Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջնադարեան Հայ Կեանքի Թարգմանչաց Շարժումը

Հոկտեմբեր 8, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Հայաշխարհը ամէն տարի, հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն կը նշէ  Թարգմանչաց տօնը` հաւատարիմ մնալով հայ գիրին, լեզուին ու հաւատքին եւ կը վերանորոգէ իր ուխտը: Թարգմանչաց շարժումը հայ կեանքի անկիւնադարձային իրադարձութիւններէն մին է:

Թարգմանչաց տօնին հայ ժողովուրդը կ՛արտայայտէ հայ գիրի գիւտարար  եւ մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի եւ Թարգմանչաց վարդապետներուն  նկատմամբ ունեցած իր երախտագիտական  զգացումները եւ կը յիշէ անոնց անմոռանալի վաստակն ու խնկելի յիշատակը` «Թարգմանչաց տօն եւ մշակոյթի օրեր» անուան  տակ:

Թարգմանչաց շարժումը  տարածուած է հայ գիրի գիւտէն անմիջապէս ետք` 405 թուականին, նպատակ ունենալով` երկիրը յունական ազդեցութենէն ազատել, հայկական դպրոցներ հիմնել, քրիստոնէական կարեւոր գիրքերը հայերէնի թարգմանել, եկեղեցական ծէսերը հայկականացնել, ինքնուրոյն հայալեզու դպրութիւն մը սկզբնաւորել:

Թարգմանչաց շարժումը նաեւ պետական շահեր ունէր, կը հետապնդէր հայոց գիրերու գիւտով թուլացած Արշակունեաց գահի պաշտօնական գրութիւններու լեզուն յունարէնէն եւ ասորերէն հայերէնի վերածել: Իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը հայալեզու եկեղեցւոյ միջոցով պէտք էր նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու ժողովուրդի ինքնութեան պաշտպանումին:

5-րդ դարուն  սկսող  հայ  մշակոյթի  «Ոսկեդարեան շրջանը» դարձաւ հիմնաքար`  թարգմանական ինքնուրոյն  հայ գրականութեան, աստուածաբանական, դաւանաբանական, իմաստասիրական, գիտութեան, արուեստին եւ գեղարուեստին  ու հայ ընկերային կեանքի ստեղծման եւ զարգացման:

Հայ թարգմանչական շարժումի նուաճումներէն մին ալ հիմնումն է «Մաշտոցեան դպրոցներ»-ու, որոնք դարձան գրականութեան, քաղաքակրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի հետագայ զարգացման, հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման հիմնական  կեդրոններ:

Ս. Գիրքի թարգմանութիւնը կարեւոր դեր խաղացած է հայ իմացական կեանքին մէջ:  Հայոց մատենագրութիւնը սկսած է անոր  հայերէնի թարգմանութեամբ: Անով է, որ քրիստոնէական ոգին իր աւետարանական ու փիլիսոփայական ողջ տարողութեամբ կը թափանցէ հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ եւ որպէս դասագիրք այբբենարան` կը ձգուի դէպի միւս ազգերու քաղաքակրթութիւնը:

Իր պատմութիւններով, երգերով ու քրիստոնէական աւանդութիւններով Աստուածաշունչը կը ստեղծէ ամուր մտայնութիւն`  անցեալի, ներկայի ու ապագայ կեանքի մասին եւ միաժամանակ յոյս կը  ներշնչէ հայութեան` տոկալու ու յարատեւելու:

Հայերէն եկեղեցական լեզուն, որ թարգմանութիւններու միջոցով մշակուելով ու յղկուելով` կը դառնայ գրական լեզու, կը կոչուի ԳՐԱԲԱՐ: Գրաբարը դարերու ընթացքին կ՛ունենայ իր զարգացումը, կը կրէ փոփոխութիւններ, բայց հիմնականին մէջ կը պահպանէ լեզուական այն կառոյցը, որով գրած են հայ առաջին թարգմանիչները:

Վարդանանց պատերազմի աւարտէն  տարիներ ետք հայ գրականութիւնը ապրեցաւ «անկում» մը, սակայն  Անանիա Շիրակացիի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի եւ այլ հայ գրական մշակներու ջանքերուն շնորհիւ հայ կեանքին մէջ սկսաւ «Արծաթեայ շրջան» մը, որ տեւեց մինչեւ 15-րդ  դար: Մինչեւ 15-րդ դարու սկիզբները հայ թարգմանութեան լեզուն գրաբարն էր, «Արծաթի դար»-ի վերջաւորութեան, գրաբարէն  հեռանալով,  աշխարհաբար հայերէնի հակում մը սկսաւ, եւ հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը թեւակոխեցին «Զարթօնքի  շրջան», որուն ընթացքին  իրենց շնորհալի ծառայութիւնները բերին Մխիթարեան հայրեր, Մխիթար աբբահայր Սեբաստացի, Ղեւոնդ Ալիշան եւ ուրիշներ: Հայ գրականութիւնը այսպիսով, իր գիրքերու ու բառերու հարստութեան առընթեր, ունեցաւ լեզուի ա՛լ աւելի ճոխ ու նուրբ հարստութիւնը:

Հայ գիրերու գիւտով եւ մշակոյթի զարգացման  զուգընթաց, հայ կեանքին մէջ զարգացան եւ ժամանակի մտածողութեան մէջ իմաստաւորուեցան բնութեան, մարդու եւ գիտութեան վերաբերեալ գիտելիքները: Ուսողութեան, երկրաչափութեան, աստղաբանութեան, բժշկութեան, գեղարուեստութեան եւ գիտութեան այլ ոլորտներու մասին պատկերացումները, որոնք օրուան ժամանակակից մտածողութեան մէջ ձեւաւորուեցան, զարգացան հայ թարգմանչաց շարժման շնորհիւ: Այս շրջանին հայ  ժողովուրդը իր ծոցէն հանեց բազմաթիւ աշխարհահռչակ  գիտնականներ, մտաւորականներ, մշակոյթի  գործիչներ   ու  գրական  մշակներ:

 

 

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօն

Յաջորդը

Հայ Մշակոյթի ու Դպրութեան Նուիրուած Տօն Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն Մերոց

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?