Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Ռուսիան Եւ Հայաստանը Յաջողած Են Ամուր Հիմեր Դնել Երկարաժամկէտ Ռազմավարական Գործընկերութեան Եւ Դաշնակցութեան Համար»

Նոյեմբեր 2, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան եւ Հայաստանը վերջին տասնամեակներուն ընթացքին ամուր հիմք դրած են ռազմավարական գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համար: Այս մասին երեքշաբթի նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» քննարկման հարթակի նիստի մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն ուղղուած ուղերձին մէջ, որ ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփերքինը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Սրտանց կ՛ողջունեմ Երեւանի մէջ կազմակերպիչներն ու մասնակիցները «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» համախմբումին, որ հեղինակաւոր հարթակ է շրջանային եւ միջազգային օրակարգի ամէնէն հրատապ հարցերուն շուրջ փորձագիտական քննարկումներու համար: Այս նիստը Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ այն տարուան մէջ, երբ մենք կը նշենք մեր եղբայրական երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը: Անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին, յենելով ամուր բարեկամական կապերու եւ փոխադարձ համակրանքի վրայ, մենք յաջողած ենք ամուր հիմեր դնել երկարաժամկէտ ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցութեան համար», ըսած է Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ընդգծած է միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ հրաւիրուած փորձագէտներու ծանրակշիռ կազմը եւ աւելցուցած, որ անոնք պէտք է քննարկեն հարցերու լայն շրջանակ` ռուս-հայկական յարաբերութիւններու հեռանկարային վիճակէն մինչեւ Կովկասի մէջ շրջանային համագործակցութեան խթանման ուղին:

«Համոզուած եմ, որ քննարկումներու արդիւնքները կարելիութիւն պիտի ընձեռեն մշակելու օգտակար եւ գործնական առաջարկներ եւ պիտի նպաստեն մեր ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան ու փոխըմբռնման ամրապնդման», ըսած է Լաւրով:

 

Նախորդը

Նախագահական Պալատին Մէջ Լիբանանեան Դրօշը Վար Առնուեցաւ, Իսկ Դահլիճները Փակուեցան. Նախագահական Ընտրութեան Նախանշան Անգամ Չկայ

Յաջորդը

Լաւրովն Ու Չաւուշօղլուն Քննարկած Են «3+3» Հարթակի Ծիրին Մէջ Հանդիպումի Նախապատրաստումը

RelatedPosts

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ.  «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր,  Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»
Հայկական

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ. «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր, Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?