
Արեւելեան Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին մէջ քաղաքային ղեկավարներ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդէն աւելի լայն ինքնավարութեան ծրագիր մը յայտարարեցին:
Երեք հազար պատուիրակներ Լիպիոյ նախկին թագաւորին մէկ ազգականը ընտրեցին իբրեւ Պենկազիի նոր խորհուրդի նախագահ: Յայտարարութիւնը զանոնք կ՛ուղղէ դէպի երկրին փոխանցման իշխանութեան հետ բախումի մը:
Այսպէս կոչուած Դաշնակցային միութեան մաս կը կազմէ Սիրենայիքա նահանգը, ուր կը գտնուին Լիպիոյ քարիւղի մեծագոյն պաշարները: Սակայն շրջանին մէջ բոլորը համաձայն չեն միակողմանի այս քայլին: Պենկազիի մէջ քանի մը հարիւր ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին` բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Ոչ դաշնակցային դրութեան, ո՛չ ապակեդրոնացման, այո՛ միացեալ Լիպիային»:
Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլ երէկ Լիպիոյ մասնատումը արգիլելու համար սպառնաց ուժի դիմել եւ ինքնավարութիւն յայտարարած շրջանի ներկայացուցիչները երկխօսութեան հրաւիրեց:
«Լիպիան մասնատելու պատրաստ չենք եւ կրնանք անոնց արգելք հանդիսանալ` անհրաժեշտութեան պարագային մինչեւ իսկ բռնի ուժով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինքնավարութիւն յայտարարած անհատներուն մէջ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի վարչակարգի անդամներ ներթափանցած են եւ զանոնք կը շահագործեն:


