Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայիսին Ալիեւին Յստակ Հասկցուցած Է` Պատմական Սահմաններու Եւ Իրան-Հայաստան Տարանցիկ Երթուղիներու Որեւէ Փոփոխութիւն Պիտի Արժանանայ Իրանի Վճռական Պատասխանին

October 14, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Իրանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի հանդիպումը: Անոնք Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցին Ասիոյ մէջ համագործակցութեան եւ վստահութեան քայլերու 6-րդ վեհաժողովին: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Միրան Փրես» օրաթերթին հաղորդումով Իրանի նախագահի աշխատակազմի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ճամշիտի յայտնած է. «Նախագահ Ռայիսին Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւին յստակ հասկցուցած է` պատմական սահմաններու, շրջանային աշխարհաքաղաքականութեան եւ Իրան-Հայաստան տարանցիկ երթուղիներու որեւէ փոփոխութիւն պիտի արժանանայ Իրանի վճռական պատասխանին», ըսած է ան:

«Թեհրան նաեւ դէմ է շրջանին մէջ որեւէ եւրոպական զինուորական ներկայութեան», աւելցուցած է Ճամշիտի:

Իրան Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Մօտ
Մեծ Ռազմափորձ Պիտի Կատարէ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօր. Մոհամետ Փաքփուր յայտարարած է յառաջիկայ օրերուն երկրին հիւսիսը զօրքերու մեծ ռազմափորձերու մասին: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհրնիուզ» կայքը:

«Յառաջիկայ օրերուն Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու «Էկթետար/Ուժ» զանգուածային ռազմափորձերը պիտի կատարուին երկրի հիւսիսային սահմաններուն վրայ` Արազի շրջանին մէջ Յեղափոխական պահակագունդի շրջանային «Աշուրա» ռազմակայանին մէջ», յայտնած է Մոհամետ Փաքփուր:

Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու հրամանատարը յայտարարած է, որ մեծ ռազմափորձերու կատարումը համահունչ է առաքելութեան իրականացման տարեկան ծրագիրին, որուն նպատակն է բարձրացնել Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու մարտական պատրաստուածութիւնը:

 

Նախորդը

«Իրան Վճռական Է Խորացնելու Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Եւ Դէմ Է Շրջանին Մէջ Միջազգային Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութեան» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Յաջորդը

ՄԱԿ-ը Ռուսիան Դատապարտող Բանաձեւ Որդեգրած Է. Հայաստան Ձեռնպահ Քուէարկած Է

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.