Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անիքան Որսագողերուն Դէմ

Հոկտեմբեր 22, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

4 տարիներ առաջ 13 տարեկան Անիքա Փուրի իր ընտանիքին հետ կ՛այցելէր Հնդկաստան` արձակուրդներուն ընթացքին: Տումպայի շուկային մէջ փղոսկրէ արձանիկներով եւ գոհարեղէններով լեցուն կրպակներուն ցուցափեղկերը կը ցնցեն զինք: Այս նիւթը փիղերուն ժանիքներէն կու գայ: Անոր վաճառքը արգիլուած է տարիներէ ի վեր: Սակայն որսագողերը չեն անհետացած եւ փիղերը տակաւին մեծ վտանգի մէջ կը գտնուին:

Միացեալ Նահանգներ վերադարձին Անիքա փնտռտուքներ կը կատարէ: Վիտէօներ ուսումնասիրելով` ան կը նկատէ, որ փիղերը ու մարդիկ տեղափոխուելու շատ տարբեր ձեւեր ունին: Ան կ՛անդրադառնայ, որ կարելի է օգտագործել այս շարժելու տարբեր միջոցը` որսագողերուն ներկայութիւնը յայտնաբերելու կարելիութիւնները բազմապատկելու համար:

* * *

Գիտնականի մը օգնութեամբ, ան կը ստեղծէ որսագողերը յայտնաբերելու յատուկ համակարգչային ծրագիր մը:

Այս դրութիւնը սուղ չէ, եւ չորս անգամ աւելի ազդու, քան` ներկայիս փիղերու որսին դէմ պայքարին մէջ գործածուող տրոնները: Անիկա կը յուսայ, որ իր այս առաջարկած միջոցը մօտ ատենէն Ափրիկէի մէջ պիտի ծառայէ պաշտպանելու ո՛չ միայն փիղերը, այլ նաեւ` անասուններու ուրիշ տեսակներ, որոնք որսագողերու զոհ կը դառնան:

Ափրիկէի Մասին

  • Ափրիկէի բնակչութիւն` 1,3 միլիառ (2019)
  • Երկիրներու թիւ` 54
  • Բնութիւն` անապատ, անձրեւային անտառներ, տափաստան:
  • Գլխաւոր քաղաքներ` Գահիրէ (Եգիպտոս), Լակոս (Նիկերիա), Քենչասա (Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութիւն), Ճոհանեսպըրկ (Հարաւային Ափրիկէ):
  • Ափրիկէն երկրորդ ամէնէն մեծ ցամաքամասն է եւ երկրորդ ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցողը:
  • Ափրիկէի ամէնէն բարձր գագաթը Թանզանիոյ մէջ գտնուող Քիլիմանճարօ լեռն է, անոր բարձրութիւնը կը հասնի 5895 մեթրի: Իսկ ամէնէն ցած մակարդակը Ճիպութիի մէջ ծովու մակերեսէն 153 մեթր ցած գտնուող Ասալ լիճն է:
  • Ափրիկէի ամէնէն ընդարձակ երկիրը Սուտանն է, իսկ ամէնէն փոքրը` Սէյշել կղզիները: Ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող երկիրը Նիկերիան է, իսկ ամէնէն մեծ քաղաքը Գահիրէ, Եգիպտոս:
  • Ափրիկէի ամէնէն ընդարձակ լիճը Վիքթորիա լիճն է, իսկ ամէնէն երկար գետը Նեղոսն է, որ նաեւ աշխարհի երկրորդ ամէնէն երկար գետն է:
  • Ափրիկէ ունի հարուստ բնակչութեամբ վայրի բնութիւն մը: Հոն կարելի է գտնել` փիղեր, թեւատներ (փենկուէն), առիւծներ, ընձառիւծներ, ծովարջեր ընձուղտներ, կորելլաներ, կոկորդիլոսներ եւ գետաձիեր:
  • Ցամաքամասի տարածքին կը խօսուին աւելի քան հազար լեզուներ:

