Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան 132-Ամեակի Հանդիսութեան Պատանիներու Խոստման Կնքահայր Արմէն Թաշճեանին Արտասանած Խօսքը

Նոյեմբեր 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ պատանիներ,

Ահաւասիկ, ձեր խոստումէն ետք կը սկսի ձեր գաղափարական քայլարշաւը:

Անով դուք պիտի կերտէք ու ամրապնդէք ձեր պատկանելիութիւնը` ազգային մտածելակերպի, ընկերային համերաշխութեան եւ արդար դատի գաղափարականութեան:

Կասկած մի՛ ունենաք, որ այս պատկանելիութիւնը ձեր հարազատ ինքնութեան պատկանելիութիւնն է, զոր պիտի արմատաւորէք ամէ՛ն տեղ, յատկապէս` ուր քամիները կը փորձեն զգետնել մեր ծառը…

Ձեր տալիք խոստումին նկատմամբ մեծ է մեր յոյսը եւ անոր յանձնառութիւնը` յաճախ ծանր. բայց համոզուած եղէք, որ չենք կրնար պատկերացնել որեւէ պահ, երբ ամենանեղ պայմաններու մէջ կամ նո՛յնիսկ ամենաշռայլ կեղծարարութիւններու առջեւ` ինքնուրաց սայթաքումով մը դրժէք ձեր պատկանելիութիւնը:

Թաւշեայ շոյանքներով տակաւին շա՜տ պիտի ծանուցուի, թէ ձեր այս պատկանելիութիւնը աւելորդ բեռ է եւ պէտք է բեռնաթափուիլ` յանուն ազատ ու երջանիկ կեանքի:

Չխաբուիք երբե՛ք, ձեր պատկանելիութիւնը ոչ թէ բեռ, այլ` պապենական հարուստ ժառանգութիւն է, զոր շատերը կ՛ուզեն խլել ձեզմէ: Անիկա ինքնութեան հետ միասին զէնք ու զրահ է, որ կրնայ չէզոքացնել ստրկացած ազատութեան եւ մոխրագոյն երջանկութեան մէջ ապրելու բոլոր սադրանքներն ու որոգայթները:

Յարաճուն փորձ կայ մթագնելու գիտակցութիւն եւ ուղեղ, որպէսզի շնչահեղձ ըլլայ հայու Արարատ եւ հայու Շուշի ունենալու արժանաւորութեան զգացումը:

Գրոհը կը շարունակուի Արցախի պատկանելիութիւնը հայրենիքէն ու ազգէն բեռնաթափելու վերջնականապէ՛ս: Այնպէ՛ս, ինչպէս` նոյեմբեր 9-էն առաջ եւ ետք, արցախեան երեսնամեայ մաքառումն ու կերտուած յաղթանակը բեռնաթափել տուին մթագնած ուղեղի ա՛յն համոզումով, որ մասը պէտք է զոհել ամբողջին համար եւ առաւել յանդուգն, որ հայրենիքը պէտք է զոհուի հայ մարդը ապրեցնելու համար…

Բայց, հարցում. արդեօք իր զոհած հայրենիքով` ընդհանրապէս հայն ու իր ինքնութիւնը կ՛ապրի՞ն…

Ըստ ամբոխահաճութեան այս աճպարար մեծ վարպետներուն եւ ժողովրդանուէր ինքնահռչակուած`  աղմկարար փիլիսոփաներուն, այո՛…

Անոնք համոզուած են եւ կը համոզեն, որ մաս զիջելով, հայրենիքը զոհողութեան մղելով, պաշարուած հայ մարդուն առջեւ պիտի բացուին խաղաղութեան եւ բարօր կեանքի բոլոր ճանապարհները…

Առանց անդրադառնալու, որ բացուող այդ ճանապարհները նպատակ ունին վերջին մոհիկաններն ալ դուրս բերել հայոց միջնաբերդէն, երբ թշնամի վոհմակներուն ի տես` սարդարապատեան զանգերն անգամ չղօղանջեն արդէն…

Առանց անդրադառնալու, որ այդ ճամբաներով ազատութիւնն ու անկախութիւնը իրենց մայրամուտին կ՛ուղղուին, եւ հանրապետութիւնն ալ մուղամեան օրօրոցի մէջ` վիլլայէթի կերպարանքն ու բովանդակութիւնը կը ստանայ…

Մեր պատկանելիութեան յուշագրութիւնը շատոնց արձանագրած է, որ ազգն ու հայրենիքը անքակտելի ամբողջութիւն են եւ մէկուն զիջումը` զեղչումն ու զիջումն են միւսին, որովհետեւ զիրար կ՛իմաստաւորեն եւ կը պայմանաւորուին իրարմով: Հետեւաբար, զուր են բոլոր այն մտավարժանքները, որ` մէկը յանձնելով` միւսին փրկութեան կը յաւակնին:

Սադրա՛նք է նաեւ օձապտոյտ այն խօսոյթը, որ մասը` այս պարագային Արցախն ու արցախահայութիւնը զիջելով թշնամիին գերութեան մէջ, թիւր ընկալմամբ` ամբողջը, այսինքն` Հայաստանն ու հայութիւնը ազատութեան մէջ կ՛աճին…

Կոտորակուած եւ վիրաւոր ամբողջութիւնը` ամբողջութենէ դադրած սեփական մասը ուրացող եւ իր անդամահատութեամբ մահաքունի սպասարկող հիւանդն է միա՛յն:

Սիրելի՛ պատանիներ,

Շինիչ կոչուող, բայց շինծու եւ հեռակառավարուող քաոսներու մէջ, մենք կ՛ակնկալենք, որ դուք պայծառատես մնաք եւ չկորսուիք: Համոզուած ենք, որ պիտի վաստկիք արմատէն չկտրուելու եւ կենսագրութիւն ու յետագիծ չուրանալու դիմադրական ներուժ:

Դիմադրութի՛ւն` չդիմաթափուելու եւ այլոց գրոհներուն թափանցիկութիւն չպարզելու:

Դիմադրութի՛ւն` յանձնուողական յարմարողականութեամբ հանգստեան գօտիներու մէջ պատսպարուելու եւ ինքնալքուելու վարքագիծին դէմ:

Դիմադրութի՛ւն` ամայացման եւ անապատացման ֆոնին, հոգին չխեղճացնելու եւ արժանապատուութեան աճուրդով չգայթակղելու:

Դիմադրութի՛ւն` ծանր հարուածներու տակ եւ անկէ ետք երբե՛ք չծնկելու եւ այս անգամ ոչխարի մորթով յայտնուած թշնամիին էութիւնը չանգիտանալու:

Վերջապէս, դիմադրութի՛ւն` իմաստ ու պայքար չկորսնցնելու. քաջ գիտնալով, որ հայոց յաւերժութեան արեւը կը սնուի պայքարի ու խոյանքի պայծառ ակունքներէն` հայկեան աղեղէն մինչեւ հայկական յեղափոխութիւն, Սարդարապատէն մինչեւ Լեռնահայաստանի գօտեմարտ, եւ վերջապէս` Արցախեան զարթօնք ու ազատամարտ:

Դուք կոչուած էք նաեւ ձեր խոստումով սերնդափոխութիւն ապահովելու: Սերնդափոխութի՛ւն` նո՛յն պայքարին, Հայաստանի ու հայութեան ամբողջացման, ինչպէս նաեւ ուրոյն ու անկախ պետութիւն կերտելու յարատե՛ւ կռուին:

Սերնդափոխութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է մեր պայքարին թարմութիւն եւ վերանորոգ թափ հաւաքելուն: Բայց, վա՜յ այն սերնդափոխութեան, որ պայքարի սլաքները կը փոխէ եւ ազգին մէջ սեւ-սպիտակի բաժանարար գծագրութեամբ կը զբաղի:

Վա՜յ այն սերնդափոխութեան, որ սրբազան արժէքներու, հաւատքի, վաստկուած արժանապատուութեան, արեան եւ բազմահազար զոհողութիւններու գնով կերտուած յաղթանակներու հայրասպանութեամբ կը գործէ:

Մի՛ խաբուիք գունաւոր յեղափոխութեանց յատուկ` խօսքի եւ երեւոյթներու շինծու ցուցադրականութեամբ: Պատմութիւնը վկայեց եւ տակաւին պիտի վկայէ, որ անոնք փոքր ժողովուրդները խորտակելու մեքենաներն են եւ աշխարհաքաղաքական մեծ տէրերուն խաղալիքները: Ձեր պատկանելիութիւնը հոն չէ՛:

Ձեր հարազատ պատկանելիութիւնը ա՛յն յեղափոխութեանն է, որ սեփական մայրաքաղաքի մայթերուն վրայ ինքզինք չմաշեցուցած` կը բարձրանայ վե՛ր, կը լեռնանայ եւ կը վերընձիւղուի իբրեւ հայրենի լեռներու յեղափոխութիւն:

Ձեր զուլալ պատկանելիութիւնը այն յեղափոխութեանն է, որ կը մագլցի ազգի ամրութեան պատուանդաններուն եւ ազգային դատի տիրութեան նոր բարձունքներ կը նուաճէ, ջախջախելու պատմական անարդարութիւնը մինչե՛ւ վերջ:

Աներե՛ր պատկանելիութիւն եւ անխախտ հաւատարմութիւն ա՛յն յեղափոխութեան, որ իբրեւ կտակ փոխանցուած է մեր պապերէն եւ կը շարունակէ Վիտոշի բազէին, Մանուկեան Արամին, Մրրկածին Դրոյին, Իշխանացած Աբոյին, Գաղափարի անխոնջ մարտիկ` Սարգիս Զէյթլեանին, Բեկոր Աշոտին եւ Մեծ երանի Պետոյին սուրբ գործը:

Ձեր խոստումով տէրը եղէք այս ազնիւ հաւատարմութեան եւ ձեր ժողովուրդին ճակատը մի՛շտ ու մի՛շտ պիտի փայլի:

Կեցցէ՛ք դուք:

Նախորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի 132-Ամեակի Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?