Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բնապահպանական Շրջափակումն ու Արցախի Հարցին Վերամիջազգայնացումը

December 19, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի բեմադրած «բնապահպանական» գործողութիւնը այս փուլին կը հասնի իր աւարտին: Յայտարարութիւնները նկատի առած, «բնապահպաններ»-ը կ՛առաջադրէին կենսոլորտային խնդիրներ լուծել, միաժամանակ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնել, որ «ազրպէյճանական տարածքներու» մէջ հայերը կը շահարկեն Ազրպէյճանի բնական հարստութիւնները:

Ասիկա շղարշային բաժինն է: Բնապահպանական պատրուակներով մարդասիրական աղէտ ստեղծել, կենսաճանապարհ փակել եւ կազատար խողովակը խափանել` Արցախի բնակչութիւնը զրկելով ջեռուցման հնարաւորութենէն:

Միջազգային  արձագանգները կարելի է դասակարգել` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ ու Ֆրանսա: Պահանջը հետզհետէ հասցէական կը դառնայ, եւ բնապահպանականէն պետական հարթութիւն կը տեղափոխուի խնդիրը: Արցախի հարցի վերամիջազգայնացման նախադրեալներ կը պարզուին այս ձեւով, ինչ որ նաեւ մտածել կու տայ, թէ Ազրպէյճանի նախաձեռնած այս գործողութիւններու շարքը կրնայ հակառակ ազդեցութեան գործօնի վերածուիլ:

Փորձենք նկատել, թէ ի՞նչ առաւելներ կրնայ ապահովել հայկական կողմը:

Նախ արձանագրենք, որ Ազրպէյճան ունի երկու հիմնական խնդիրներ, զորս կ՛ուզէ լուծել անմիջականօրէն: «Զանգեզուրեան միջանցք»-ն ու իրենց նախասիրած քարտէսներու հիման վրայ սահմանազատումն ու սահմանագծումը: Պաքուի ռազմաքաղաքական վարքագիծը ծանօթ է: Բերձորի միջանցքի փակման, եւ նոր երթուղիի բացման համար ազրպէյճանական զինեալ ուժերը  յարձակեցան արցախեան տարածքներու վրայ. Բերձորի միջանցքը փակուեցաւ, եւ բացուեցաւ նոր երթուղին, նոր միջանցքը: Նոյն զօրքերը ներխուժեցին հայաստանեան տարածքներ` արագացնելու համար սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը: Հիմա բնապահպանական ուժեր երկրորդ անգամ ըլլալով փակեցին Բերձորի նոր միջանցքը` պատրուակելով ընդերքներու, հանքավայրերու շահարկումներն ու անոնց հետ կապուած թէ՛ կենսոլորտային եւ թէ՛ բնական հարստութիւններու պատկանելիութեան խնդիրները:

Թէեւ շղարշուած, այնուամենայնիւ պարզ է բուն նպատակը: Ազրպէյճան այս ձեւով կ՛ուզէ արագացնել  նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտը, ի՛ր պատկերացումով: Ճանապարհներու ապաշրջափակումը` Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապը «Զանգեզուրեան միջանցքով»:

Միջանցք-միջանցքի դիմաց թուրքեւազրպէյճանական առաջադրանքը երանգային վերափոխումով այսօր կը վերածուի ճանապարհային կարգավիճակ-ճանապարհային կարգավիճակի դիմաց բանաձեւի: Այլ խօսքով, Նախիջեւան-Ազրպէյճան բացուելիք ճանապարհին, եթէ հայկական կողմը անցակէտեր տեղադրելու ծրագիր ունի, ապա Ազրպէյճանը եւս անցակէտեր պիտի տեղադրէ Բերձոր-Արցախ ճանապարհին: Յամենայն դէպս, երկու պարագաներուն ալ, ըստ հրադադարի յայտարարութեան վեցերորդ եւ իններորդ կէտերուն, արձանագրուած է ռուսական զօրքերու ապահովական վերահսկողութեան բաժինը:

Այս բոլորին մէջ նախ նկատենք, որ ո՛չ սահմանազատումը իրականացած է, ո՛չ ալ «Զանգեզուրեան միջանցք»-ը, հակառակ թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութեան:

Հիմա տեսնենք անմիջականօրէն եւ ստեղծուած այս վիճակին մէջ հայկական կողմի հաւանական առաւելներ ապահովելու առիթը:

Բնապահպանական գործողութիւնը չէ յաջողած: Միջազգային ընտանիքը, մարդասիրական աղէտի ահազանգումով, կը պահանջէ ճամբուն վերաբացումը: Ըմբռնելի է այստեղ, որ մարդասիրական մօտեցումը չէ միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչ պետութիւններու յայտարարութիւններուն մղիչ գործօնը, որքան ռուսական տիրոյթի մէջ հակակշիռ գօտիներ ձեւաւորելը:

Երբ կ՛ահազանգուի մարդասիրական աղէտի մասին, այդ կ՛ենթադրէ կենսական անմիջական օժանդակութիւններու տրամադրում: Այդ օժանդակութիւնները կրնան գումարային տեսք ունենալ, իսկ աւելի անմիջականօրէն` սնունդի, դեղորայքի կամ կենսական այլ նիւթերու տեղ հասնելու առաքելութեան:

Աղէտ կանխարգիլելու անմիջականութիւնը կ՛ենթադրէ ամէնէն արագ միջոցներով շրջափակուած ժողովուրդին հասնելու հրամայական: Դէպի Արցախի ժողովուրդ միջազգային զօրաշարժի նախադրեալները կ՛երեւին այս իրավիճակին մէջ:

Հրատապութիւնը ուրեմն ամէն տեսակի ճանապարհները նկատի կ՛ունենայ տեղ հասնելու համար: Իսկ այս առումով ցամաքային փակ ճամբուն կրնայ փոխարինել օդայինը, ինչ որ իր հերթին կը մղէ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հաւանականութեան բարձրացման: Իսկ այստեղ պարզ է, որ քաղաքական ի՛նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ միջազգային ճանաչում չունեցող հանրապետութեան մը օդակայանի գործարկումը:

Քաղաքական առաւել կրնայ արձանագրուիլ, որովհետեւ աւելիով կը հիմնաւորուի «ճանաչում յանուն փրկութեան» բանաձեւումը. այլ խօսքով` ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի իրացման անյետաձգելիութիւնը: Ազրպէյճանին մաս չկազմելու եւ անկախ ապրելու իրաւունքը աւելի քան արդարացուած է` ցեղային զտման չենթարկուելու համար: Անկախ կարգավիճակը բացարձակ պայման է ցեղային զտման չենթարկուելու համար:

Բնապահպաններու առաջադրած խնդիրներու լուծման համար բանակցելի կողմը Ստեփանակերտն է: Ստեփանակերտի իշխանութիւններու համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները` իբրեւ ճանչցուած միաւորներ, պիտի ներկայանան բանակցութիւններուն` թէ՛ ճամբու բացման, թէ՛ բնապահպանական խնդիրներու վերաբերող: Եւ որովհետեւ հարցը դուրս եկած է կենսոլորտային սահմաններէն, անոնք բնականաբար պիտի բանակցին քաղաքական խնդիրներու շուրջ. այս բոլորը նախադրեալներ են Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի:

Վերջապէս, միջազգային արձագանգով, մարդասիրական աղէտին առընթեր ցեղային զտումի վտանգի միջազգային շրջանակներու մէջ արծարծումով հետզհետէ Արցախի հակամարտութիւնը կը վերամիջազգայնանայ: Պաքուն կը ձախողի «Արցախի հարցը անցեալ է» իր առաջադրանքին մէջ:

«Բնապահպանական» այս գործողութիւնները կրնան ծառայած ըլլալ հակամարտութեան ձեւակերպումը վերադարձնելու իր էութեան: Բան մը, որ հիմնովին փոխուած էր 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ ազրպէյճանական ոտնձգութիւններով դարձած Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան: Հիմա առիթ կայ հակամարտութեան` Ազրպէյճան-Արցախ ձեւակերպումը վերաամրագրելու:

 

 

Նախորդը

«Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Մուտք Չէ Գործած Լաչինի Միջանցք» Կ՛ըսէ Քլաար

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 19 Դեկտեմբեր 2022)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.