Արցախի Ազգային ժողովի 5 խմբակցութիւններու ղեկավարները ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Անտրէյ Վոլքովի հետ ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին ըսած են, որ Արցախի համար անընդունելի է Լաչինի միջանցքին մէջ սքենըրի տեղադրումը: Այս մասին «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան` անդրադառնալով նախօրէին Անտրէյ Վոլքովի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին:
«Բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարները կտրականապէս դէմ արտայայտուած են սքենըրի տեղադրման: Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. Լաչինի միջանցքը կը գտնուի ռուս խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքեւ, եւ իրենք ալ պէտք է շարունակեն վերահսկել միջանցքը, իսկ ազրպէյճանցիներու ամէն պահանջ կատարելը այլ բան կը նշանակէ: Սքենըրի տեղադրման անհրաժեշտութիւն չկայ, վաղն ալ Ազրպէյճանը կրնայ ըսել, թէ այս կամ այդ մեքենան պէտք չէ անցնի այդ ճամբով», ըսաւ Արթուր Մոսիեան:
Արցախցի պատգամաւորին համաձայն, Անտրէյ Վոլքովը ըսած է, որ իր խօսքը, թէ Հայաստանը Արցախին կապող ճամբուն վրայ պէտք է փոքր մաքսակէտ տեղադրուի` իր պարունակէն կտրուած ներկայացուած է:
«Անտրէյ Վոլքովը ըսաւ, թէ ռուս խաղաղապահ զօրակազմը համաձայն է Լաչինի միջանցքին մէջ սքենըրի տեղադրման, ինք հիմնաւորեց, որ իրենց աշխատանքը այդ ձեւով կը բարելաւուի, սքենըրի անհրաժեշտութիւն կայ, այդ հարցը կը քննարկուի, բայց ան ընդունեց, որ միջանցքին մէջ որեւէ ազրպէյճանցի` ո՛չ զինուորական, ո՛չ այլ մասնագէտ կրնայ գտնուիլ», նշեց Արթուր Մոսիեան:
Պատգամաւորին համաձայն, Անտրէյ Վոլքով ազրպէյճանցիներու կողմէ Գորիս-Ստեփանակերտ ճամբան փակելը սադրանք որակած է: Հանդիպումին ընդգծուած է, որ պէտք է միջոցներու ձեռնարկուին նմանօրինակ դէպքերը կանխելու համար:


