Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներուն:
Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ նիստին մէկ բաժինին մասնակցած է Հալապի, իսկ միւս մասը յատկացուած եղած է ապահովական կառոյցներու հետ հանդիպումի մը` քննարկելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Ալամէ յայտնեց, որ ասիկա յանձնախումբի 5-րդ նիստն է, որ կը յատկացուի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի զգայուն հարցը քննարկելու, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կայ համախոհութիւն` տեղահանուածներուն ծանր բեռը չկարենալ հանդուրժելու իմաստով:
Ալամէ յայտնեց, որ, անպաշտօն տեղեկագիրներուն համաձայն, սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը հասած է 2 միլիոն 950 հազարի` աւելցնելով, որ այս թղթածրարը պէտք է լաւապէս քննարկուի:
Ալամէ նկատել տուաւ, որ տեղահանուածներու տունդարձին համար յստակ ուղեգիծ մը մշակուած է, եւ այդ իմաստով արտաքին գործերու յանձնախումբին հետ հանդիպումներ կատարուած են: «Այս նպատակով մենք հանդիպում մը ունեցանք նաեւ ապահովական կառոյցներուն հետ, որպէսզի կարենանք այս մասին ամբողջական թղթածրար մը պատրաստել: Ապահովական կառոյցներէն ստացած մեր տեղեկութիւնները բաւարար են, որպէսզի կարենանք յստակ թղթածրար մը ունենալ` թիւերով եւ տեղեկութիւններով», ըսաւ ան:
Ալամէ հաստատեց, որ լիբանանցիներուն մօտեցումը` տեղահանուածներու տունդարձին գծով, կը տարբերի միջազգային ընտանիքին տեսակէտէն:
Ալամէ շեշտեց, որ նիստին ընթացքին երեսփոխանները փափաք յայտնած են, որ Լիբանանի կառավարութիւնը Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցի այս առումով: «Նախապէս նախարար մը նշանակուեցաւ այս հարցով եւ նոյն նախարարը մեզի հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն ու այդ իմաստով փոխանցած դիտողութիւնները: Այս թղթածրարը զուտ քաղաքական է, եւ կայ անհրաժեշտութիւն, որ Լիբանանի կառավարութիւնը նախաձեռնող ըլլայ` արագ լուծում ապահովել կարենալու այս թղթածրարին», հաստատեց Ալամէ:
Ալամէ նշեց նաեւ, որ կրթական առումով յանձնախումբը լուսաբանական հարցումներ ուղղած է Հալապիի` սուրիացի աշակերտներուն մասին, եւ թելադրած, որ սուրիացի աշակերտներուն վերաբերող կրթական բոլոր որոշումները կրթութեան նախարարութեան կողմէ տրուին, անկախ այն միջազգային կազմակերպութիւններէն, որոնք անոնց օժանդակութիւն կը տրամադրեն:


