Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամովի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին «Մոսկուան Կ՛ուզէ Ամէն Կերպ Աջակցիլ Խաղաղութեան Պայմանագիրի Ստորագրման» Կ՛ըսէ Լաւրով

December 6, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:

Հանդիպումին ընթացքին Լաւրով ըսաւ, որ Ռուսիան կ՛ուզէ, որ ամէն կերպ աջակցի շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման, սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման եւ ընդհանուր առմամբ վստահութեան ամրապնդման, ներառեալ պետական կառոյցներու, քաղաքագէտներու եւ օրէնսդիրներու գծով: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Կարեւոր նիւթ է Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը: Անոնք ձեռք բերուած են 2020 թուականի նոյեմբերին, 2021 թուականի յունուարին ու նոյեմբերին, իսկ այս տարուան հոկտեմբերի վերջաւորութեան եղաւ հերթական վեհաժողով Սոչիի մէջ», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Ան նշած է, որ կողմերը հանդիպումի ընթացքին պիտի քննարկեն նաեւ շրջանին եւ բազմակողմ կառոյցներու մէջ համագործակցութեան հարցը: «Միշտ մեր օրակարգին վրայ են հաղորդակցութիւնները, շրջանին մէջ համագործակցութիւնը, կասպիական ընթացքը, ՄԱԿ-ի մէջ, ԵԱՀԿ-ի մէջ, ԱՊՀ-ի մէջ եւ այլ գործընթացներ, որոնք տեղի կ՛ունենան մեր հասարակաց տարածքին մէջ», աւելցուցած է Լաւրով:

Ան յիշեցուցած է, որ այս տարի կը նշուի Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը, եւ առանձնացուցած է այս տարի Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններուն շուրջ հռչակագիրի ստորագրումը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պայրամով իր կարգին յայտնած է, որ Պաքուն խաղաղ լուծման պայմանագիրի նախագիծ պատրաստած է եւ ներկայացուցած հայկական կողմին:

Պայրամովի համաձայն, Ազրպէյճան նպատակ ունի Հայաստանի հետ տագնապը որքան կարելի է շուտ լուծել:

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւններու երրորդ փուլը կրնայ մինչեւ տարեվերջ տեղի ունենալ», Լաւրովի հետ հանդիպումի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Պայրամով:

«Ազրպէյճանական կողմէն մեկնաբանութիւններու երրորդ թղթածրարը արդէն ներկայացուած է հայկական կողմին, եւ մենք կը կարծենք, որ մինչեւ այս տարուան վերջը կարելի է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը գումարել խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին շուրջ», ըսած է ան:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Լաւրով իր կարգին յայտնած է. «Մոսկուայի նախագիծը պատրաստուած է շատոնց` այս տարուան սկիզբը, եւ յանձնուած է կողմերուն` իբրեւ հասարակաց ենթահող գտնելու հարցին մէջ օգնելու Ռուսիոյ ցանկութեան հաստատում: Անիկա ընդհանուր առմամբ դրական ընդունուած է»:

Ըստ ռուս նախարարին, ատկէ ետք եղած են Ազրպէյճանի առաջարկները` հինգ սկզբունքները, եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արձագանգը, իսկ վերջերս` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ժամանակ, ազրպէյճանական կողմը ներկայացուցած է հաւանական փաստաթուղթի մէկ այլ տարբերակ:

Միացեալ Նահանգներէն վերադառնալէ ետք Հայաստանի ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց պատասխան առաջարկները:

«Մենք առաջուան պէս պատրաստ ենք օգնութիւն ցուցաբերելու. այստեղ, ի հարկէ, շատ կարեւոր է որոշել հիմնական, հիմնարար հարցերը: Այս առումով վճռորոշ նշանակութիւն ունի այն, ինչի շուրջ 6 հոկտեմբերին Փրակայի մէջ համաձայնութեան եկած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները, երբ վերահաստատած են իրենց վճռականութիւնը` բոլոր խնդիրները լուծելու ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի դեկտեմբերի Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ», աւելցուցած է Լաւրով:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ նախապատրաստական աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան Հարաւային Կովկասի մէջ «3+3» հարթակի նոր հանդիպման ուղղութեամբ:

 

 

Նախորդը

«3+3» Ձեւաչափը Շատ Լաւ Բնորդ Է Կովկասի Մէջ Շրջանային Անվտանգութեան Համար» Կ՛ըսէ Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

Յաջորդը

Հայկական Կողմը Ազրպէյճանին Յանձնած Է Արցախեան Ա. Պատերազմին Սպաննուածներու 10 Դիակ Եւ 2 Քարտէս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.