Հետաքրքրական

 Ափրիկեան Կերպասները

Գիտէի՞ր, թէ ափրիկեան ընդարձակ ցամաքամասին վրայ տարածուած տարբեր շրջանները ունին իրենց յատուկ կերպաս պատրաստելու եւ զարդարելու ձեւը:

Օրինակի համար, Մալիի մէջ կ՛արտադրուի պոկոլանֆինի կամ ցեխով ներկուած կերպասը:

Մինչ ատիրա (եորուպէ) կերպասը ինտիկօ կապոյտով ներկուած կերպաս մըն է, որ կը պատրաստուի Նիկերիոյ հիւսիս¬արեւմուտքը:

Իսկ քենթէ կերպասը ծնած է աւելի քան 375 տարիներ առաջ, ներկայ Կանայի շրջանին մէջ: Ափրիկեան աքան կամ աշանթի լեզուով «քենթէ» կը նշանակէ «կողով»: Ըստ առասպելին, երկու եղբայրներ` Քուրուկու եւ Ամէյաու որսորդութեան ընթացքին հանդիպած են սարդի մը, որ իր ոստայնը կը հիւսէր: Անոնք շշմած մնացին ոստայնին գեղեցկութեան առջեւ եւ ուզեցին նման բան մը շինել: Այս ձեւով անոնք շինեցին ռաֆիայի ճիւղերու թելերով առաջին ճերմակ եւ սեւ կերպասը:

* * *

Վերջապէս, դարձեալ Կանայի մէջ, գոյութիւն ունի տարբեր տեսակի կերպաս մը` տինքրան, որ կը պատրաստուի տեսակ մը մեծ դդումի չորցուած կտորներու վրայ փորագրուած գծագրութեան դրոշմներով:

Ըստ առասպելին, Ատինքրա եկած է կեռման ցեղախումբի թագաւոր Անտենքրայի անունէն: Ան բռնուեցաւ աղանդի ցեղախումբին կողմէ, 1800-ական թուականներուն: Այս վերջինները այնքան սիրեցին անոր կերպասները, որ ընդօրինակեցին: Եւ այս ձեւով աղանդները մինչեւ այսօր տակաւին կ՛արտադրեն այս տեսակի կերպասը:

Իսկ գիտէի՞ր, թէ տպուած այդ ձեւերէն իւրաքանչիւրը ունի իմաստ մը: Մարդիկ կ՛ընտրեն իրենց զգացած վիճակը ներկայացնող խորհրդանիշները կրող կերպասը:

* * *

Ձեռային Աշխատանք

Դուն ալ կրնաս, ըստ զգացական վիճակիդ, պատրաստել քու կերպասդ: Ասոր համար պէտք պիտի ունենաս պարզ ճերմակ կերպասի կտորի մը, սեւ ներկ (նախընտրաբար` կերպասի յատուկ), տարբեր գործիքներ եւ առարկաներ` խորհրդանիշներդ ստեղծելու համար, խաւաքարտի կտոր, մետաղէ թել, խաւաքարտէ ռուլօ, պատառաքաղ:

1. Առատութիւն  2. Իմաստութիւն   3. Բարեկամութիւն  4. Հաշտութիւն

Ահա քանի մը օրինակներ` տարբեր ձեւեր ստեղծելու համար: Կրնաս նաեւ ստեղծել քու անձնական խորհրդանիշներդ: Մի՛ մոռնար վերջաւորութեան կերպասները կախելու, որպէսզի անոնք չորնան:

Այս գաղափարը կրնաս օգտագործել նաեւ շուրջիններուդ, բարեկամներուդ, իւրաքանչիւրին համար ստեղծելու յատուկ կերպաս մը` նուիրելու անոր տարեդարձին կամ Նոր տարուան առիթով:

Բարի՛ զուարճանք:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս տախտակին մէջ պահուած  վարի ցանկին թիւերը գտնել:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (21 Հոկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Ի Յուշ. Արեւմտահայ Ժողովրդական Երաժշտական Մշակոյթի Բանահաւաք Պետրոս Ալահայտոյեան (1934-2022)

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?