Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ապաւէնը` Գաղափարին ու Հայրենիքին Ծառայող Երիտասարդութիւնն Է (132-Ամեակ) Ե.

Նոյեմբեր 18, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Դաշնակցութեան մէջ անձերու պաշտամունք չկայ եւ չի կրնար ըլլալ: Դաշնակցութիւնը շէֆեր չունի:

Ունի ծառայողներ մի միայն, հաւաքականութիւն ունի, հաւաքական կամք ունի, հետեւաբար` դաշնակցականը չի կրնար ասոր կամ անոր դաշնակցականը ըլլալ:

ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Վաստակաւոր դաշնակցական գործիչին, ղեկավարին, գրողին ու բժիշկին այս տողերը, սապէս, կը խտացնեն ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական կեանքին սիրտն ու ոգին: Աւելի՛ն. անոնք կը բանաձեւեն մեր Կանոնագիրին էութիւնը, որով կարելի է հասկնալ, առաւել ըմբռնել ու խորանալ այս եզակի կազմակերպութեան ու ազգային արժանիք ունեցող կուսակցութեան ընդհանուր տեսլականը, աշխատելու ոճն ու հետապնդած նպատակները:

Սա չի նշանակեր երբեք, որ այս կազմակերպութիւնը կատարելապաշտներու կամ սուրբերու հաւաքավայր է եղած, քաւ լիցի: Այդուհանդերձ, ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն ծառայած են այնպիսի տիտաններ, անմնացորդ նուիրեալներ, հայրենիքի ու հայութեան սիրով յափշտակուած խոնարհ հերոսներ, Արարատի պաշտամունքին լծուած հայկազուններ, որոնք իրենց կենսագրութեամբ թէ ողջ գործունէութեամբ լոյսի ու յոյսի, կամքի ու բազուկի, քաջութեան ու անձնազոհութեան ատրուշաններ են եղած մեր կեանքին մէջ` հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերուն արձանագրուած:

Փաստօրէն, հայոց յեղափոխութիւնը, 19-րդ դարու աւարտին ու 20-րդ դարու սկիզբին, իր այլազան ու բազմաբեւեռ արտայայտութիւններով ՀՅ Դաշնակցութեան դրոշմն ու կնիքը կը կրէ` այն առումով, որ երեսուն տարիներ եւ անընդմիջաբար մեր կազմակերպութիւնը, որ կամովին նետուած էր հայոց ազատագրութեան պայքարի դաշտ,  կրցաւ ինքնուրոյն գործել, շատ անգամ ինքզինք գերազանցել ու յաղթանակներ ապահովել սեփական ժողովուրդի օրագրութեան մէջ:

Այո՛, ՀՅ Դաշնակցութիւնը` շնորհիւ իր հիմնադիր երրորդութեան ցուցաբերած անպարագծելի գաղափարայնութեան, ուժեղ կամքին, իմացական բարձր կրթութեան, հաւատամքին ու տեսլականին, ինչպէս նաեւ` հիմնադիր սերունդի փաղանգին մէջ իրենց եզակի դրոշմը ամրագրած անթիւ նուիրեալներու, կրցաւ երիտասարդութիւնը ներշնչել, ոգեւորել ու անոնց ճամբայ հարթել, իրենց կարգին, նուաճելու ծառայական աշխատանքի սրբազնագոյն գագաթները:

Փաստօրէն, մեր կազմակերպութիւնը պիտի չկարենար տոկալ ու դիմանալ այն բոլոր յորձանուտերու, որոնք կրնային հարուածել եւ ընդմիշտ լռութեան մատնել զայն եթէ երբեք ստեղծած չըլլար այն գաղափարական տաճարը, հնոցը, ուր սերունդներ պիտի դաստիարակուէին ու հասակ առնէին ապահովաբար:

Այդուհանդերձ, մեր այսօ՛րն է, որ մեզ կը մտահոգէ, առաւել կ՛անհանգստացնէ, որովհետեւ ժամանակներու յարափոփոխ վիճակներու լոյսին տակ, երբ առօրեայ կեանքի բնական հունաւորումն անգամ ահաւոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի, երբ համաշխարհայնացումը իր սարսափելի աւերները կը գործէ, երբ ազատ խօսքի, մտածումի թէ այլանդակ ապրելակերպի քարոզչութիւնը կլանած է նոր սերունդի միտքն ու հոգին, ահաւասիկ դարձեալ կը գտնուինք մարտահրաւէրներու դիմակայման հրամայական պահանջին դիմաց:

Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած լրջագոյն պատուհասին դիմաց, մեր կազմակերպութիւնը պարտաւոր է ինքզինք վերանորոգել, երիտասարդացնել, ի հարկին որդեգրելով աշխատելաոճային նորարարութիւններ, որպէսզի կարենայ այս օրերուն եւս ներգրաւել, ներշնչել նորահաս սերունդի ընտրանին, որ, իր կարգին,  պիտի կարենայ ստանձնել ՀՅ Դաշնակցութեան առաջնորդութիւնը:

Խօսքը տարիքային համեմատութեան չի վերաբերիր անպայման, որքան ՀՅԴ արժէքներով լիացած, հաւատաւոր, յանդուգն ու նուիրեալներու:

Արդ, ինքնախաբէութիւնն ու պատրանքները չեն կրնար ապահովել առողջ միջավայրի ու մթնոլորտի հարթակներ, ընդհակառակը անոնք աւերներ կրնան գործել ու կը գործեն, ցաւ ի սիրտ, կազմակերպական ու հաւաքական կեանքի մէջ:

Մեր հայրենիքին վիճակուած նորագոյն ցնցումները պարզապէս խթան պէտք է ըլլան, ինչպէս գաղութային, նոյնպէս ալ կազմակերպական կեանքի վերանորոգման ու աշխատանքային ուղղութիւններու ձեւաւորման, որպէսզի իմաստաւորուին մեր փառահեղ անցեալի իրագործումները եւ յոյս ու կորով ներշնչեն մեր ներկան:

Համոզուած ենք, որ ՀՅ Դաշնակցութեան հաւատամքին ընդառաջ, նորեր պիտի գան ու համալրեն շարքերը: Էականը, սակայն, կուռ կազմակերպական կեանքի մը սնուցանումն է, գաղափարայնութեամբ եւ արժէքներով յագեցած, բայց մանաւանդ` հեռու պոռոտախօսութենէ, ինքնագոհութենէ եւ ինքնաժխտումէ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ղաժարը Եւ Առասպելը

Յաջորդը

ՀՅԴ Տօնակատարութիւն-2022

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?