը իբրեւ մասնագիտութիւն ընտրելու: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Աբէլեանի քաջալերանքով եւ առաջարկով եղած է համազգայնական շեշտելով, որ ան մարդ պատրաստելու, սերունդներ կոփելու յատկութեամբ օժտուած էր: «Ողջմիտ մարդ էր Ճորճ Աբէլեան, ողջմտութիւնը ո՛չ ուսման հետ կապ ունի, ո՛չ ալ տարբեր հանգամանքներու: Ան ողջմիտ էր` առանց ծայրայեղութիւններու, առանց չափազանցութիւններու, հանդարտաբարոյ, եւ իբրեւ այդպիսին ալ կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ, յարգա՛նք անոր յիշատակին», եզրափակեց Զաքար Քէշիշեան:
Ապա խօսքը տրուեցաւ յուշ-երեկոյի հիմնական բանախօս Յակոբ Հաւաթեանին, որ հաստատեց, թէ ան հարուստ արժանիքներով օժտուած անհատ մըն էր, մարդկային առաքինի ու վսեմ յատկանիշներով օժտուած, հեզ ու համեստ նկարագիրով, թեթեւ ու ազնիւ հոգիով: «Ճորճ Աբէլեան իր ապրած կեանքով ստեղծեց գիւղացի խոկուն մտաւորական տիպարի մը հասկացողութիւնը մեր կեանքին մէջ: Մնաց միշտ նորարար, միշտ խորհրդածող միշտ անկեղծ ու անկաշկանդ արտայայտուող եւ մանաւանդ` մի՛շտ պատասխանատու եւ լրջախոհ մօտեցում ցուցաբերող յարգելի ու սիրելի անձնաւորութիւն: Մտաւորականը, կրթական մշակը, հանրային ու հասարակական գործիչը ու նաեւ իր համայնքի ու եկեղեցւոյ հանդէպ տածած ակնածանքը եւ բերած ներդրումը ընկեր Ճորճը դարձուցին միշտ փնտռուած անհատ մը: Իր կարիքը զգացուեցաւ գիւղի գործունէութեան ու կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, եւ անշուշտ այդ կարիքը կը զգացուի մինչեւ այսօր», շեշտեց ան: Ապա իր անձնական յուշերուն ընդմէջէն Յակոբ Հաւաթեան լուսարձակի տակ առաւ Ճորճ Աբէլեանի կրթական, գրական, կուսակցական եւ ազգային գործունէութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Աբէլեան իր մանկական գրականութեամբ, տպաւորապաշտ էջերով, բանաստեղծութիւններով, պատմուածքներով, վէպերով ու վիպակներով, յուշագրութիւններով հարստացուցած է մեր ժամանակակից գրականութեան անդաստանը, իսկ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող, օտարացած, ապա իրենց ինքնութիւնը վերագտած իսլամացածներու մասին պատմութիւնները եւ վկայութիւնները հաւաքելու անոր նպատակասլաց ու հետեւողական աշխատանքը Հայ դատին ի նպաստ վաւերական ու տիտանային աշխատանք մըն է, որ այսօր դարձած է արդէն սկզբնաղբիւր: Ըստ բանախօսին, ան այս աշխատանքին մասնակից դարձուցած էր իր ամբողջ ընտանիքը, որ անոր մահէն ետք ջանասիրութեամբ ու յանձնառութեամբ կը շարունակէ տէր կանգնիլ անոր ձգած հոգեմտաւոր ժառանգութեան ու իր գործերը ներկայութիւն դարձնել մեր առօրեային մէջ:
Յ. Հաւաթեան շեշտեց, որ մեծ եւ անուրանալի է Ճորճ Աբէլեանին վաստակը Այնճար հայաւանի կուսակցական կառոյցին մէջ, աւելցնելով, որ իրերայաջորդ կոմիտէներու քարտուղարը, ներկայացուցիչներու աշխատանքներու մնայուն յուշարարը, ժողովները համով-հոտով հարստացնելու ու դաշնակցական որոշումները յատուկ ոճով բիւրեղացնելու մասնագէտ ժողովականը կը վայելէր յարգանքը բոլորին:
Ան շեշտեց, որ Աբէլեանին ներդրումը մեծ է նաեւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մէջ, որ այդ յիշատակի հանդիսութեամբ կու գայ խոնարհելու հայ գիրի, գրականութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի մեծ սպասաւորի վաստակին դիմաց:
«Այս երեկոյ անգամ մը եւս Այնճարի ժողովուրդը կու գայ իր կարգին իր երախտագիտական զգացումները փոխանցելու լիիրաւ այնճարցի հայրենակիցին, որ սիրեց Այնճարը, ապրեցաւ Այնճարով ու ապրեցուց նաեւ Այնճարի ոգին հայաշխարհին մէջ», եզրափակեց Յակոբ Հաւաթեան: (Խօսքին ամբողջութիւնը ):
Ընտանեկան վկայութիւն տուաւ Ճորճ Աբէլեանին դուստրը` Սեւան Աբէլեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ անոր կեանքի անկիւնադարձային դէպքերը, որոնք հունաւորած են անոր ուղին: Քանի մը անգամ միայն Պէյրութ այցելած Ճ. Աբէլեան Քեսապի միջնակարգ դպրոցը աւարտելէ ետք` իր ընկերոջ առաջարկին ընդառաջելով, կու գայ Այնճարի գիշերօթիկ, ուր որոշ յուսախաբութիւն ապրելէ ետք կ՛ընտելանայ, կը յաճախէ աւետարանական դպրոց, զոր աւարտելէ ետք իր դասընկերներուն` Պետրոսին, Մարտիկին, Կարոյին եւ ուրիշներու, կը մեկնի Պէյրութ` Հայկազեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւելու: «Երբ կ՛աւարտէ Հայկազեան համալսարանը, Այնճար կու գայ քոյրերուն այցելութեան: Քոյր Հետուիկ այդ ժամանակ կարիք ունէր հայոց լեզուի եւ քիմիաբանութեան դասատուի մը: Հայրս` իբրեւ նոր շրջանաւարտ, կ՛ընդունի առաջարկը եւ կը սկսի պաշտօնավարելու: Ինք շատ վայելած էր քոյրերուն հոգատարութիւնը: Ինչպէ՞ս մերժէր քոյր Հետուիկին առաջարկը: Մէկ տարին ինչպէս որ ըլլայ, կ՛անցնի: Իսկ իր այնճարցի դասընկերները, որոնք մեծ ծրագիրներ ունէին Այնճարին համար, չեն վերադառնար: Անոնցմէ ոմանք միայն առիթներով կու գային իրենց ծննդավայրը», ըսաւ Ս. Աբէլեան` աւելցնելով, որ այդպիսով ալ իր հայրը կը հաստատուի Այնճար, ուր կը հիմնէ իր գործն ու ընտանիքը, բայց եւ այնպէս Քեսապը անոր համար կը մնայ աշխարհին կեդրոնն ու մայրաքաղաքը: Ապա դպրոցական օրերէն յուշերու ընդմէջէն Սեւան Աբէլեան լուսարձակի տակ առաւ այն իրականութիւնը, որ, հակառակ կոմիտէի անդամ ըլլալուն եւ շատ բաներէ տեղեակ ըլլալուն` երբեք իր զաւակները գերադաս չէր նկատեր միւս աշակերտներէն, այլ կը պահանջէր, որ անոնք համահաւասար ըլլային բոլորին: Իր հայրը բնութագրելով` ան ըսաւ, որ Ճ. Աբէլեան բնաւորութեամբ հանդարտ էր, սակաւախօս եւ պաղարիւն, շատ կը սիրէր մանուկները եւ ժամանակ կ՛անցընէր անոնց հետ: Հակառակ աւետարանական ըլլալուն` անոր համար յարանուանութիւններու եւ կուսակցութիւններու մէջ տարբերութիւն չկար, կարեւոր էր, որ մէկը նկարագիրով լաւ հայ ըլլար: Իր խօսքը վերջին բաժինով Սեւան Աբէլեան հաստատեց, որ իբրեւ զաւակները Ճ. Աբէլեանին` շատ բան սորված են անկէ, եւ որ` պիտի շարունակեն անոր կիսատ ձգած գործերը, որպէսզի բոլոր երազները իրականութիւն դառնան:
