Տոհայի (Քաթար) մէջ տեղի ունեցող նշանառութեան աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլմիրա Կարապետեան 23-րդ դիրքը գրաւեց 10 մեթր հեռաւորութենէն օդամղիչ ատրճանակով նշանառութեան զտումի մրցումներուն:
Հայ ներկայացուցիչը 6 հանգրուաններու արդիւնքով 574 կէտ ձեռք ձգեց եւ չկրցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան:
Աւարտական հանգրուան հասնելու համար 580 կէտ պէտք է ձեռք ձգել: Այդ պատճառով ալ ան զրկուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունենալիք 2028-ի Ողիմպիական խաղերուն երեք տոմսերէն մէկուն տիրանալու կարելիութենէն: Աւելի կանուխ Էլմիրա Կարապետեան 50 մեթր հեռաւորութենէն ատրճանակով նշանառութեան արծաթէ մետալը շահած էր, բայց Ողիմպիական խաղերուն այդ հեռաւորութեան մրցումները չեն ընդգրկուած:


