Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցած Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Պէյրութի Ընկերութիւններու 5-Րդ Մրցաշարքին Կայացման Թուականը

March 9, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Կազմակերպութեամբ Սփոր Էվազիոնի, երէկ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ Պէյրութի ընկերութիւններու 5-րդ մրցաշարքին կայացման թուականը, որ տեղի պիտի ունենայ 21-22 ապրիլին, Ժամհուր վարժարանին մէջ:

«Քլաս Սփոր» վաճառատան մէջ (Մանսուրիէ) տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարուեցաւ նաեւ, որ այս 5-րդ մրցաշարքը կը կրէ «Սթեֆորտ Էսոսիէյթց Պէյրութ Քորփորէյթ Կէյմզ» անունը:

«Քլաս Սփոր»-ի սեփականատէր Էլիաս Հաժ ներկաներուն ուղղած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք անհրաժեշտ նկատեց նմանօրինակ մրցաշարքերու կայացումը, ինչպէս նաեւ շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ մրցաշարքը հովանաւորող ընկերութիւններուն թիւը վերելք պէտք է արձանագրէ:

Իր կարգին խօսք առնելով` Սփոր Էվազիոնի նախագահ Պասսամ Թըրք յայտնեց, որ իւրաքանչիւր տարի մրցաշարքը ձեռք կը բերէ յաւելեալ փորձառութիւն, ինչպէս նաեւ անիկա կ՛ընդգրկէ յաւելեալ մարզաձեւեր եւ մասնակցող ընկերութիւններու թիւի յաւելում: Ան ըսաւ, որ այս տարի կ՛ակնկալուի աւելի քան երեք հազար մասնակցողներու թիւ մը` մասնակցութեամբ 25 ընկերութիւններու` երեսուն տեսակի մարզաձեւերու մէջ:

Իր խօսքին վերջին բաժինով ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սթեֆորտ Էսոսիէյթց»-ին, որ պիտի ըլլայ երեք տարուան գլխաւոր հովանաւորող ընկերութիւնը:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ «Սթեֆորտ»-ի ներկայացուցիչ Անթուան Իտ, որ շեշտեց այս մրցաշարքին կարեւորութիւնը: Ան իր խօսքը ուղղելով մրցաշարքին յաջողութեան մէջ իրենց դերը ունեցող բոլոր անձերուն մաղթեց, որ անոնք տան իրենց առաւելագոյնը, իսկ մարզասէրներուն իր խօսքը ուղղելով թելադրեց 21-22 ապրիլին ուղղուիլ Ժամհուրի դաշտ:

 

Նախորդը

«Դիւցազնագիրք»-ը Ունեցաւ Նոր Մրցանշակիր

Յաջորդը

Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբը Պարգեւատրեց Կարգ Մը Միութիւններ Եւ Հաստատութիւններ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.