Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը Դրական Կ՛ընթանայ, Երկիրներու Ներկայացուցիչները Պիտի Հանդիպին Թուրքիոյ Մէջ» Կը Գրէ «Սապահ»

October 26, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը, յղում կատարելով աղբիւրի մը, կը հաղորդէ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը դրական կ՛ընթանայ, իսկ սահմանի բացման համար անհրաժեշտ է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը:

«Եթէ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի, անիկա պիտի ազդէ ամբողջ շրջանին վրայ: Մինչ սահմանի փակուիլը` 1993 թուականին այնտեղէն 40 հազար թոն ապրանք եւ 140 հազար մարդ կ՛անցնէր, իսկ այսօր սահմանը բանալու պարագային այդ թիւը պիտի տասնապատկուի:

«Կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչներ Սերտար Քըլըչն ու Ռուբէն Ռուբինեանը շուտով պիտի հանդիպին: Կ՛ակնկալուի, որ հանդիպումը տեղի ունենայ Թուրքիոյ մէջ», ըսած է աղբիւրը:

Աղբիւրը նշած է, որ երբ սահմանը բանալու որոշումը տրուի, մէկ ամսուան ընթացքին Աքիաքայի սահմանային անցակէտը պիտի կարենայ աշխատիլ:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին հերքեց «Սապահ»-ի տեղեկութիւնը եւ ըսաւ. «Չկայ այդպիսի բան: Տակաւին հանդիպումին եւ ատոր վայրին շուրջ համաձայնութիւն չկայ»:

Նախորդը

Փրայս. «Շահագրգռուած Ենք Տեսնելու Կայուն Կովկասեան Շրջան, Ուր Կ՛աշխատինք Թէ՛ Հայաստանի, Թէ՛ Ազրպէյճանի Հետ»

Յաջորդը

Խմբագրական. Բացառելու Եւ Համաձայնելու Կանոնները

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.