1 դեկտեմբերին հայկական կողմը ազրպէյճանական կողմին յանձնած է ենթադրաբար ղարաբաղեան Ա. պատերազմի ընթացքին 10 սպաննուածներու ոսկորներ եւ 2 քարտէս, ուր նշուած են 4 դիակներու գտնուելու հաւանական վայրեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն կը յայտնեն, որ այսպիսով, 9 նոյեմբեր 2020-էն մինչեւ այսօր հայկական կողմը ազրպէյճանական կողմին յանձնած է ղարաբաղեան Ա. պատերազմի 140 սպաննուածներու ոսկորներ եւ 5 քարտէսներ: