Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու քննադատած է ԵԱՀԿ-ը` Հայաստան «կարիքները գնահատող առաքելութիւն» ուղարկելու որոշում տալուն համար:
Ան երէկ Մերսին նահանգին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ նշած է, որ ԵԱՀԿ-ը ինքզինք «անլուծելի խնդիրներու կեդրոն» հռչակած է, իսկ Հայաստանի վերաբերեալ վերջին որոշումը կը հակասէ ինքնին կազմակերպութեան պահանջներուն ու լիազօրութեան:
«Սեփական դիրքորոշումը պարտադրելու փորձը եւ սթաթիւս քոյի ձեւաւորումը անընդունելի է: Իսկ այսօր առաքելութիւն կամ դէտեր ուղարկելով կը փորձեն անտեսել Ազրպէյճանի դիրքորոշումը: Հայաստանին աջակցելու ցանկութիւն կայ», ընդգծած է Չաւուշօղլու:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեան որեւէ դրական զարգացում դրական կ՛ազդէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի բանակցութիւններուն վրայ: «Ի վերջոյ, ամէնէն շատը պիտի շահի ինքնին Եւրոպան», աւելցուցած է Չաւուշօղլու:


