Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանին Օգնութեան Տրամադրումը ՀԱՊԿ-ի Երեւանի Վեհաժողովի «Կարեւորագոյն Հարցերէն Պիտի Ըլլայ»

November 21, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախագահութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վեհաժողովի քննարկելիք կարեւորագոյն հարցերէն պիտի ըլլայ ՀԱՊԿ-ի ճգնաժամային արձագանգման համակարգի կատարելագործումը եւ Հայաստանին օժանդակութեան ցուցաբերման միացեալ միջոցները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարի հաղորդագրութեան մէջ:

Վլատիմիր Զայնեթտինովի` ՀԱՊԿ-ի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին պիտի մասնակցին բոլոր անդամ երկիրներու ղեկավարները եւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը: Պիտի քննարկուին միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան հրատապ հիմնախնդիրները եւ նախորդ վեհաժողովէն ետք ինկած ժամանակաշրջանին մէջ կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնական արդիւնքները:

Կ՛ակնկալուի, որ վեհաժողովը նաեւ հռչակագիր որդեգրէ: Կը նախատեսուի քննարկել շարք մը այլ հարցեր եւս, ներառեալ կազմակերպութեան եկող տարուան պիւտճէն:

ՀԱՊԿ-ի նախագահութիւնը Հայաստանէն պիտի անցնի Պիելոռուսիոյ` 2022-23 թուականներուն համար. այս առնչութեամբ այդ երկրի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն պիտի ներկայացնէ իրենց առաջնահերթութիւնները: Վեհաժողովը պիտի քննարկէ նաեւ նոր ընդհանուր քարտուղարի հարցը, որ իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ յառաջիկայ տարուան 1 յունուարին:

Վեհաժողովին պիտի նախորդէ կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստը:

Երեւան 13-14 սեպտեմբերին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի արիւնալի մարտերուն հարցով օգնութեան համար դիմած էր Ռուսիոյ, ՀԱՊԿ-ին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին: ՀԱՊԿ-ն կացութիւնը գնահատելու նպատակով առաքելութիւն ուղարկեց Հայաստան, օգնութեան հարցը տակաւին կը քննարկուի:

Լաւրով 22-23 Նոյեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 22-23 նոյեմբերին պիտի այցելէ Երեւան, ուր կը նախատեսուին ՀԱՊԿ-ի միջոցառումները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած է, որ այս մասին ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Սերկէյ Նեչայեւ:

«22 եւ 23 նոյեմբերին նախարարը պիտի մասնակցի ՀԱՊԿ-ի երկիրներու արտաքին եւ պաշտպանութեան նախարարներու եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու միացեալ նիստին: Միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ` ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստին ընդառաջ», տեղեկացուցած է Նեչայեւ:

Անոր համաձայն, կայանալիք հանդիպումներուն ընթացքին միտքեր պիտի փոխանակուին ՀԱՊԿ երկիրներու շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող ռազմաքաղաքական կացութեան, ինչպէս նաեւ միջնստաշրջանային ժամանակամիջոցի մէջ ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան վերաբերեալ:

Նեչայեւի կարծիքով, նիստի մասնակիցները պիտի քննարկեն կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ արտաքին քաղաքականութեան, զինուորական եւ հակաահաբեկչական համագործակցութեան առնչուող որոշումներու նախագիծերու մեծ թղթածրար:

Բացի ատկէ, կը նախատեսուի հաւանութիւն տալ շարք մը փաստաթուղթերու, այդ շարքին` եզրափակիչ հռչակագիրին, որ պիտի ներկայացուի ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հաստատման:

 

 

 

Նախորդը

Մենենտեզ Աններելի Եւ Անընդունելի Նկատեց Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Ազրպէյճանի Օգնութիւնը

Յաջորդը

Երեւան Պիտի Ստորագրէ Իրանեան «Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով» Նախագիծը

RelatedPosts

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան  Յարաբերութիւններուն Վերաբերող  Եւ Շրջանային Հարցեր
Հայկական

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Եւ Շրջանային Հարցեր

January 10, 2026
Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան  Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները
Հայկական

Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները

January 10, 2026
Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.