Եկեղեցական կեանքին մէջ Ճ. Աբէլեանի դերակատարութեան մասին խօսեցաւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, որ դիտել տուաւ, որ թէեւ 70 տարուան կեանք ունեցաւ Ճորճ Աբէլեան, սակայն վկայութիւններուն ընդմէջէն կարելի է յստակ տեսնել, թէ անոր կեանքը եղաւ բեղուն, հարուստ` Այնճարի տարբեր մարմիններուն մէջ ծառայութիւններու ընդարձակ ծիրով դրոշմուած, մանաւանդ մատնանշելի է այն, որ ան ինքնզինք կերտած է: Ան հաստատեց, որ Ճ. Աբէլեան երախտապարտ անձ էր, խոնարհ հոգիով, միշտ գոհունակ, համեստ, հանդարտ, շինիչ խորհուրդ տուող, հարցերուն գործնական լուծումներ առաջարկող, քաջալերող, կորով ներշնչող, հեռու` նիւթեղէնէ,աւելցնելով, որ օտարացած հայերուն պատմութիւնները գրի առնելով, անոնց հետ կապ պահելով` հաստատեց, որ կը հաւատայ յարութեան, ինչ որ նոր շունչ մը տուաւ անոր: վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան նշեց, որ ան միշտ մտահոգ էր Այնճարով, անոր կառոյցներով, եկեղեցիներով, միութիւններով, որոնց բարօրութեան ու գոյատեւման համար իր կարելին կ՛ընէր: Վերապատուելին վկայեց, որ ան ազգային անձ էր, որովհետեւ, հակառակ աւետարական եւ կուսակցական ըլլալուն, կրցաւ ամէն ինչ հակակշռել իր մէջ եւ այդպէս գործել, շեշտելով, որ Ճ. Աբէլեանին կեանքը լի եղաւ ծառայութեամբ եւ սիրով, որուն համար երախտապարտութեամբ լեցուն է իր շրջապատը, որ վայելած է անոր ծառայութիւնն ու սէրը:
Աստուածաշունչին մէջ Յովհաննէս առաքեալի «Առաջին ընդհանրական թուղթ»-ը` ուղղուած նորահաստատ առաջին քրիստոնեաներուն, կը բացուի այս սքանչելի մտքերով.
«Եւ մենք լսեցինք զինք ու մեր աչքերով տեսանք զայն մենք ականատես եղանք իր գործերուն, եւ ահա այդ է, որ կը վկայենք իր մասին»:
Ճորճ Աբէլեանի մասին Թորոնթոյէն վկայութիւն տուաւ նաեւ Յակոբ Ճանպազեան` հաստատելով, որ անձամբ ճանչցած եւ մտերմացած է Այնճարի վերելքին իր անմնացորդ նուիրումը ի սպաս դրած անխոնջ նուիրեալին, հաւատաւոր կուսակցական անգին ընկերոջ, մտաւորական հայուն ու տիպար ամուսինին, անգին հօր եւ մեծ հօր: «Հմուտ` գրական բնագաւառին, ուսուցչական ծառայական տարիներուն եղաւ կրթական մշակի արժանընտիր դասախօս-դաստիարակներէն մին, որ մեր ազգային եւ տոհմիկ ապրումները համադրեց` մաքրահունչ գրականութեան ոստանին մէջ, դարձնելով զանոնք արտայայտիչները մեր բնաշխարհի հոգեկան, իմացական արժէքներուն եւ իրաւամբ հանդիսացաւ գրականագէտի տիտղոսին ու գրական արժանի պատուանդանին: Անոր կեանքը եղաւ հանապազօրեայ ղօղանջը Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած անանուն հայորդիներուն` կեանքի կոչելով զանոնք որպէս լիիրաւ հայեր: Ան եղաւ ու մնաց իր կոչումին հաւատարիմ մտաւորականը, գործեց աննահանջ, անդադար, հաւատքով, աշխատեցաւ անխոնջ եւ նուիրումով` մնալով իր նախնիներու մտաւոր ու քրիստոնէաւանդ կտակին հաւատարիմ, ան մաշեցաւ դանդաղօրէն եւ իր համակ կեանքը վերածեց լուռ ու կենդանի օրինակի մը` ազգային եւ բարոյական աներեր հասկացողութեամբ: Ինքնագիտակից նուիրումով զոհաբերուեցաւ համամարդկային ազնուական արժէքներուն եւ մեծ նուիրումով ծառայեց դպրութեան սրբալոյս խորանին եւ Այնճար հայաւանի աստիճանաւոր վերելքին` վեհագոյն յանձնառութեամբ», ըսաւ Ճանպազեան:
Աւարտին կատարուեցաւ գինեձօն` Ճորճ Աբէլեանի յետմահու լոյս տեսած երեք գիրքերուն` «Աննա հարսը» վէպին անգլերէն եւ իտալերէն թարգմանութիւններուն եւ «Նետենք բռնենք»-ի Բ. հրատարակութեան: