Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որով միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` «ճնշում գործադրելու Հայաստանի վրայ եւ պահանջելու, որ Հայաստան կատարէ եռակողմ յայտարարութեան կէտերը»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Պաքուն կը պահանջէ, որ Հայաստան «դադրեցնէ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած գործողութիւնները, հեռացնէ ապօրինի զօրամիաւորումները Ազրպէյճանի տարածքէն, դադրեցնէ Ազրպէյճանի մէջ ականներու անխտիր տեղադրումը եւ Ազրպէյճանին յանձնէ ականապատուած դաշտերու ճշգրիտ քարտէսները»:
Ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, «Հայաստանի կողմէ նման քայլը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, թէ ազրպէյճանական կողմը պաշտօնապէս ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանին տեղեկացուցած է, որ «Հայաստան կը շարունակէ ականներ տեղադրել Ազրպէյճանի տարածքին մէջ, ինչ որ ժամանակաւոր քայլերու կիրարկման մասին ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի 7 դեկտեմբեր 2021-ի որոշման խախտում է»:
Պաքուն կը պնդէ. «Ազրպէյճանական տարածքներու գրաւման ժամանակաշրջանին մէջ Հայաստանը մօտ մէկ միլիոն ականներ տեղադրած է Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ»:
Ըստ Պաքուի, այդ տարածքներու ականազերծման համար պիտի պահանջուի շուրջ 30 տարի եւ 25 միլիառ տոլար:


