Պրիւքսել պիտի չերկարաձգէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան լիազօրութեան ժամկէտը, որ կ՛աւարտի յաջորդ շաբաթ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելը` նշելով, որ նման որոշում տրուած է Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 12 դեկտեմբերի նիստի ընթացքին:
Պորելի գնահատումով` առաքելութեան աշխատանքը «արդիւնաւէտ» էր, սակայն առաքելութեան ժամկէտը չերկարաձգելու պատճառներուն մասին չէ խօսած, միայն նշած է, որ «թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի հետ համաձայնութեան հիմամբ» առաքելութիւնը իր գործունէութիւնը պէտք է 19 դեկտեմբերին աւարտէ:
«Բայց եւ այնպէս, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան միջնորդի մեր հեղինակութիւնը պահպանելու համար Հայաստան պիտի ուղարկուի խումբ մը, որպէսզի ծրագրէ հաւանական քաղաքային առաքելութեան ուղարկումը, եթէ յաջորդ տարի նման համաձայնութիւն ձեռք բերուի», յայտարարած է Պորել:


