ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի Աթէնք կեցութեան օրերը յագեցած էին յունական քաղաքական շրջանակներու հետ հանդիպումներով: Այս կարեւոր այցելութեան ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը եւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն, քաղաքական շրջանակներու հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին առիթը ունեցան Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումներուն մասին խօսելու եւ ընդհանրապէս շօշափելու շրջանին մէջ ընթացող զարգացումներու իրական վիճակը:
Անոնց շարքին էին Նոր Հանրապետութիւն իշխող կուսակցութեան երեսփոխան Թոտորիս Ռուսոփուլոսի հետ հանդիպումը, ՍԻՐԻԶԱ ընդդիմադիր կուսակցութեան երեսփոխան եւ Յունաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Եորղոս Քաթրուկալոսի, ինչպէս նաեւ ՓԱՍՕՔ-ՔԻՆԱԼ ընդդիմադիր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Միխալիս Քաթրինիսի հետ հանդիպումները:
Զրոյցի առարկայ դարձան նաեւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդներուն մօտ (ինչպիսիք են Եւրոպական խորհուրդը եւ եւրոպական կուսակցութեանց համախմբումները) Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած հարցերուն շուրջ իրազեկման մակարդակի բարձրացումը, ինչպէս նաեւ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը համաեւրոպական մակարդակներով: Յոյն խօսակիցները տեղեկութիւններ ստացան 2020-ի պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութեան, ազրպէյճանական ուժերու կողմէ Հայաստանի տարածքներ ներխուժման, համամարդկային իրաւունքներու դաշտին մէջ Արցախի ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ամրակայման մասին: Շեշտը դրուեցաւ եւրոպական մարմիններու կողմէ գործնական քայլերու յստակ ձեւաւորման անհրաժեշտութեան վրայ:
Աթէնք կեցութեան շատ կարճ ժամանակամիջոցին Դաւիթ Իշխանեան հարցազրոյցներ ունեցաւ հայկական եւ յունական թերթերու հետ, ինչպէս նաեւ առիթը ունեցաւ զեկուցումով ներկայանալու ժողովրդային հաւաքի ընթացքին, որ Նէոս Քոզմոսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ երեկոյեան:


