Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Փրակայի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ ո՛ր պարագային պիտի կարգաւորուին հայ-թրքական յարաբերութիւնները, եւ սահմանը պիտի բացուի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը:
«Մենք միայն կ՛ըսենք` Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան առնչուող համաձայնագիրը ստորագրեցէ՛ք, ճիշդ այդ պահէն մեզի առնչուած որեւէ խոչընդոտ պիտի չըլլայ, սահմանները պիտի բացուին», ըսած է Էրտողան: