Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժամանակն Է, Որ Հայաստանը Վաւերացնէ Ստամպուլեան Հռչակագիրը» Կ՛ըսէ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը

November 30, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորին, անդրադառնալով կիներու դէմ բռնութեան նիւթին, ըսած է, որ տեւական ժամանակ բռնութեան դէմ պայքարը, ներառեալ Հայաստանի մէջ, իրականացուած է միայն գործիչներու կողմէ, սակայն այսօր այս պայքարը ներառուած է ազգային, միջազգային պատասխանատուներու օրակարգերուն վրայ:

«Կը կարծեմ` մարդիկ սկսած են կամաց-կամաց հասկնալ, որ պէտք է միասին աշխատիլ ընդդէմ կիներու դէմ բռնութեան», ըսած է Վիքթորին` առանձնացնելով բռնածաղրը, ոտնձգութիւնները, սեռական ոտնձգութիւնները, որոնց մասին, ըստ դեսպանին, մարդիկ չեն համարձակիր խօսիլ:

Վիքթորին խնդիր նկատած է բռնութեան պարագային այդ մասին խօսիլ չհամարձակիլը:

«Մենք պէտք է երիտասարդներուն սորվեցնենք նախ եւ առաջ իրարու հետ ճիշդ հաղորդակցիլ, փոխադարձաբար յարգանք դրսեւորել եւ հասկնալ, որ աղջիկներու եւ տղոց միջեւ տարբերութիւն չկայ… Միայն դրական օրակարգ ունենալու պարագային կրնանք պայքարիլ կարծրատիպերուն դէմ», ըսած է Վիքթորին:

Անոր համաձայն, հասարակութիւնը, եկեղեցին, առեւտրական միութիւնները, առեւտրական ընկերակցութիւնները եւ բոլորը պէտք է մասնակցութիւն ունենան սեռային պատկանելիութեան հիման վրայ բռնութեան դէմ զերոյական հանդուրժողականութեան մասին օրէնքներու կիրարկման հարցին մէջ:

Եւրոպական Միութեան դեսպանը իր խօսքին մէջ քննադատած է հասարակութեան` իր իսկ բնորոշումով այսպէս կոչուած «աւանդապաշտ շերտ»-ը` յայտարարելով, որ «աւանդական արժէքներ ըսուածին տակ ի՛նչ ըսես, որ չի կատարուիր»: Այս ծիրին մէջ ան եկեղեցիին կոչ ուղղած է միջամտելու:

Անոր համաձայն, կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարը արդարութեան, օրէնքի, հաւասարութեան, մարդկայնութեան հարց է, ինչ որ, ըստ անոր, կը պահանջէ յստակ իրաւական աքթեր:

«Ուստի, արտօնեցէ՛ք աւելցնել` ժամանակն է, որ Հայաստանը վաւերացնէ Ստամպուլեան հռչակագիրը», ըսած է դեսպանը` մանրամասնելով, որ անիկա բռնութեան դէմ այս պայքարի մեթոտներու իրաւական շրջանակ կ՛առաջարկէ:

 

Նախորդը

«Նախագահի Ընտրութեան Հարցին Մէջ Ժամանակի Ազդակին Վրայ Գրաւ Դնելը Ի Շահ Լիբանանի Չէ» Կ՛ըսէ Շիա

Յաջորդը

Ռիքըր Պայրամովի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Երեւանն Ու Պաքուն Յորդորած Է Խաղաղութեան Պայմաններ Ստեղծելու Համար Որոշակի Քայլերու Ձեռնարկելու

RelatedPosts

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին  Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար
Հայկական

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար

January 6, 2026
Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած  Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան
Հայկական

Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան

January 6, 2026
Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ  Հանդիպումի Ընթացքին.  Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Արդէն Իսկ Առեւտրական Յարաբերութիւններ  Հաստատուած Են»
Հայկական

Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Արդէն Իսկ Առեւտրական Յարաբերութիւններ Հաստատուած Են»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.