Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենենտեզ Աններելի Եւ Անընդունելի Նկատեց Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Ազրպէյճանի Օգնութիւնը

November 21, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պոպ Մենենտեզ շեշտեց, որ աններելի եւ բարոյապէս անընդունելի է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Ազրպէյճանին:

«Արմէնփրես» հաղորդեց, որ Մենենտեզ այս մասին յայտարարած է յանձնախումբին մէջ կատարուած քննարկումներուն ընթացքին` ելոյթ ունենալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդականին առջեւ:

Ան ընդգծած է, որ շրջանը աշխարհաքաղաքական մեծ նշանակութիւն ունեցող հնագոյն խաչմերուկ է` իբրեւ կամուրջ Արեւմուտքի եւ Ասիոյ սրտին միջեւ: Սակայն շատ յաճախ կայսերական նկրտումներ ունեցող բռնապետները Հարաւային Կովկասի մէջ ապրողները զոհ կը դարձնեն` իբրեւ օրինակ նշելով Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացող  ազրպէյճանական յարձակումը հայերուն վրայ: Ան յիշեցուցած է, որ 2020 թուականին Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը մօտ հարիւր հազար հայեր ստիպած է լքել Արցախի իրենց տուները: Ծերակուտականը նաեւ խօսած է ցեղային զտումներու սպառնալիքներու մասին:

Ըստ Մենենտեզի, Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական արձագանգը բաւարար չէ եղած, այդ պատճառով ալ ինք յատկապէս յառաջ կը տանի մարդասիրական օգնութեան հարցը` օգնելու տուժածներուն ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի մէջ:

«Բայց անհաւատալիօրէն մենք տակաւին ապահովական աջակցութիւն կ՛ուղարկենք Ազրպէյճանին: Միացեալ Նահանգներ ինչպէ՞ս կրնայ հիմնաւորել Պաքուի վարչակարգին որեւէ տեսակի աջակցութիւն` ապահովական կամ այլ: Ասիկա աններելի է: Անձամբ կը կարծեմ, թէ ատիկա բարոյապէս անընդունելի է», շեշտած է ան` եղածը անարգանք  նկատելով Ազատութեան աջակցութեան բանաձեւին:

Այդ բանաձեւի 907-րդ բաժինը կոչուած է արգիլելու աջակցութիւնը Ազրպէյճանի ապահովական ոլորտին, այնքան ատեն որ Պաքուն ակնյայտ քայլերու չէ ձեռնարկած Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ամէն տեսակի շրջափակումներու եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքի վերացման ուղղութեամբ: Եւ, այնուամենայնիւ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրկին ու կրկին հրաժարած է 907-րդ բաժինի կասեցումէն: Ան տեղեկացուցած է, որ անիկա 600.000 տոլար խնդրած է 2022 ֆինանսական տարուան համար` Ազրպէյճանը միջազգային ռազմական կրթութեամբ եւ ուսուցումով ապահովելու համար:

«Ես կտրականապէս դէմ եմ, որ որեւէ օգնութիւն տրամադրուի այն ուժերուն, որոնք յայտնի են պատերազմական յանցագործութիւններով եւ յարձակումով` դրացի պետութեան վրայ», շեշտած է Մենենտեզ:

Ան յիշեցուցած է տակաւին ամիսներ առաջ տարածուած տեսանիւթերուն մասին, որոնց մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանական ուժերը սառնասրտօրէն կը սպաննեն անզէն հայ զինուորները` նաեւ յիշեցնելով ազրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ հայ կին զինուորի նկատմամբ սեռական ոտնձգութիւնները եւ մատները, ոտքերը կտրելը:

Ան դիտել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը ազդած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութեան վրայ: «Ուստի կ՛ուզեմ, որ դուք մեզի փոխանցէք Քոնկրեսին պահանջած բոլոր մանրամասնութիւնները, որպէսզի մենք կարենանք գնահատել որեւէ օգնութիւն, որ Միացեալ Նահանգներ կը տրամադրեն Պաքուին: Ես դեռ յոյսեր ունիմ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման գծով», յայտնեց ծերակուտականը` յոյս յայտնելով ներկաներէն լսել, թէ ի՛նչ կրնան ընել Կովկասի մէջ խաղաղութեան համար, յատկապէս Հայաստանի վրայ վերջին յարձակումէն ետք:

Մենենտեզ շեշտած է, որ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ մարդիկ չեն ուզեր ապրիլ բռնութեան սպառնալիքի տակ, չեն ուզեր մենատիրական կառավարում, որ իրենց կը պարտադրուի զէնքով:

«Անոնք արժանի են խաղաղ ապրելու: Անոնք արժանի են ազատութեան եւ ապահովութեան: Իսկ ատիկա կը նշանակէ երաշխաւորել, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը չյանգեցնէ Արցախի հայ բնակչութեան ցեղային զտումներու: Ատիկա կը նշանակէ լուծել այնտեղի մարդասիրական ճգնաժամի իբրեւ արդիւնք յառաջացած կարիքները: Ատիկա կը նշանակէ պատասխանատուութեան ենթարկել անոնք, որոնք կը պատուիրեն եւ կ՛իրականացնեն այն բռնութիւնները, զորս մենք տեսած ենք շրջանին մէջ», դիտել տուած է Մենենտեզ:

 

Նախորդը

Քաղաքական Ու Սահմանադրական Բանավէճի Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Հայաստանին Օգնութեան Տրամադրումը ՀԱՊԿ-ի Երեւանի Վեհաժողովի «Կարեւորագոյն Հարցերէն Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.