Պէտք է սպասել հանդիպումին: Այս մասին ըսած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու լիազօրութեան երկարաձգման վերաբերեալ փաստաթուղթի Սոչիի մէջ ստորագրման կարելիութիւնը:
Այսօր Սոչիի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:
Փաշինեան շաբաթ օր յայտարարած էր, որ պատրաստ է Սոչիի մէջ ստորագրելու փաստաթուղթ մը, որ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը 10-20 տարիով կ՛երկարաձգէ:


