Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանելով Լաչինի Միջանցքին Մէջ Տիրող Կացութեան Վերաբերեալ Հարցումին` «Ուաշինկթըն Մշտապէս Կեդրոնացած Եղած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Անհրաժեշտութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Փրայս

December 14, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն մշտապէս կեդրոնացած եղած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ երկու երկիրները կայուն լուծման ուղիի վրայ դնելու անհրաժեշտութեան վրայ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:

Փրայս պատասխանած է լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Ուաշինկթըն կը հետեւի՞ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութեան, հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին զրոյցներուն եւ արեւմտեան եւրոպացիներու այս առնչութեամբ մտահոգութիւններուն:

«Մենք հետեւողականօրէն կեդրոնացած ենք այս մարտահրաւէրի, լարուածութեան թուլացման, այս երկու երկիրները կայուն, համապարփակ լուծման ուղիի վրայ դնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Մենք այստեղ` Ուաշինկթընի մէջ, կազմակերպեցինք այս երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումը: Նոյնը ըրինք Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ: Բացի ատկէ, մեր աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըր եռանդուն կերպով ներգրաւուած է երկու երկիրներու պաշտօնատարներուն հետ երկխօսութեան մէջ` համոզուելու, որ մենք կ՛ընենք այն ամէնը, ինչ որ կրնանք ընել, եւ ամէնէն կարեւորը, որ այս երկու երկիրները կ՛ընեն ամէն բան, որպէսզի այդ լարուածութիւնը նուազի», ըսած է Նետ Փրայս:

 

Նախորդը

«Պրիւքսել Պիտի Չերկարաձգէ Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Լիազօրութեան Ժամկէտը» Կ՛ըսէ Պորել

Յաջորդը

ԱՊՀ-ի Ոչ Պաշտօնական Տարեվերջեան Հաւաքը Տեղի Պիտի Ունենայ Դեկտեմբերի Վերջաւորութեան Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.