Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիուապօ երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերին յայտարարած է կազմակերպութեան երեք նոր ներկայացուցիչներու անունները, որոնց շարքին Լեւոն Ամիրջանեան (Հայաստան) նշանակուած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ:
Կազմակերպութիւնը աշխարհագրական տարբեր տարածքներու մէջ ունի 9 ներկայացուցչութիւններ: Միջին Արեւելքի ներկայացուցչութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Պէյրութի մէջ:


