Պաքուն ԵԱՀԿ-ն կը մեղադրէ «Ազրպէյճանի հետ չհամագործակցելու» յանցանքով եւ կը սպառնայ չքննարկել կառոյցի յաջորդ տարուան պիւտճէի նախագիծը»:
«Փոխանակ խաղաղութեան հաստատման հասնին, ներդրում ունին շրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման հարցին մէջ, կը հրաժարին համագործակցիլ Ազրպէյճանի հետ եւ նախապատուութիւն կու տան «կարիքներու գնահատման» միակողմանի այդ առաքելութեան` արդէն նախապէս որոշուած նպատակներով ու արդիւնքներով: Ատիկա հակառակ արդիւնքը պիտի տայ», կը նշուի ԵԱՀԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցչութեան անունով ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդին մէջ կազմակերպութեան 2023 թուականի պիւտճէի քննարկման ժամանակ տարածուած յայտարարութեան մէջ:
«ԵԱՀԿ-ը կը հանդիսանայ 57 պետութիւն-մասնակիցներու ընդհանուր համախմբումը: Մենք դէմ պիտի ըլլանք ԵԱՀԿ-ի փաստաթուղթերու եւ որոշումներու կոպտագոյն խախտումներուն ու անտեսման եւ դէմ պիտի ըլլանք համագործակցութեան ոգին խաթարելու որեւէ փորձի», յայտարարած է միջազգային կառոյցին մէջ ազրպէյճանական ներկայացուցչութիւնը` սպառնալով չքննարկել ԵԱՀԿ-ի յաջորդ տարուան պիւտճէի նախագիծը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս հինգշաբթի օր արձագանգելով ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան` Հայաստան կատարելիք այցելութեան, յայտարարած է, թէ այդ որոշումը ԵԱՀԿ-ի որեւէ կառոյց չէ քննարկած: «Հայաստանի կարիքները գնահատող ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւն» կոչուող որեւէ խումբ չունի ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւն, որեւէ ձեւով չի կրնար կապ ունենալ ԵԱՀԿ-ի հետ, եւ անոր ոչ մէկ արդիւնք կամ զեկուցում պիտի ընդունի իբրեւ ԵԱՀԿ-ի փաստաթուղթ», յայտարարած է Ազրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը:


