Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր շեշտեց, որ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ անցեալ կիրակի օր տեղի ունեցած ցոյցը ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ, այնքան ատեն որ սուրիական վարչակարգին կողմէ անզէն քաղաքայիններուն դէմ սպանդը կը շարունակուի:
Քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շէյխ Ասիր յայտնեց, որ իրենց կազմակերպած ցոյցը Դիմադրութեան դէմ չէ ուղղուած:
Ան հաստատեց, որ ինք սալաֆական չէ` աւելցնելով, որ սալաֆական ըլլալը յանցանք գործել չէ: «Ես սալաֆականները իմ եղբայրներս կը նկատեմ», ըսաւ շէյխ Ասիր` ընդգծելով, որ ինք Քաթարէն նիւթական օժանդակութիւն չէ ստացած:


