Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

October 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա յայտնեց, որ շնորհաւորած է վարչապետը` ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան առիթով:

«Մենք միշտ կը քաջալերենք կառավարութեան կազմութիւնը եւ բարձր կը գնահատենք այս իմաստով Միքաթիի ի գործ դրած ճիգերը», շեշտեց Վրոնեցքա` աւելցնելով, որ վարչապետին հետ քննարկած են նաեւ բարեկարգումի օրէնքներուն վերաբերող շարք մը հարցեր, յատկապէս դրամատնային գաղտնիութեան վերացման օրէնքին մասին խորհրդարանին աշխատանքն ու այլ բարեկարգումներ, համաձայն` Միջազգային դրամական ֆոնտի պահանջներուն:

Վրոնեցքա հաստատեց, որ Լիբանանի շահերը ապահովելու իմաստով պէտք է լաւատես ըլլալ:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մաքոլմ եւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ:

Վարչապետն ու Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը
Կ՛ընդգծեն Թաէֆի Համաձայնագիրին Հեղինակութիւնը

Վարչապետը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն յայտնեց, թէ ինք Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր ղեկավարութեան իմաստութեան, ինչպէս նաեւ անոր հիմնական դերակատարութեան կը վստահի համաշխարհային տնտեսական դրութեան կայունութիւնը` այս զգայուն ժամանակաշրջանին ընթացքին:

Միքաթի յայտնեց, որ համաշխարհային տնտեսութեան կայունութեան հարցը, որ ուղղակիօրէն կապուած է նաւթի շուկաներուն հետ, երկխօսութեամբ եւ գործընկերութեամբ կը լուծուի` ծառայելով շրջանային եւ միջազգային բարգաւաճման:

Հանդիպումին ընթացքին վերահաստատուեցան լիբանանեան-սէուտական եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք պատմական են եւ փոխադարձ սիրոյ վրայ հիմնուած:

Ան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա միշտ օժանդակած է Լիբանանին, որպէսզի ան իրեն սպառնացող մարտահրաւէրները դիմագրաւէ:

Վարչապետ Միքաթի եւ Պուխարի ընդգծեցին Թաէֆի համաձայնագիրին հեղինակութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը Թաէֆի համաձայնագիրով կարելի եղած է ճշդել եւ անիկա է, որ իր հոգատարութեան տակ առած է լիբանանեան իրականութիւնն ու լիբանանեան հիւսուածքի տարբեր բաղկացուցիչներուն միջեւ մտերմիկ յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Շարունակեց Քննարկել Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

Յաջորդը

Խորհրդարանը Այսօր Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պիտի Փորձէ Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահը

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Աուն-Մաքրոն Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.